«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» Տարբերակ21 առցանց հանդէսին (www.darperag21.net) կողմէ կազմակերպուած փորձագրական (essay) մրցոյթ է, որուն կրնան մասնակցիլ պատմաբանութեան, քաղաքագիտութեան, ընկերաբանութեան, մշակութաբանութեան եւ այլ գիտութիւններու 25-էն 40 տարեկան ուսանողներ եւ մասնագէտներ աշխարհի բոլոր կողմերէն։ Մրցոյթը յաղթող գրութեան հեղինակը կամ հեղինակները պիտի ստանայ(ն)յ 150 ամերիկեան տոլարի մրցանակ. երկու այլ գրութիւններու պիտի շնորհուին յատուկ գնահատանքի մրցանակներ՝ իւրաքանչիւրը 75 ամերիկեան տոլարի չափով։ Մրցոյթին ներկայացուած այլ գրութիւններու հեղինակները, որոնց գործերը կը հրապարակուին Տարբերակ21 հանդէսին մէջ, կը ստանան 30 ամերիկեան տոլարի պատուեգին։
Ա. Թեման.
Մրցոյթին մասնակիցները իրենց յօդուածներուն մէջ հիմնականին մէջ պէտք է պատասխանեն հետեւեալ հարցերուն.
1Ով է այն անձը, որ մեծագոյն ազդեցութիւնը ձգած է հայ ժողովուրդի 18-րդէն 21-րդ դարերու պատմութեան վրայ։
2Ինչին մէջ կը կայանայ այդ ազդեցութիւնը՝ պատմականօրէն։
3Ինչով կ՚արտայայտուի այդ ազդեցութիւնը՝ այժմէականօրէն։
Բ. Առարկան.
1Յօդուածներու առարկայ կրնան դառնալ էթնիկ-ազգային պատկանելութեան առումով իրենք զիրենք հայ համարող՝ 18-րդէն 21-րդ դարու տարբեր ոլորտներու գործիչներ, որոնց միտքն ու գործունէութիւնը սերտօրէն կապուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան՝ վերջինիս բնապատմական տարածքին մէջ թէ անորմէ դուրս։
2Բացի անձնաւորութիւններէ, յօդուածներու առարկայ կրնան դառնալ նաեւ որոշակի ոլորտ կամ գործառոյթ ներկայացնող հաւաքական կերպարներ (ինչպէս օրինակ՝ «հայ եկեղեցականը», «հայ շինականը», եւայլն)։
Գ. Պայմանները.
1Յօդուածը ներկայացնել հայերէն կամ անգլերէն։
2Յօդուածը ներկայացնել շարուած՝ Microsoft Word-ով։
3Ծաւալը՝ մօտաւորապէս 1000 բառ (ոչ՝ աւելի), ծանօթագրութիւնները կամ յաւելուածները՝ չհաշուած։
4Տառատեսակը՝ Sylfaen, չափը՝ 12 կէտ, բոլոր էջերը՝ տողերու կրկնակի տարածութեամբ, բոլոր կողմերէն՝ 1 inch լուսանցքներով։
5Յօդուածին վրայ չնշել հեղինակի կամ հեղինակներու անուններ։
6Յօդուածէն անջատ բայց անոր հետ նոյն նամակով ուղարկուած բացատրական էջի մը վրայ նշել հեղինակին կամ հեղինակներուն անունները, յօդուածին վերնագիրը, բնակութեան հասցէն, հեռաձայնի թիւը եւ իմէյլ հասցէն։
7Այն յօդուածները որոնք չեն համապատասխաներ այս պայմաններուն կրնան մրցոյթէն դուրս մնալ։
Դ. Պայմանաժամը
1Յօդուածները պէտք է ուղարկել մինչեւ 28 Յունուար, 2022։
2Յաղթողները պիտի յայտարարուին 28 Փետրուար, 2022-ին։
3Տարբերակ21 հանդէսը իրեն կը վերապահէ մրցոյթին ներկայացուած որեւէ յօդուածի հրապարակում՝ իր կայքին մէջ։
Ե. Ուղարկում
Յօդուածը եւ անոր բացատրական էջը, առանձին՝ MS Word-ի մէջ շարուած, միեւնոյն նամակով ուղարկել editor@darperag21.net հասցէին, մինչեւ 28 Յունուար, 2022։