Նոր Տարուայ նախօրեակին՝ 26 Դեկտեմբեր Կիրակի օր մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր Արամեան Սանուց Միութեան մէջ, որ իր դռները բացած էր Պոլսոյ գործօն երկու հայ ընկերային խումբերու՝ «Աւանդական»ի եւ «Մեր Տանիք»ի։ Օրուան կազմակերպիչն էր Արամեան Սանուց Միութեան ատենապետ՝ Սեւան Աթաօղլու, որ իրեն պէս այդ երկու խումբերու անդամ՝ Յ ասմին Ռոստոմեանի հետ գործակցելով ներկաներուն ապրեցուց անմոռանալի պահեր։
Հաւաքոյթի պատուակալ հիւրն էր «Աւանդական» պարախումբի հիմնադիր եւ գլխաւոր պարուսոյց՝ Յակոբ Կիւլէչ, որ տարիէ մը ի վեր գործի բերմամբ հաստատուած էր Հայաստան։ Պր. Յակոբ ներկաները հրաւիրեց միասնաբար շուրջպար կազմելու։ Կիւլէչ այս առթիւ տուաւ շահեկան տեղեկութիւններ հայկական պարարուեստի յատկութիւններուն մասին։ Երաժշտութիւն եւ պարը մթնոլորտը խանդավառեց եւ ոգեւորեց խումբերու անդամները։ Մինչ այդ՝ տղաքը պարտէզը խաղեր խաղալով զուարճացան։
Օրուան հիւրասիրութիւններն էին խորոված երշիկ եւ տաք գինի, նաեւ պանիր, խմորեղէններ եւ անուշեղէններ։
Ներկաները յայտնեցին իրենց շնորհակալութիւնը հանդիսութեան կազմակերպիչներուն եւ մաղթեցին յաջորդ տարի աւելի լաւ պայմաններով կարենան մէկտեղուիլ։