Երբ զանգ կը ստանամ ու բջջային հեռախօսի վրայ կը յայտնուի Հայաստանի համարները, իսկոյն կը գուշակեմ թէ լրագրող մըն է որ բացատրութիւններ պիտի ուզէ ինծի ծանօթ կամ անծանօթ զարգացումի մը մասին։ Այո՛ երբեմն կը պատահի թէ դէպք մը կամ յայտարարութիւն մը մեզմէ առաջ արձագանգ գտնէ Հայաստանի մէջ ու պաշտօնակիցներ դիմեն մեր կարծիքին կամ մեկնաբանութեան։
Չէի սխալած, լրագրողը ակնարկելով Թուրքիոյ Նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընի Չիքակօ իր երկրին հիւպատոսարանի մէջ կատարած յայտարարութեան, մեկնաբանութիւն կը պահանջէր։
«Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպին հակաթրքական տրամադրութիւնները իր ինքնութեան մաս դարձուցած է։ Կովկասի մէջ հիմա բոլորովին այլ գործընթաց կ՚իրականացուի եւ այն հիմքը, որուն վրայ այդ սփիւռքը կառուցած է իր բոլոր փաստարկները, կործանման եզրին է։ Այսինքն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հակամարտութիւնը կամ հայ-թրքական հակամարտութիւնը Կովկասի մէջ կը մօտենայ իր աւարտին։ Ղարաբաղի ազատագրումով եւ այդ շրջանը Ատրպէյճանի կազմին վերամիացնելու քայլով, պատմութեան մէջ նոր էջ բացուած է» կ՚ըսէր Իպրահիմ Քալըն։
Բացառութիւն է որ Թուրքիոյ Նախագահի բանբերին հետ կիսեմ նման կարծիքներ։ Հաւանաբար բանբերի համար ալ բացառութիւն է իր հաստատումներուն Հրանդ Տինքի կարծիքներուն հետ զուգադիպումը։ Այդ ելոյթի պահուն Իպրահիմ Քալըն ինք ալ չէր նկատած թէ կը կրկնէ Հրանդին գլխուն փորձանք դարձած թուրքի թունաւոր արիւնի օրինակը։
Ուրեմն ես ալ ողջունեցի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիին հակաթրքական տրամադրութիւններուն սնանկացման տանող քայլերը։
Գիտեմ թէ երկու կողմերն ալ տակաւին շատ հեռու են իսկական խաղաղութիւն մը ապահովելու գիտակցութենէն։
Թուրքիա որպէս պետութիւն, յաջողած է հակահայ քարոզչութեամբ թունաւորել իր սերունդները։ Փոխադարձաբար Հայաստան ալ յաջողութեամբ տարած է թրքատեացութեամբ իր սերունդները թունաւորելու գործընթացը
Պատմութիւնը տարբեր կրնար ընթանալ եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնները 30 տարի առաջ փոխադարձած ըլլային Լեւոն Տէր Պետրոսեանի առանց անցեալը ուրանալու դէպի ապագայ նայելու առաջարկով մեկնած ձեռքը։ Պարտինք յանձնել թէ Թուրքիոյ այդ տարիներու քաղաքական գործիչները բաւականին խակ էին եւ իրենց մերժողական կեցուածքով կորսնցուցին նաեւ տարածքաշրջանի մէջ աւելի կարեւոր դերակատար մը ըլլալու առիթը։ Մինչդեռ այդ տարիներու պայմաններուն մէջ եթէ փոխանակ առօրեայ քաղաքական հաշիւներուն, տիրած ըլլար աւելի ընդարձակ տեսանկիւնով ապագան նկատի ունեցող պետական մերձեցում մը, Թուրքիա բնականաբար տիրացած պիտի ըլլար այն յատկութիւններուն, որոնց կը ձգտի հասնիլ այսօր։ Յիշենք որ թուրք-ատրպէյճանական բարեկամութիւնը հիմնուած է երկու սիւներու վրայ։ Անոնցմէ առաջինն է Ատրպէյճանի ստորերկրեայ պաշարները, իսկ երկրորդը հայատեացութիւնը։ Եթէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ հաստատուին բնականոն յարաբերութիւններ եւ զուգահեռաբար տնտեսական փոխադարձ շահեր, այդ երկու սիւներն ալ կը սկսին խարխլիլ։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մեկնած ձեռքը անպատասխան մնալով տեղի ունեցաւ նաեւ իշխանափոխութիւն եւ Ռոպերթ Քոչարեան իբրեւ քաղաքական նպատակ կեանքի կոչեց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը։ Նպատակ մը՝ որ նպաստ մը չէր խոստանար Հայաստանի բարօրութեան, բայց կը ցաւցնէր հակառակորդի ջիղերը։
Փոխանակ երկրի վերելքին, թշնամու անկումին ծառայելը ձեռքբերում մը չեղաւ հայ ազգին համար։ Յուսանք թէ նոր տարին այս առումով ալ անկիւնադարձ մը ըլլայ պատմութեան մէջ։
pakrates@yahoo.com