20Դեկտեմբեր երկուշաբթի երեկոյ Հալիճի Համաժողովներու Համալիրի մէջ կայացած Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը աննախադէպ երեւոյթ մը ըլլալով պիտի յիշուի պատմութեան էջերու մէջ։ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի հրաւէրով կայացող այս ընթրիքին ներկայ գտնուեցան քաղաքի բոլոր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կամ մամուլի ներկայացուցիչները։ Այսպէս պատուոյ սեղանին վրայ տեղ գրաւեցին Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Սրբազանը, Թուրքիոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը, Ասորի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Չէթին Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպս.ը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Լատին Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փելինուրա Եպիսկոպոսը, Հաթայի Մայր Քաղաքապետ, Լիւթֆիւ Սաւաշ եւ տանտէր Էքրէմ եւ Տիլէք Իմամօղլու ամոլը։
Հոգեւոր առաջնորդները արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը ընդմիշտ շեշտելով պատմական նշանակութիւն ունեցող այս քաղաքի մէջ միատեղ կեցութեան կարեւորութիւնը։ Այդ բոլորի մէջ իր սրամիտ ելոյթով մեծ տպաւորութիւն թողուց Հայոց Պատրիարքի ելոյթը, որ կը շեշտադրէր քաղաքապետ Իմամօղլուի շինիչ յատկանիշները, օրինակ բերելով Եզոպոսեան առակէ մը, որուն տեղեկացած էր տակաւին նախակրթարանի նստարաններուն վրայ։
Կիրարկուեցաւ բաւական խնամեալ երաժշտական յայտագիր մը, որուն առաջին բաժնին մէջ յոյն եկեղեցւոյ դպիրներ եւ հոգեւորականներ երգեցին Ծննդեան շարականներ։ Յայտագրի երկրորդ բաժնին Վարդանանց Երգչախումբը շատ յաջող կատարումներով ներկայացուց լաւ մտածուած ու մշակուած յայտագիր մը։ Վարդանանցի երգացանկը կը սկսէր 1826-ին Ֆրանս Ժաւիէ Կրուպէրի յօրինած երգով մը, որուն կը յաջորդէր հայ ժողովրդական երաժշտութենէն յաջող ընտրանի մը։ Տեղ գտան երկու թրքերէն երգեր ու ապա Գարլ Օրֆի «Գարմինա Պուրանա» ստեղծագործութենէն «Օ Ֆորթունա» հատուածը եւ Արա Պարթեւեանի մշակումով «Գովեայ Երուսաղէմ» շարականը։ Վնրդանանց Երգչախումբի յայտագիրը աւարտին հասաւ հետզհետէ նման հանդիսութիւններու խորհրդանիշը դարձած Էտկար Յովհաննիսեանի Պարոյր Սեւակի խօսքերով Քաղաքամայր Երեւանի հիմնադրութեան 2750-ամեակի ձօնուած յօրինումով՝ «Երեւան-Էրեբունի»ով։ Այս երգեցողութիւններու ընթացքին պատուոյ սեղանին վրայ կը տիրէր մեծ հիացում կատարուած երգեցողութեան բարձր որակին դիմաց։ Այսպէս այլազգի հոգեւորականները իրենց հայ պաշտօնակիցներուն հարցումներ կ՚ուղղէին մանաւանդ հետաքրքրուելով թէ արդեօք երգիչները արհեստավարժ են։ Իսկ մերոնք հպարտութեամբ կը պատասխանէին թէ սիրողական տարրերէ բաղկացող եկեղեցական երգչախումբ մըն է բեմին վրայ, որ կ՚երգէ արհեստավարժօրէն։
Տպաւորիչ էր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի ուղերձը, որուն մէջ յատկանշական երկու կէտեր ընդգծման արժանի են։ Ան նախ իբրեւ մահմետական կրօնքի հաւատացեալ, պարզեց Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ իր հաւատքն ու սէրը եւ այսպէսով ողջունեց Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը։ Իսկ երկրորդ կէտը, որ իբրեւ քաղաքապետ մերժեց «փոքրամասնութիւն» կոչումը ու պարզեց թէ որպէս քաղաքապետ նման քանակական չափանիշներ չի կրնար գործածել Իսթանպուլի 16 միլիոն բնակիչներէն ոեւէ մէկուն դէմ։ Իր հանդէպ ցուցաբերուած համակրանքի մասին փաստեր ըլլալով ներկայացող այս խօսքերէ ետք շատ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ Քաղաքապետ Իմամօղլու։
Ընդդիմադիր քաղաքապետը իր այս կազմակերպութեամբ յատուկ էջ մը բացած եղաւ քաղաքի քրիստոնեայ ապրումներուն մէջ եւ արդարացուց իր աիձին հանդէպ հասարակութեան համակրանքը։
Խոտոր ձայներ
Քաղաքապետարանի բոլոր նախաձեռնութիւններուն դէմ նախապաշարուած շրջանակներ առանց թափանցելու օրուայ խորհուրդին եւ ապահոված գոհունակութեան կը փորձեն ճաշատեսակի բերմամբ մեղադրել Քաղաքապետ Իմամօղլուն։
Ինչպէս կեանքի զանազան երեւոյթներ սեղանի, յատկապէս ալ խիճոյքի մեղանի հասկացողութիւնները մեծ փոփոխութիւններ կ՚ապրին։ Նորաձեւութեան համաձայն որքան որ կ՚աւելնայ պնակի տրամագիծը, փոխարէնը նոյնքան կը նուազի անոր պարունակութիւնը։ Վերջապէս այս տեսակի խրախճանքի սեղաններուն վրայ պնակները ոչ թէ կշտանալու, այլ համտեսելու կը ծառայեն։ Այդպէս էր նաեւ Քաղաքապետարանի Ծննդեան ընդունելութեան սեղանը։ Սակայն որոշ շրջանակներ սոսցանցերու վրայ հրապարակելով օրուայ ճաշացուցակը, այդ մէկը մսխում ըլլալով նկարագրեցին քաղաքապետարանի հաշւոյն։ Ակնարկեցին Քաղաքապետ Իմամօղլուի թուած 15 միլիարի հասնող պիւտճէի բացին, հակասութիւն գտան, այդ տեղեկագրի ու ճաշացուցակի միջեւ։
Որպէս ականատես նշենք թէ շատ յաջող սպասարկման եղանակով մատուցուած ճաշէն անյագ մնացող յատկապէս երիտասարդ տարիքի հրաւիրեալներ այս ճոխ սեղանէն ելլելով ուղղուեցան դէպի Սիւթլիւճէի ծանօթ «ույքունուք» ըամ «քոքորել»ի նման ուտեստներ մատուցող ճաշարանները։ Իսկ ոմանք ալ աւելի համբերատար եղան եւ իրենց թաղը հասնելով դիմեցին «Վարտար Մուհալլէպիճիսի», որպէսզի կուշտ փորով անկողին մտնեն։