ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բերաբախտաբար խենթանոցն ենք

Ոչ, մի՛ շո­ւարիք։ Մ՚ափ­սո­սաք եթէ հարց տամ թէ ո՞ւր են այդ եր­բեմնի ու­րախ տօ­ները։ Այնքան յա­ճախա­կի կրկնո­ւած այս նա­խադա­սու­թիւնը թրքե­րէնի մէջ վե­րածո­ւած է կա­ղապա­րի մը՝ ուր շա­տերծ հեգ­նանքի շեշտ մըն ալ աւելցնե­լով կ՚ափ­սո­սան «Նե­րետէ օ էս­քի պայ­րամլար» ըսե­լով։

Իրա­կանու­թեան մէջ ափ­սո­սան­քը ոչ թէ պայ­րամնե­րուն, այլ ան­ցեալի մէջ մնա­ցած ման­կութեան կը վե­րաբե­րի։

Պարզ է որ տօ­նական օրի նշա­նակու­թիւնը բո­լորո­վին տար­բեր է ամէն տե­սակ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թե­նէ զերծ ման­կան եւ աշ­խարհի բե­ռը ու­սե­րուն առած չա­փահա­սի հա­մար։ Այդ երա­նու­թեան մաղ­թանքը ճիշդ ալ ան­պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան կ՚ակ­նարկէ։ Մա­նու­կը ոչ տնտե­սական ճգնա­ժամ կը ճանչնայ, ոչ ըն­կե­րային բե­ւեռա­ցում, ոչ քա­ղաքա­կան լա­րուա­ծու­թիւն, նոյ­նիսկ շատ ան­գամ ոչ ալ առող­ջա­կան հո­գեր։

Ծա­նօթ մը ու­նէինք Խենթ Մով­սէս անու­նով եւ անու­նէն ալ յայտնի, խենդ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ չ՚ու­նէր վե­րեւ նշուած հո­գերը։ Եթէ զինք օրի­նակ պի­տի բե­րենք շատ ալ տե­ղին է «Խե­ւին ամէն օր տօն է» ասա­ցուած­քը։

Մի գու­ցէ բո­լոր այս բե­ռերէն գո­նէ ժա­մանա­կաւոր կեր­պով ձեր­բա­զատո­ւելու հա­մար կա­րելի է թէեւ սուտ խենթ ձե­ւաց­նել։ Այս ալ իր անդրա­դար­ձը ու­նի մեր ասա­ցուածքնե­րու պա­շարին մէջ։ «Սուտ խենթ եղեր է վան­քին հա­ւերը կ՚ու­տէ» կ՚ըսեն այսպի­սին­նե­րուն։

Վեր­ջա­պէս մենք բախ­տա­ւոր­ներ ենք՝ քա­նի որ նման ճա­րահա­տու­թեան հո­գեբա­նու­թիւնը առան­ձին չենք տա­նիր։ Ըստ երե­ւոյ­թի բո­վան­դակ եր­կի­րը խեն­թա­նոցի մը դար­ձած է։

Փո­ղոցը պա­տահ­մամբ կող­քովս ան­ցան քա­ղաքա­պետա­րանի երեք պաշ­տօ­նեաներ, որոնք իրենց հա­մազ­գեստնե­րով կը շրջէին կա­նոնի զան­ցա­ռու­թիւննե­րը հսկե­լու։ Եր­կուքը բո­լորո­վին առանց դի­մակի էին, իսկ եր­րորդը դի­մակով պաշտպա­նել կը ջա­նար իր ծնօ­տը։

Ո՞րն է սխալ, ո՞րն է ճիշդ։ Ամէն ինչ իրար խառ­նո­ւած կ՚ըն­թա­նայ։ Կը լսենք հա­մավա­րակի զոհ գա­ցած բժիշ­կի մա­սին։ Կը հե­տաքրքրո­ւինք ու հարց կու տանք. «Չէ՞ր պա­տուաս­տո­ւած»։ Զար­մանքով կը լսենք «Ո՛չ» պա­տաս­խա­նը։ Ակա­մայ կը մտա­բերենք թրքե­րէն մի այլ ասա­ցուած­քի՝ որ կ՚ըսէ. «Քեն­տի տիւ­շեն աղ­լա­մազ»։ Այ­սինքն ինքնի­րեն ին­կո­ղը չի լար։ Բայց մենք կու­լանք իր հա­մար, ան սի­րելի դէմք էր, բա­րի ու խե­լօք։

Հո­գեւո­րական­նե­րու պա­տուաս­տումի դէմ կե­ցուած­քը հետզհե­տէ սո­վորա­կան դար­ձած էր՝ բայց հի­մա նման երե­ւոյ­թի կը հան­դի­պին գի­տու­թեան մարդկանց մօտ ալ

Զար­մա­նալին այն է թէ այ­սօր պե­տու­թիւննե­րու կամ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցած կարգ մը ըն­կե­րու­թիւննե­րու դա­ւադ­րա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին, երբ կը խօ­սէինք՝ այդ նոյն ըն­կերներ որոշ քմծի­ծաղով կը լսէին մեզ։ Յայտնի է որ մեր այդ հաս­տա­տումնե­րը բա­ւակա­նին ուշ եւ հա­կառակ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած են իրենց մօտ։ Պա­տուաս­տումը մեր­ժե­լու հա­մար առա­ջադ­րո­ւած վար­կածնե­րը նոյ­նիսկ կը գե­րազան­ցեն մեր երե­ւակա­յու­թեան սահ­մաննե­րը։ Ոմանք կը պնդեն թէ հա­մավա­րակը աշ­խարհի բնակ­չութեան աճը սան­ձե­լու հա­մար հնա­րուե­ցաւ ու ար­հեստա­կան կեր­պով տա­րածո­ւեցաւ ամ­բողջ աշ­խարհին։

Սուրբ Ծննդեան զու­գա­դիպող յօ­դուա­ծի բո­վան­դա­կու­թիւնը բո­լորո­վին տար­բեր կրնար ըլ­լար, եթէ շրջօ­րեայ վա­րակո­ւած­նե­րու թի­ւը հա­սած չըլ­լար 55 հա­զարի։ Հե­տեւա­բար Ծննդեան Տօ­նը շնոր­հա­ւորե­լու կող­քին մաղ­թենք անվնաս դուրս գալ այս ահ­ռե­լի աղէ­տէն։

pakrates@yahoo.com