Ելնամակներուս մէջ հանդիպեցայ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանի հաղորդման։ «Ամանորեայ գիշերը Եռաբլուրում» խորագրեալ հաղորդումը իր աւելի քան 2,5 ժամ տեւողութեամբ բառին ճիշդ իմաստով ցնցիչ էր։
Հայաստանի հանրածանօթ կամ համեմատաբար նուազ ծանօթ բազմաթիւ մենակատարներ, իրենց երգով, նուագով կամ ասմունքով յարգանքի տուրք մատուցեցին հայրենի երկրի պաշտպանութեան համար մարտիրոսացած ազգի զաւակներու յիշատակին։
Տպաւորիչ էր իւրաքանչիւր կատարումի «Ձեր լռութեան ես լոյս եմ պարտք» նախադասութիւնով աւարտիլը։ Նախագծի մասնակից արուեստագէտներ այս ըսելով իրենց ձեռքի կանթեղը կը կախէին այդ միջոցառման համար պատրաստուած արհեստական ծառի ճիւղերուն։
Երեւոյթը ալ աւելի տպաւորիչ կը դառնար, երբ այս բոլորը կը կատարուէին Եռաբլուրի բնապատկերով։ Ոչ բեմ, ոչ բեմայարդակ կամ ամպիոն։ Բարձրախօս մը միայն, ու ապա Կոմիտասեան երգ մը, միջնադարեան շարական մը, տուտուկի կամ ջութակի մենանուագ մը եւ հայ բանաստեղծական հսկայ պաշարէն պատառիկներ։
Արուեստագէտներու կենդանի կատարումներուն միջոցաւ այս խիստ իւրայատուկ սգահանդէսին իրենց անմահացած տաղերով ու տողերով կը մասնակցէին նաեւ հայ գրականութեան հսկաներ Գէորգ Էմին, Դանիէլ Վարուժան, Պարոյր Սեւակ, Եղիշէ Չարենց եւ տակաւին շատեր։
Զգալի էր Երեւանի այս տխուր բարձունքին տիրող ցուրտը։ Մինչ այդ նահատակներու ծնողներ ու զանազան տարիքի հարազատներ կը շրջէին շիրմաքարերու միջեւ, գիրկերնին ունենալով իրենց զոհի լուսանկարը։ Անոնք իրենց տաքուկ տուներուն սարգուած տօնական սեղաններու փոխարէն նախընտրած էին այս զով քամին կիսել իրենց հոգեհարազատներուն հետ։
Կարելի է պահը բնութագրել ամբողջ ազգի մը իր կորուստներուն սգալու ցոլացումը ըլլալով։ Ցոլացում մը՝ որ իր կարգին կ՚ապացուցանէ ազգային մշակոյթի մակարդակի ալ բարձրութիւնը։
Արժան հռետորաբանութենէ զուրկ, ճիշդ ալ նպատակին ծառայող այս միջոցառման յաջողութեան գաղտնիքը թերեւս ալ պետական այրերու, աւագանիի, հոգեւորականաց բարձրաստիճան դասու բացակայութիւնն էր։
Ժողովուրդը իր արուեստագէտներով համակուած, կը սգար իր որդիներուն ու Շողակաթն ալ մեզ բոլորս մասնակից կը դարձնէր այս յատուկ օրը ալ աւելի խորհրդաւոր կեպարանք ստացած համազգային միջոցառման։
Հայոց Հայրապետի
Եռաբլուր այցը
Յունուարի 1-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եպիսկոպոսաց ուղեկցութեամբ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն։
Նորին Սրբութիւնը եւ եպիսկոպոսները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած նահատակ քաջորդիներու հոգիներու հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար։
Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ՝ Դեկտեմբերի 31-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Մովսէս վարդապետ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանագծի մարտական դիրքեր։
Հայոց Հայրապետը, իր օրհնութիւնը ու բարեմաղթանքները փոխանցելով սահմանապահ զինուորականներուն, մեծապէս արժեւորեց հայ զինուորի եւ հրամանատարի անձնուէր ու անմնացորդ ծառայութիւնը հայրենիքին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Հայոց բանակի քաջարի մարտիկները մշտապէս Հայոց Հայրապետի եւ հայ եկեղեցականներու աղօթքներուն մէջ են։
Այցի վերաւորութեան Նորին Սրբութիւնը սրբապատկերներ, խաչեր եւ աղօթագրքեր ընծայեց զինուորներուն՝ բարեմաղթելով անփորձանք եւ խաղաղ ծառայութիւն։