Վերջին երեք ամիսներու ընթացքին Թուրքիոյ օրակարգին առաջնակարգ խնդիրը հանդիսացող Լիրայի անկումը 18 Դեկտեմբեր շաբաթ երեկոյ յանկարծակի կերպով կրկին ալեկոծեց երկրի տնտեսութիւնը։ Առաւօտուայ ժամերուն 1 ԱՄՆ տոլարը կ՚արժէր 18,50 ԹԼ., իսկ նոյն երեկոյեան այս անգամ անկում կրող Տոլարը եղաւ եւ Լիրայի արժէքը բարձրացաւ 12 ԹԼ.-ի։ Անշուշտ որ այս վերիվայրումը խոր շուարում պատճառեց ու նաեւ ոմանց յանկարծակի սնանկացման պատճառ դարձաւ։ Սոցցանցերու մէջ հանդիպեցանք լրատուութիւններու, որոնց համաձայն տունը ծախելով ստացած գումարը տոլարը վերածած քաղաքացին րոպէներու տեւողութեան մէջ ունեցուածքին 30 տոկոսը կորսնցելու հարկադրուեցաւ։ Իրականութեան մէջ կատարուածը Կառավարութեան միջամտութիւնն էր, որ տոկոսները նուազացնելու միջոցաւ պատճառ դարձած էր Լիրայի արժեզրկման եւ այժմ նոր կարգադրութիւնով զարտուղի կերպով կը բարձրացնէր տոկոսները եւ կը խոստանար հարստութիւնը Թրքական Լիրայով դրամատուն բերելով երաշխաւորել սակարանի անկումներէն զերծ մնալ։
Բնականաբար հասարակութիւնը այս զարգացումները տեսնելով կարծեց թէ պիտի նահանջեն նաեւ շուկայի մէջ բարձրացող գիները։ Անշուշտ որ չարդարացաւ այդ ակնակալութիւնը, եթէ բացառութիւն համարենք բենզինի յաւելումը, որ պիտի կայանաղ այդ գիշեր իսկ եւ այս որոշումով կանգ առաւ։ Հետեւցնելով կարելի է ըսել թէ տնտեական անկայունութիւնը տակաւին կը շարունակուի Թուրքիոյ տնտեսական կեանքին մէջ։