ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ճարահատութեան Ճիչ

Ի՞նչ է հայ լրագ­րո­ղի պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը, երբ կը ստա­նայ օգ­նութեան կոչ մը։ Երեք շա­բաթ­ներ անց տես­նե­լով ան­շարժու­թեան մթնո­լոր­տը հարկ կը հա­մարեմ ին­ծի հա­սած օգ­նութեան կո­չը կի­սել ըն­թերցող­նե­րու հետ։

Նո­յեմ­բեր ամ­սու կէ­սերուն էր, երբ ան­ծա­նօթ մը հե­ռախօ­սով կապ հաս­տա­տեց ու ապա օգ­նութիւն խնդրեց Սու­րիոյ հիւ­սի­սային քա­ղաք­ներէն Թուրքիա ապաս­տա­նած հայ ծա­գուով ըն­տա­նիքի մը հա­մար։ Խօ­սակիցս պար­զեց որ այդ ըն­տա­նիքի նախ­նի­ները շուրջ 80 տա­րիներ առաջ պայ­մաննե­րու բեր­մամբ կրօ­նափոխ եղած, բայց հայ մի­ջավայ­րի հետ կա­պեր­նին պա­հած են։ Իրենց հա­րազատ­նե­րը հայ հա­սարա­կու­թեան մէջ մնա­լով դար­ձած են նոյ­նիսկ եպիս­կո­պոսի տիտ­ղոս ու­նե­ցած հո­գեւո­րական­ներ։ «Սա­կայն չեմ գի­տեր ինչ պատ­ճառնե­րով սրբա­զան հօ­րեղ­բայրը այնքան ալ հետաքրքիր չէ իրենց հան­դէպ» կը վկա­յէ Հա­յաս­տա­նէն զան­գա­հառե­լով զիս այս ըն­տա­նիքի մա­սին տե­ղեակ պա­հող բա­րեկա­մը։ Կը հարցնեմ թէ յստա­կօրէն ի՞նչ կրնամ ընել։ Ի՞նչ է ինձմէ ակ­նակլո­ւածը։ Այս հար­ցումնե­րով վե­րահա­սու կ՚ըլ­լամ թէ վեց երա­խանե­րով ութ հո­գինոց այս ըն­տա­նիքը այժ կը բնա­կի ճամ­բա­րի մը մէջ եւ հայ­րը ծանր աշ­խա­տան­քով, բեռ­նակրու­թեամբ կը ջա­նայ ըն­տա­նիքը պա­հել։ «Կ՚ու­զեն մկրտո­ւիլ եւ ապա գաղ­թել Հա­յաս­տան» կ՚ըսէ խօ­սակիցս։ Նաեւ կը պար­զո­ւի թէ իրենց հետ կա­րելի է հա­ղոր­դո­ւիլ միայն արա­բերէ­նով կամ քրտե­րէնով։

Այս լսե­լով օգ­նութիւն կը խնդրեմ քրտե­րէնի տի­րապե­տող ըն­կե­րէ մը եւ կը հաս­տա­տեմ ին­ծի փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թիւնը։ Ապա կը դի­մեմ վա­ղեմի բա­րեկա­մու­հիի մը, որ ան­ցեալին մեծ աշ­խա­տու­թիւն տա­րած է գաղ­թա­կան­նե­րու եւ այ­սօր ալ տրա­մադիր է ձեռ­քէն եկա­ծը գոր­ծադրե­լու։ Կը խորհրդակ­ցինք ու կը որո­շենք նիւ­թը փո­խան­ցել Թուրքիոյ Հա­յոց Հո­գեւոր Առաջ­նորդին, նկա­տի ու­նե­նալով թէ ինք ան­տարբեր չէ եղած այս երկրի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ գաղ­թա­կանու­թեան պայ­մաննե­րու մատ­նո­ւած ըն­տա­նիք­նե­րու հան­դէպ։ Ինք եւս հե­տաքրքրո­ւեցաւ եւ խոր­հուրդ տո­ւաւ Պատ­րիար­քա­րանի կազ­մին մէջ գոր­ծող Օգ­նութեան Յանձնա­խումբի հետ կապ հաս­տա­տել։ Նաեւ միջ­նորդ նշա­նակեց քա­հանայ մը, որ պի­տի միջ­նորդէր այդ հան­դիպման։ Ես պար­տա­կանու­թիւն հա­մարած էի բո­լոր զար­գա­ցումնե­րէն տե­ղեակ պա­հել Հա­յաս­տա­նէն ին­ծի դի­մող բա­րեկա­մը։

Այս պա­հուն ակա­մայ կը տա­րուիմ մտա­ծելու, ար­դեօք ես եմ որ գերզգա­յուն կը դառ­նամ նման նիւ­թե­րու դի­մաց։ Կը մտա­բերեմ ժո­ղովուրդիս վի­ճակած գաղ­թա­կանու­թեան տխուր պատ­կերնե­րը, որոնք կար­ծես թէ հա­րիւ­րա­մեայ հե­տեւո­ղու­թիւն մը կը պար­զեն։ Իմ յի­մար միամ­տութի՞ւնս է ար­դեօք, որ կը հա­ւատամ ին­ծի ըսո­ւածին։ Կան­խա­պաշա­րուած միտ­քով չեմ դի­տեր որե­ւէ խնդիր։ Մինչ ու­րիշներ ընդմիշտ կը տա­րուին կաս­կա­ծամ­տութեան։ Կը խու­սա­փին խա­բուե­լէ։ Այսպէ­սով կ՚ապա­հովեն խա­բուե­լէ զերծ մնա­լու պայ­մաննե­րը։ Իսկ ես կը տա­րուիմ յի­շելով Շնորհք Պատ­րիար­քի կամ Հրանդ Կիւ­զե­լեանի նման կեր­պարներ, որոնք ան­վա­րան ու ան­վե­րապահ կը փու­թա­յին նման օգ­նութեան կո­չերու։

Ո՞վ գի­տէ թե­րեւս անոնց բա­րեացա­կամու­թիւնը շա­հագոր­ծել փոր­ձողներ եղած են։ Բայց անոնք պատ­մութեան ան­ցան ո՛չ թէ ոմանց չա­րաշա­հու­մին են­թա­կայ դառ­նա­լով, այլ ազ­վի ցի­րու­ցան եղած եր­բեմն այ­լա­սերած բե­կոր­նե­րուն ձեռք եր­կա­րելով։ Ճա­րահա­տու­թեան զգա­ցու­մով է որ կը գրո­ւին այս տո­ղերը։ Ինքնու­թիւնը վե­րագտնել ցան­կա­ցող, հետզհե­տէ հա­յեր­նի հո­ղին վրայ նոր կեանք մը կեր­տե­լու ձգտող ըն­տա­նիքի դի­մաց ճա­րահա­տու­թեան զգա­ցու­մով։

Ամա­նորի շե­մին պի­տի սի­րեմ յոյ­սը վառ պա­հել եւ կար­ծել թէ ազ­գը կամ եկե­ղեցին ան­տես չառ­նէր իր կո­րած որ­դի­ները։

pakrates@yahoo.com