Տիեզերական Պատրիարքարանի պաշտօնական լուսաւորիչ Նիքօ Մանկինաս Քովիտ 19-էն վարակուելով մահացած էր։ Գործընկերները իր յիշատակը եւ վաստակը պանծացնելու համար ձեռնարկեցին լուսանկարչական մրցումի մը, որ նիւթ կ՚ունենար մշակոյթն ու աւանդութիւնները։
Յատկապէս այս նիւթերով գործեր արտադրող լուսանկարիչներէ բաղկացող դատակազմը 18 Դեկտեմբեր շաբաթ օր Ենիգիւղի Այա Բանիա յունաց եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ հաւաքուելով դասաւորեց 285 մասնակիցներէ հասած 785 գործեր։ Ընտրուեցան երեք լաւագոյն լուսանկարները։ Յիշատակման արժանի երեք լուսանկարներ, Դատակազմին յատուկ մրցանակին արժանի լուսանկար մը եւ այն 30 լուսանկարները, որոնք արժանի գտնուեցան ցուցադրութեան։ Դատակազմին այս դժուարին պարտականութեան կոչուած էին Ալպերթօ Մոտիանօ, Պերճ Արապեան, Ճոշկուն Արալ, Էմինէ Իւլքերիմ, Իզզեթ Քեհրիպար, Մկրտիչ Արծիւեան, Եորկօ Տեմիր եւ Թուրքիոյ Լուսանկարչութեան Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Կէօքսունկուր։
21 Դեկտեմբերին յայտարարուած արդիւնքներու համաձայն առաջնութեան եւ երկրորդութեան մրցանակներուն արժանացաւ մրցումին Պիթլիսէն մասնակցող Իսքենտեր Սելչուք։ Իսկ երրորդութեան մրցանակը նուաճեց Ահմետ Թուրան Քուրալ։ Դատակազմը եւս ունէր իր յատուկ մրցանակը եւ այդ 700-ի ընդմէջէն առանցնացուեցան երեք մանսիոններ եւ ցուցադրութեան արժանի 30 գործեր։
Առաջին եւ երկրորդ մրցանակները նոյն անունին վիճակուեցաւ, քանի որ դատակազմը ընտրութիւններ ընելու պահուն ծանօթ չէր իրեն ներկայացուած գործերու հեղինակներուն։
«Մենք միայն գործերը դիտելով ճշտեցինք աստիճանաւորումը։ Այդ պահուն բնականաբար չէինք գիտեր թէ նոյն լուսանկարիչը կը նուաճէ, թէ առաջնութեան եւ թէ երկրորդութեան մրցանակները» կ՚ըսէ դատակազմի անդամներէն եւ «Ակօս»ի ծանօթ լուսանկարիչ Պերճ Արապեան։