ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յոյսը Սարդարապատի զանգակներն են

44օրեայ պատերազմի մասնակից կամաւոր մը, որ ան­ցեալին նոյնպէս կա­մաւոր մաս­նակցած էր Ար­ցա­խեան առա­ջին պա­տերազ­մին, կը մեկ­նա­բանէր եր­կու կռիւ­նե­րու տար­բե­րու­թիւնը։ «Այն ժա­մանակ հա­մարեա իրա­րու հա­ւասար զէն­քով պա­տերազ­մե­ցանք։ Մեր եւ իրենց ձեռ­քին նոյն Քա­լաշ­նի­քովն էր։ Մենք ու­նէինք հայ­րե­նիքը օտա­րի լու­ծեն պաշտպա­նելու կամ­քը, ինչ որ իրենք չու­նէին։ Իսկ այս ան­գամ, լման 30 տա­րի հայ­րե­նի եր­կի­րը ազա­տագ­րե­լու քա­րոզ­չութեան ազ­դե­ցու­թեան տակ յաղ­թա­նակի կամ­քով եկո­ղը թշնա­մին էր։ Աւե­լին՝ ու­նէր զէն­քի գե­րակշռու­թիւն։ Ան­զօր մնա­ցինք, նոյ­նիսկ սար­սա­փի մատ­նո­ւեցանք ԱԹՍ-նե­րու դի­մաց։ Եւ մա­նաւանդ՝ հա­կարա­կոր­դը ռազ­մա­փոր­ձե­րով պատ­րաստո­ւած էր յար­ձակման ու մենք յան­կարծա­կիի եկած»։

Ան­հա­տական այս վկա­յու­թիւնը լա­ւագոյնս կը բա­ցատ­րէ պա­տահա­ծը եւ հե­տեւանքնե­րը։ Խօ­սակիցս չու­զեր քա­ղաքա­կան մեկ­նա­բանու­թիւններ տալ։ Հա­մոզո­ւած է թէ մարտնչող բա­նակի ամե­նավատ սպառ­նա­լիքն է քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ «Զի­նուո­րը պի­տի հնա­զան­դի հրա­մանա­տարի հրա­ման­նե­րուն եւ ար­հեստա­վարժ կեր­պով պի­տի կա­տարէ իր պար­տա­կանու­թիւնը, նոյ­նիսկ կեան­քը զո­հելու գնով»։ Բայց նաեւ գի­տենք թէ թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնով գա­հըն­կեց եղած­նե­րու են­թա­կայ սպա­ներ այս պա­տերազ­մը վրի­ժառու­թեան առիթ հա­մարե­ցին եւ զի­նուո­րին հրա­մայե­ցին դիր­քե­րը լքել ու մաշ­կը ազա­տել։

Պար­տութե­նէ ետք ստեղ­ծո­ւած քա­ղաքա­կան ճգնա­ժամը ար­գելք եղաւ նման դա­ւաճա­նու­թեան հե­ղինակ­նե­րուն ար­ժա­նի կեր­պով հար­ցաքնման։

Այս պայ­մաննե­րու տակ շատ հասկնա­լի է Իլ­համ Ալիեւի ամ­բարտա­ւան ելոյթնե­րը։ Ան հի­մա ու­նի շփա­նալու բազ­մա­թիւ պատ­ճառներ։ Անոնց կա­րեւո­րագոյնն է հա­մաշ­խարհա­յին դի­ւանա­գիտու­թեան ցու­ցա­բերած ան­տարբե­րու­թիւնը։ Նաւ­թա­տոլար­նե­րու շնոր­հիւ Ալիեւ հա­գած է ան­պատժե­լիու­թեան պատ­մուճա­նը, որ Թուրքիոյ նա­խագա­հին հա­գածին հետ նոյն դեր­ձա­կին ձեռ­քէն ելած է։

Հա­րիւ­րա­մեայ դա­ժան փոր­ձե­րով տե­սած ենք թէ հա­յը, աշ­խարհի բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րուն նման չէ ու­նե­ցած, չու­նի, եւ պի­տի չու­նե­նայ բա­րեկամ պե­տու­թիւններ։ Պե­տու­թիւննե­րը իրա­րու մեր­ձեցնո­ղը միայն ու միայն անոնց շա­հերուն հա­մընկնումն է։ Երբ եր­կու պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ կան փո­խադարձ շա­հարկման եղա­նակ­ներ, անոնք կը ներ­կա­յանան իբ­րեւ բա­րեկամ, կամ աւե­լի դի­ւանա­գիտա­կան եզ­րով՝ դաշ­նա­կից։

Ազեր­պայճան ու­նե­նալով շա­հու­թա­բեր լծակ­ներ, դիւ­րաւ դաշ­նա­կից կ’ըլ­լայ Իս­րաէլի, Թուրքիոյ կամ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան հետ։ Բա­ցի Ռու­սիոյ Դաշ­նութե­նէն, Պա­քուին մեծ քա­նակու­թեամբ զէնք ու զի­նամ­թերք տրա­մադ­րող այս եր­կիրնե­րը իրենց ար­տադրու­թիւնը կ’ապա­հովեն ԱՄՆ եւ Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րէ ստա­ցած գի­տելի­քով ու թեխ­նի­կական սար­քե­րով։

Մե­զի հա­մար աւե­լի կա­րեւոր է այս ժխտա­կան պայ­մաննե­րու դի­մաց հա­յուն պա­տաս­խա­նը։ Նախ նշենք որ այս հար­ցադրու­մի պա­տաս­խա­նը հա­ւանա­կանու­թիւննե­րէն մէ­կը ճշդե­լով չենք կրնար գտնել։ Այո, կա­րելի է ընտրել տար­բե­րակ մը, ըստ որու ան­հա­տը պի­տի ըսեր «Կար­ճաեւ կեանք մըն ին­ծի պար­գե­ւուա­ծը եւ չեմ ու­զեր այդ պար­գե­ւը ապա­գայ չու­նե­ցող երկրի մը հա­մար սպա­ռել»։ Նոյ­նիսկ ան­հա­տը յա­նուն իր զա­ւակ­նե­րուն բա­րօրու­թեան կրնայ լքել եր­կի­րը։ Այդ ալ հասկնա­լի է։ Բայց երբ կան մար­դիկ, որոնք ի գին բո­լոր խո­չըն­դոտնե­րու չեն լքեր հայ­րե­նի եր­կի­րը ու կը ջա­նան հա­մակեր­պիլ բո­լոր տե­սակի զրկանքնե­րուն, որ­պէսզի յար­մար բո­լոր առիթ­նե­րով յաղ­թա­հարեն զա­նոնք, պար­տինք հաս­տա­տել թէ առա­ջին խմբա­կին պատ­կա­նող­նե­րը լքած են ոչ միայն հայ­րե­նի եր­կի­րը, այլ հայ կո­չու­մին սահ­մա­նած բո­լոր ար­ժա­նիք­նե­րը։

Ալիեւի ան­պատկառ սպառ­նա­լիք­նե­րուն իբր պա­տաս­խան մեր ժո­ղովուրդը կրկին ան­գամ կը հնչեց­նէ Սար­դա­րապա­տի զան­գակնե­րը, որոնք շատ աւե­լի դժուար օրե­րուն սան­ձե­ցին ազ­գը ոչնչաց­նել ուխտած թշնա­մին։

pakrates@yahoo.com