Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի նորոգման եւ ամրակայման նախագիծի իրականացման համար 2013 թուին համաձայնուած էր ՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ։ Որմնանկարներու վերականգնման գիտահետազօտական կեդրոնը սկսած էր տաճարի որմնանկարներու ուսումնասիրութեան։ 2017-ի ամռանը սկսած էր նորոգութեան շինարարական աշխատանքը։ 2021-ի աւարտին նկարահանուած ֆիլմով մը Մայր Տաճարի լուսարարապետը, Մայր Աթոռի գլխաւոր ճարտարապետը, որմնանկարներու վերականգնման նախագծի հեղինակը միասնաբար կը ներկայանան ու բացատրութիւններ կը փոխանցեն Ս. Էջմիածնի նորոգման ընթացքին, անակնկալներու, աւարտած ու շարունակուող աշխատանքներու մասին։