Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէն հրապարակեց 100 անձերու հաշուով նկատի առնուած ցուցանիշերը։
Տուեալները հաւաքագրուեցան տնային տնտեսութիւններու մէջ կատարուած հետազօտութիւններու հիման վրայ։
Վերջին վիճակագրութեան համաձայն Երեւանցիներ կը կազմեն երկրի բնակչութեան 37 տոկոսը։ Մնացեալ 63 տոկոսը մարզերու բնակիչներ են։ Սակայն չէ նշուած քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան համեմատականութիւնը։ Այս հարցադրումի պատասխանը կը ներկայանայ աւելի կանուխ՝ 2017-ին կատարուած վիճակագրութենէ, որու համաձայն հանրապետութեան բնակիչներու 63,3-ը քաղաքներն են, իսկ 36,7-ը գիւղերը։
Խորհրդային տարիներուն տիրող ընդհանուր համոզումի համաձայն Հայաստանի բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը կը բնակէր մայրաքաղաքի մէջ։ Տեմոկրաֆիայի այս անհաւասարութեան ետին կար, օրուայ իշխանութիւններուն մայրաքաղաքի զարգացման համար բնակչութեան աճը խրախուսելու ջանքերը։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքի կարեւոր նախագիծերու իրականացումը կախեալ էր կեդրոնական փլանաւորումէն, այսինքն Մոսկուայի որոշումներէն։ Իսկ այս կեդրոնը նկատի կ՚ունենար տուեալ քաղաքի բնակչութեան թիւը։ Օրինակի համար Երեւանի մեթրոփոլիտենի կառուցումը կարելի եղաւ քաղաքամայր Երեւանի բնակչութեան մէկ միլիոնի սահմանին հասնելով։
Բնակչութեան մէջ Կանայք 3 տոկոսով կը գերազանցէ այրերուն։
Տուեալներ կը փոխանցուին երկրի ազգային դիմագիծին մասին։ Հայաստանի մէջ իւրաքանջիւր 100 անձերէն 98-ը ազգութեամբ հայեր են, երկուքը այլազգի, 96-ը քրիստոնեաներ են, 4-ը կը դաւանին այլ կրօններ։ Եթէ վերյիշենք Խորհրդային Հայաստանի վիճակագրութիւններուն նշած 200 հազար թուրքերէ, 80 հազար քիւրտերէ ու էզտիներէ, 30 հազար ռուսերէ եւ աւելի նուազ թիւով ասորիներէ, յոյներէ, հրեաներէ, ուկրայնացիներէ եւ վրացիներէ բաղկացող ազգային փոքրամասնութիւնները զգալիօրէն նուազած են։
ՀՀ քաղաքացիներուն 99-ը գրաճանաչներ են, մէկը՝ ոչ, 18-ը ունի բարձրագոյն կրթութիւն, 82-ը՝ աւելի ցած։ Ըստ ցուցանիշին՝ 100 անձերէն 27-ը աղքատներ են, մէկը՝ ծայրայեղ աղքատ։
Հայաստանի մէջ 100 անձերու բաժին կ՚իյնայ 0.47 բժիշկ, 10 հազար անձերու՝ 47 բժիշկներ։ Պարզ բաղդատութեան համար նշենք զանազան երկիրներէ ներս իւրաքանչիւր 10 հազար բնակչութեան վիճակած բժիշկներու թիւը։ Նորվեկիա 48, Գերմանիա 43, Շուէտ 41, Իտալիա 40, ԱՄՆ 26, Ճաբոնիա 26, Ֆրանսիա 34, Սպանիա 39, Չինաստան 20, Թուրքիա 19 եւ Հնդկաստան 8։
Հարիւր աշակերտներու բաժին կ՚իյնան 8 ուսուցիչներ։ 15-74 տարեկան մարդուժի 100 անձերէն 82-ը կ՚աշխատին, 18-ը՝ անգործ է։ Հարիւր աշխատողներէն 46-ը կիներ են, 54-ը՝ տղամարդիկ։ Հարիւրէն 26-ը կ՚աշխատին պետական համակարգին մէջ, 74-ը՝ մասնաւոր հատուածին։ 15-74 տարեկան 100 անգործներէն 43-ը կիներ են, 57-ը՝ տղամարդիկ։
44 օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը 31 Դեկտեմբեր 2020 թուականէն սկսեալ թրքական արտադրութիւններուն դէմ շրջափակում գործադրած էր։ Այս որոշումը աւելի ետք վեցամեայ հերթականութեամբ երկու անգամ եւս յետաձգուեցաւ։ Այժմ նկատի ունենալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մերձեցումի մը առկայութիւնը, Հայաստան միակողմանի կերպով դադրեցուցած է թրքական արտադրութեան դէմ շրջափակումը։ Կ՚արժէ նշել թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան տակաւին կը շարունակեն սահմանները անանցնելի դարձնելով Հայաստանի դէմ գործադրած շրջափակումը։
Միւս կողմէ Իսթանպու եւ Երեւանի միջեւ երթեւեկութիւնը ապահովելու համար երկկողմանի աշխատութիւն կը տարուի։ Հայաստանի անունով «Ֆլայ Ուան Արմենիա» եւ Թուրքիոյ կողմէ ալ «Փեկասուս» ընկերութիւնները փոխադարձաբար դիմում կատարած են երկու երկիրներու քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւններուն չուերթներ իրականացնելու համար։
Նախապէս «Ֆլան Ուան Արմենիա» այս մասին որոշում կայացուցար եւ նոյնիսկ տոմսեր վաճառած էր։ Սակայն թղթաբանութիւնները անաւարտ մնալով չեղեալ համարուած էր այդ թռիչքը եւ տոմսակներու արժեգինն ալ վերադարձուած ուղեւորներուն։