Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման քառասունքին առթիւ 26 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին շուրջ կատարուեցաւ կանոնական արարողութիւն։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նախագահեց հանդիսութեան, իր շուրջն ունենալով Աթոռոյս միաբան հայրեր՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանն ու քահանայից դասու անդամները եւ ժողովուրդի բազմութիւն մը։
Արարողութեան աւարտին խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ըսաւ թէ բոլոր մասնակիցները խառն զգացումներու մէջ են, քանի ամէն մարդ վարժ էր աշխոյժ Հայր Թաթուլ մը տեսնելու, իսկ հիմա իր հողակոյտին շուրջն ենք արդէն։ Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցնելով հողին բարեմասնութիւնները, ըսաւ որ հողը հրաշքներու աղբիւր է եւ մեր ննջեցեալները հողին կը յանձնենք։ Իրենց բարի հոգիները կը բնակին Աստուծոյ արքայութեան, իսկ իրենց մարմինները դատաստանի օրը յարութիւն պիտի առնեն փառաւոր մարմինով։ Այս առումով հողը ոչ թէ մահուան, այլ յարութեան խորհրդանիշ պէտք է նկատել։
Նորին Ամենապատուութիւնը խօսքը շարունակելով, ըսաւ թէ Հոգելոյս Հայր Սուրբը որպէս ուսուցիչ եւ որպէս Ս. Գիրքի քարոզիչ հունտեր սերմանեց սիրտերու մէջ եւ այսպէսով ան կը շարունակէ ապրիլ։ Ապա անգամ մը եւս ցաւակցեցաւ Անուշեան ընտանիքին, որ այսպիսի լաւ անհատ մը հասցուցին եւ մեզի, մեր եկեղեցիին եւ Աստուծոյ նուիրեցին։
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. յիշատակուեցաւ Վաքըֆգիւղի մէջ
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի քառասունքին առթիւ, Գաւառի Տեսուչ եւ Հաթայի եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, 26 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց։
Տէր Հայրը ի ժամ Ս. Պատարագի խրատական խօսեցաւ եւ վեր առաւ Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կեանքն ու վաստակը։ Ան յիշեց, որ Հայր Թաթուլ Վարդապետ որքան կը հետաքրքրուէր գիւղով եւ դեռ քանի մը ամիս առաջ քանի մը օրով եկած էր գիւղ՝ հանգստանալու համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի հանգստեան կարգ կատարուեցաւ հանգուցեալ Հայր Սուրբի հոգւոյն ի հանգիստ։ Իսկ եկեղեցական արարողութենէ ետք, հոգեճաշ բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։