Խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մշակոյթի Նախարարութեան պիւտճէի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունենալով դարձեալ ցնցիչ տպաւորութիւն գործեց։ «Չէք կրցած ազգերու կամ կրօններու զանազանութեան իրողութիւնը իւրացնել եւ քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւն ապահովել։ Քիչ առաջ ելոյթ ունեցան Ազգային Շարժում Կուսակցութեան ներկայացուցիչները եւ յաճախ շեշտադրեցին «ցեղակիցներ» եզրը։ Մի՛ մոռնաք որ ես ալ ցեղակիցներ ունիմ, բայց ձեզի կը դիմեմ «եղբայրներ» կոչելով։ Միատարրութեան լուծման վայրը Թուրքիան է։ Ազգայնականութիւնը կը ծնի ազգայնականութիւններ։ Յոյն կամ հայ ազգայնականութիւնը հակադարձն է թուրք ազգայանականութեան։ Անոնք իրար կը սնուցանեն։ Մշակոյթին ծագած հողերուն ժառանգորդներն ենք։ Հողամշակումը այս հողերուն վրայ առաջին անգամ գործածուեցաւ։ Քաղաքաշինութեան առաջին փորձերը այստեղ կատարուեցան, իսկ մենք այսօր դատապարտուեցանք դուրսէն ցորեն, ոսպ կամ սիսեր ներածելու։ Արդեօք բնաւ մտարեցի՞ք այս մասին։ Աշխարհի ամենախոր պատմութիւն ունեցող երկրին վրայ կ՚ապրինք, բայց կարծես թէ այդ մշակոյթը ստեղծողները լուսնէն եկած ըլլային։ Այսօր քանի մը հազար տարուայ անցեալ ունեցող հնագիտական վայրերու մէջ պեղումներ կը կատարենք։ Այդ պեղումներէն դուրս եկած մարդկանց մնացորդացի ուսումնասիրութիւնը կ՚ապացուցէ թէ բազմահազար տարիներ առաջ այդտեղ ննջողը եւ այսօր այդ վայրը պեղողը նոյն տոհմային պատկանելութիւնը կը կրեն։ Հռոմէն, Բիւզանդիոնէն, Սելչուքեան Պետութենէն կամ Օսանեան Կայսրութենէն ի վեր յաջողեր ենք միասին ապրելու։ Իսկ վերջին 150 տարուայ ընթացքին գոյացած հիւանդագին մտայնութիւնով միատարրութիւն քարոզեր ենք։ Յանկարծակի կերպով յայտնաբերեցիք թէ թուրք էք, Կեդրոնական Ասիայէն եկեր էք։ Է՛, ինչ ըսենք բարի գալուստ ձեզ։ Բայց յիշեցէք թէ նախքան ձեր գալը մենք հոս էինք արդէն։ Այստեղ միատեղ մշակոյթ մը կերտած էինք։ Դուք հիմա պարծանք կը զգաք Սինանի կամ Պալեաններու ճարտարապետական կոթողներով։ Բայց երբեք յիշել չէք ուզեր թէ Սինան կամ Պալեանները հայ ճարտարապետներ էին։
Ժողովուրդներու Ժողովրդական Կուսակցութիւնը բազում ինքնութիւններ կը պարունակէ իր մէջ։ Բազմազգի է, բազմամշակոյթ եւ բազմակրօն։ Երանելի երեւոյթ պատիւ կը զգամ։ Մեր առաջարկածը բոլոր տարբերութիւնները պահպանելով հանդերձ միասնութիւն մը կազմել է։ Քաղաքացիական հաւասար իրաւունքներու վրայ հիմնուած միասնութիւն մը։ Իսկ ի՞նչ կը պարտադրէք։ Յարգելի Մշակոյթի Նախարարը ի՞նչ կը պարտադրէ։ Թուրք Լեզուական Կաճառ, Թուրք Պատմութեան Կաճառ։ Չէք կրցած հասկնալ թէ քիւրտը, հայը, յոյնը կամ ասորին անտեսելով, անգոյ համարելով թրքական պատմութիւն մը հիւսել կարելի չէ։ Անշուշտ հակառակն ալ կարելի չէ։ Հայուն պատմութիւնն ալ միւսները անտեսելով չենք կրնար պատմել։ Մենք պարտաւոր ենք երկրին, Անատոլիային կամ Միջագետքի պատմութիւնը ուսումնասիրելու։
Նոյն սխալը գործեց նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարարը։ Ես զինք բազմիցս զգուշացուցած էի –Երկրի մը ցեղակիցները չէ, այլ քաղաքացիները կը յիշուին-ըսելով։ Իսկ ինք դարձեալ թերեւս 15-20 անգամ շեշտեց ցեղակիցներ եզրը։ Ձեր զբաղեցուցած աթոռին վրայ ուղիղ 110 տարի առաջ հայ նախարար մը նստած էր։ Պահ մը ենթադրեցէք որ այդ նախարարը ետ գայ ու ձեր բառերով -Ցեղակիցներուս համար այս ըրի, այն ըրի-ըսէ։
Եգէական մշակոյթը ամբողջութիւն մըն է։ Միջագետքի կամ Հայակական Լեռնադաշտի մշակոյթը նոյնպէս։ Աշխարհի կարեւորագոյն մշակոյթներու ժառանգորդներն ենք։ Այս հարցը լուծելը մեր դիմաց յայտնուած կարեւորագոյն խնդիրն է»։