Բանահիւսութեան եւ գրականութեան ամենափայլուն օրինակը պէտք է համարուի մանուկ Յիսուսի Ծննդեան դրուագը։ Ծնունդ մը, որ իրականացած է մսուրի մը մէջ, փայլած է Բեթղեհեմի աստղը եւ երեք մոգեր հետեւելով այդ աստղի ուղղութեան վերահասու եղած են գերազանց աւետիսին։
Այս պահուն նշանակութիւն չունի թէ աշխարհասփիւռ քրիստոնէութիւն եւ հայ հաւատացեալներ տարբեր թուականներուն կը նշենք Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը, բայց մէկ է՝ բոլորս ալ Ամանորը կը թուարկենք Փրկչի ծնունդով։ Տարեսկիզբը վերջապէս փրկչական օրացոյցի առաջին օրը կ՚աւետէ։ Մեկնակէտ մը՝ որ աւելի քան 2000 տարիներ է որ յոյսով կը լցքաւորէ համայն մարդկութիւնը։
Ի զուր չէ որ քրիստոնէական գրականութեան մէջ Բեթղեհեմի աստղը յաճախ կը յիշուի նաեւ «յոյսի աստղ» ածականով։ Ուրեմն այս Նոր Տարի ալ թող միշտ վառ մնայ յոյսի աստղը մեր դիմաց, որպէսզի յաջողինք մեր բոլոր բարի նպատակներուն։
Շնորհաւոր Ամանոր բոլորին