Կրօնքը ինքնին ամբողջովին անհատական երեւոյթ մըն է եւ համաշխարհային գետնի վրայ ընդունուած սկզբունքով Տիրոջ ու անհատի յարաբերութիւնով սահմանուած է։ Մարդկային պատմութեան մէջ եղած են շրջաններ, ուր հոգեւորականները փորձած են միջնորդել այդ անհատական դաշտին եւ իբրեւ թէ հաղորդակիցը դառնալ հաւատացեալի ու Աստուծոյ միջեւ։ Այսօր ծիծաղով կը յիշենք երբեմնի այն Հռոմի պապերը, որոնք հնչիւն փողի փոխարէն դրախտի բանալի կը ծախէին հաւատացեալին։ Այս անգամ ալ եկենք յիշենք տնտեսագիտութեան կանոնը, որ պիտի ըսէր թէ եթէ գնորդը կայ կը վաճառուի ամէն բան։
Ի վերջոյ համաշխարհային մարդկութիւնը քրիստոնեայ աշխարհի մէջ յաջողեցաւ կրօնքը իր սահմաններուն մէջ պահելու։ Այդ այդպէս ըլլալով հանդերձ կրօնաւորը երբեք չէ դադրած մարդկանց Աստուծոյ հետ կապին մէջ մտնելէ։ Եթէ որոշ կանոններով ապահովուած եկեղեցին թոյլ պիտի չտայ այդ տեսակի ներթափանցման ապա չարամիտները պիտի հնարեն աղանդներ, որոնք դիւրաւ պիտի կրնան շեղել մինչ այդ հաստատուած կարգ ու կանոնը։ Մենք այդ աղանդներու սանձարձակ ազատութիւնը փորձեցինք Հայստանի անկախացման առաջին տարիներուն։ Այդ տարիներուն աղանդաւորներ շահագործելով ժողովուրդի մինչայդ ճնշուած ու զսպուած հաւատքի կարիքը ընդլայնեցին իրենց ազդեցութեան գօտին Հայաստանի հասարակութեան մէջ։ Բարեբախտաբար Մայր Աթոռը շուտով սթափեցաւ եւ դիմեց այդ ազդեցութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու միջոցներուն։
Իսկ Թուրքիա յատկապէս Նախագահ Էրտողանի իշխանութեան օրով ամբողջովին անձնատուր եղաւ աղանդներուն, որոնք լաւագոյնս օգտագործեցին պետութեան ընդձեռած զանազան առիթները։ Այսպէսով մանաւանդ կրթական համակարգէ ներս կազմակերպուած աղանդները սկսան իրենց յերիւրածոյ համոզումներով թունաւորել հասարակութիւնը եւ մանաւանդ գործիչներ ձեռքբերել, որոնք բացարձակ հնազանդութեան կանոններով ենթակայ են աղանդապետներու ամէն տեսակի տրամաբանութենէ զուրկ հրահանգներուն։
Նախորդ օր Էլազիզ քաղաքի մէջ պատահած ինքնասպանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ դիտենք աղանդներու գործունէութիւնը եւ մանաւանդ անոնց կեանքեր խլող քարոզչութիւնը։ Ինքնասպան եղողը բժշկական համալսարանի ուսանող մըն էր, որ նախքան աղէտի պատահիլ նկարահանած էր վիտէօ ժապաւէն մը, որ կը պատմէր զինք այդ արարքին տանող պայմանները։ Այդ խոստովանութիւնով պարզ կը դառնար թէ երիտասարդ ուսանողը իր կամքէն անկախ կերպով կը բնակի աղանդաւորներու հանրակացարանը։ Կը բնութագրէ այդ տեղի պաշտամունքի ամենօրեայ ծանր պայմանները։ Կը յայտնէ նաեւ յուսալքութիւնը ապագայի նկատմամբ։ Այստեղ ցաւալին այն է, որ երիտասարդ ուսանողը ապաստան մը չէ կրցած գտնալ, քանի որ յատկապէս իր հօր թելադրանքներով ստիպուած եղած է աղանդաւորներու հանրակացարանին։
Անձնասպանութեան այս դէպքը կրկին անգամ օրակարգի բերաւ երկրի անտանելի հոգերէն մէկը, որն է աղանդներու ապահոված ազատութիւնը։
Նոյնպէս այս դէպքը մտածել կու տայ թէ մարդիկ որ աստիճանի ցնորած պէտք է ըլլան, որպէսզի այսքան դիւրաւ հրաժարին նաեւ իրենց հարազատ զաւկէն։ Արդարեւ մահացող երիտասարդի հայրը դոյզն իսկ զղջում չզգար իր որոշումներէն եւ կը շարունակէ պնդել թէ ինք իր զաւկին բարիք գործել ջանացած է։
Անշուշտ այս լսելով մենք կը յիշենք նաեւ աղանդական շարժումներու պատճառած այլ փորձանքներ, ուր Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմահարիւր աղանդաւորներ առանձնատան մը մէջ հաւաքուելով միասնաբար ինքնասպան եղած էին։
Ցանկացողը կը հաւատայ Աստուծոյ։ Ինչպէս ըսինք վերեւ, բոլորովին անհատական որոշում է։ Բայց խնդրեմ մի՛ մոռնաք թէ Աստուած մարդուն խելքով ու իմաստութեամբ օժտած է։
pakrates@yahoo.com