Հանրածանօթ մտաւորական Սեւան Նշանեան այս անգամ ալ փորձանք դարձած է Յունաստանի կառավարութեան համար։ Նշանեան Թուրքիոյ բանտերէն խոյս տալով ապաստանած էր Յունաստան եւ իսկոյն դիմած էր իշխանութիւններուն քաղաքացիութիւն ստանալու համար։ Մինչ այդ ամուսնացած էր յունահայ տիկին Իրա Զօրուի հետ եւ այս միջոցով ալ ինքնաբերաբար իրաւունք ապահոված էր քաղաքացի դառնալու համար։ Սակայն Նշանեանի փաստաթուղթերը շարունակեցին գործարկի մէջ մնալ եւ վերջապէս ալ մերժուեցան յունական իշխանութիւններու կողմէ։
Անդին Սեւան Նշանեան իր հարազատներուն հետ կարօտ յագեցնելու համար որոշեց երթալ Մոնթենեկրօ, քանի որ այս երկրի ճամբորդելու համար վիզայի պայմանները շատ հեշտ էին ու աժան։ Վերադարձին սահմանագծին վրայ զինք տեղեակ պահեցին թէ ան մատնուած է անբաղձալի անձի, միջացգային դիւանագիտական եզրով persona non grata-ի դիրքին։ Այսպէս որոշ ժամանակ հարեւան երկրի օդակայանը մնալէ ետք հազիւ արտօնուեցաւ իր բնակած Սամոս կղզին վերադառնալ տնային կալանքի պայմանով։
Նշանեանի Յունաստանէն արտաքսուելու խնդիրը դատական վճիռի կը կարօտի։ Հաւանական է որ դատարանը որոշէ զինք վերադարձնել իր եկած երկիրը՝ Թուրքիա, ուր դատապարտուած էր 13 տարուայ ազատազրկման։
Սեւան Նշանեան 2019 թուականին յաջողած էր ստանալ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն։ Հետեւաբար Թուրքիոյ վերադարձուելու անպատեհ հաւանականութեան դէմ Աթենքի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը սկսած է միջոցներ որոնելու, որպէսզի արտաքսման պարագային Նշանեան յանձնուի ոչ թէ Թուրքիոյ այլ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Յունաստանի կառավարութեան այս տարօրինակ որոշումը խոր ընդվզում յառաջացուցած է մտաւորական շրջանակներու մօտ, ուր զանազաններ անհաւատալի կը գտնեն Յունաստանի կառավարութեան այս որոշումը։