ՍՕՍԻ ԱՆԹԻՔԱՃԸՕՂԼՈՒ
Ներկայիս բոլորը տարեդարձ կը տօնեն։ Նորաձեւութիւն մըն է այս։ Անցեալին միայն երախաներուն տարեդարձը կը տօնուէր։ Չափահասները ունէին անուան տօնախմբութիւն։ Սովորաբար սուրբերէ ներշնչուած անուներ կրողները եկեղեցական օրացոյցին տուեալ սուրբի համար նշած օրը կը տօնէին սեփական տան մէջ իրենց հարազատներով։ Մեր ընտանիքէ ներս սուրբ անուն մը կրողը մեծ հայրս Յակոբն էր։ Դեկտեմբեր ամսու կէսերուն շաբաթ օրուան կը զուգադիպէր Սուրբ Յակոբի անուան յիշատակումը։ Այդ օր մեծ եռուզեռ կը տիրէր մեր տունէն ներս։
Սուրբ Յակոբը հայոց սիրելի սուրբերէն է, այդ իսկ պատճառով ալ անցեալին յաճախակի էին Յակոբ անունը կրող այրերը։ Արդարեւ այդ օր անպայման շնորհաւորական այցելութիւններ կը տրուէին Յակոբներուն։
Առաւօտուն եկեղեցիներէն ներս ալ կը յիշատակուէր Սուրբ Յակոբը։ Այսօր քաղաքի հայ բնակչութիւնը նօսրացած է, Յակոբ անունը ընկերութեան մէջ կորսնցուցած է իր յաճախակիութիւնը՝ սակայն նորէն ալ աւանդութիւնը կը շարունակուի։
Երբ ուսումս սկսայ շարունակել օտար վարժարանի մէջ, ինծի համար զուարճալի գիւտի մը վերածուած էր հայերէն անձանուններու օտար լեզուներու մէջ փոխադարձները յայտնաբերել։ Օրինակի համար մեր Յակոբը այդ լեզուներու մէջ Ժագ կ՚ըլլար, Ճեք կ՚ըլլար, Ժագոբ կ՚ըլլար կամ ալ Իակօ։
30-ական տարիքներուս էի, երբ առաջին անգամ այցելեցի Սպանիոյ ծանօթ ուխտավայր Սանթիակօ Տէ Քոմփոսթէլան։ Ենթադրեցի թէ սպանացիներուն Իակօն եւ մեր Սուրբ Յակոբը նոյն անձն են։ Շուտով նկատեցի որ սպանացիներու Իակօն Յիսուսի առաքեալներէն մէկն էր եւ մեր Սուրբ Յակոբը Մծբնցի հայ կամ ասորի ծագումով սուրբ մը։ Ուրախացած էի իմանալով թէ մեծ հօրս անուանակից սուրբը մեր այս կողմերէն, այժմու Մարտին քաղաքի Նուսայիպին, հայերէնով Մծբին գաւառէն է։ Ան ազնուական ընտանիքի մը զաւակ որպէս ծնած էր կարաւաններու ճանապարհին գտնուող Մծբին։ Գ. Դարու վերջերուն քրիստոնէութիւնը հետզհետէ կը տարածուէր այդ շրջաններուն մէջ։ Կարգ մը աղբիւրներ կը պնդեն թէ հայ մըն է ան, իսկ ուրիշներ ալ կը պնդեն թէ ասորի է։ Մէկ կէտ յստակ է հայոց Սուրբ Յակոբը եւ ասորէից Մոր Եաքոբը նոյն անձն են։ Դարձեալ յստակ տեղեկութիւնով գիտենք թէ ան ստացած է լաւ ուսում եւ երիտասարդ տարիքին ճգնած է ու երկար տարիներ ապրած քարայրի մէջ։ Սնանած էր բոյսերով ու միրգերով։
Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ հրաշքներ վերագրուած են իրեն ու երբ օրակարգի եկած է Մծբինի նոր եպիսկոպոս մը նշանակելու խնդիրը, ժողովուրդը մատնացոյց ըրած է երիտասարդ ճգնաւորը։ Ան այսպէսոգվ կը վերադառնայ քաղաքակրթութեան եւ Մծբնի մէջ կը հիմնէ աշխարհի հնագոյն ուսումնարաններէն մէկը՝ Մծբնի ակադեմիան։ Կը կառուցէ նաեւ Մծբնի առաջին եկեղեցին, որուն շինութիւնը կ՚աւարտի 320 թուին եւ կը նշուի, իբրեւ Միջագետքի հնագոյն եկեղեցիներէն մէկը։ Եկեղեցին այսօր ալ մասամբ կանգուն է եւ գրանցուած է ՈՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան ցանկին։
Սուրբ Յակոբ Մծբնայի անունին կը հանդիպինք նաեւ 325 թուականին գումարուած Նիկիոյ վեհաժողովի արձանագրութիւններուն մէջ։
Նոյան Տապանին ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան կատարին խարսխած ըլլալը առաջին պնդողներէն է Սուրբ Յակոբը։ Թերահաւատներուն ապացուցելու համար քայլ առ քայլ շրջած է Արարատ լեռը եւ յայտնաբերած է Նոյան Տապանին վերագրուած իրեր, որոնք այսօր կը ցուցադրուին Էջմիածնի մայրավանքի տաճարին մէջ։
Սուրբ Յակոբ կը վախճանի չորրորդ դարու կէսերուն եւ կը թաղուի իր կառուցած եկեղեցին։ Երբ Պարսիկներ 363 թուին կ՚արշաւեն Մծբինը կը բացուի Սուրբ Յակոբի դամբարանը եւ մասունքները նախ կը փոխադրուին Եթեսիա ապա Պոլիս ու կը ցրուին աշխարհասփիւռ հայ եկեղեցիներուն։ Այսօր ներառեալ ԱՄՆ-ն եւ Գանատայի կարգ մը եկեղեցիներ աշխարհի զանազան հայ եկեղեցիներուն մէջ կը պահպանուին Սուրբ Յակոբի մասունքները։
Գալով Սուրբ Յակոբի անուանակից մեծ հօրս, ան բոլորովին տարբեր տիպար մըն էր։ Աշխարհական ուրախութիւններով տոգորուած՝ զուարճանքը, կերուխումը, երգը, երաժշտութիւնը սիրող անձնաւորութիւն մըն էր։ Սորբ Յակոբի անուան տօնախմբութիւններն ալ իր այդ բնաւորութիւնը դրսեւորող ոգեւորութիւնով կը տօնուէր։
Մեծ հայրս Յակոբ Կալիպոլեցի դատաւոր եւ Ապտիւլհամիտի Արքայական Գանձի Նախարար Գասպար Էֆենտիի եւ Իսկուհի Չընարեանի որդին իբրեւ ծնած է 1886-ին։ Լաւ ուսում ստացած է, երիտասարդ կեանքին ձեռնարկած է առեւտուրին եւ ամուսնացած է Ռոտոսթոցի Ակոբովիչ ընտանիքի գեղանի դստեր Մաննիկի հետ։ Ամուսնութեան առաջին տարիները ապրած են Կալիպոլի եւ 1915-էն ետք ալ Պոլիս։ Հանգիստ կեանք մը վայելած են։ Ունեւոր են եւ Սուրբ Յակոբի Տօնակարութիւններուն մասնակցողներու թիւը կը յիշուի հարիւրներով։ Այդ ընդունելութիւններէն միակ գիտցածս։ Օրուայ գլխաւոր ուտեստն է, լորու միսով փիլաւը, որ մեծ մօրս իւրայատկութիւնը կը համարուէր։
Իմ յիշած տարիներուն այլեւս հարուստ ընտանիք մը չէինք համարուեր։ Հետեւաբար անուան տօնակատարութիւններն ալ աւելի համեստ էին։ Անուան տօնակատարութիւններու յատուկ սովորութիւնն է, որոշ ժամուն միասնաբար սեղան չէին նստեր, քանի որ օրնիբուն այցելուներ կ՚ըլլային եւ պէտք էր բոլորին հիւրասիրել։ Արդարեւ բոլոր ուտեստները սեղանին դրուած էին եւ եկողը պնակը լեցնելով տարբեր անկիւն մը կը քաշուէր։ Այսպէսով կը վերանար նաեւ սեղանին վրայ ով, որո՞ւ քով կամ ով, որո՞ւ դիմաց նստիի նման ձեւակերպութիւնները։
Եկողները հրաւիրեալներ չէին։ Հետեւաբար պատրաստութիւնները որոշ քանակութեան մը համաձայն չէին ըլլար։ Անուանատիրոջ յարգանք ցուցաբերել ցանկացող ամէն ոք կրնար դուռը թակելով ներս մտնել։ Այսպէսով ընկերային տարբեր խաւերուն պատկանող մարդիկ հետաքրքրական կերպով կողք կողքի կը նստէին։ Օրինակ մեր տան մէջ հայ հասարակութեան վերին խաւերէն անձեր, դաշնակահար մօրս արուեստագէտ բարեկամները, լրագրող հօրս գրոց-բրոց ընկերները, մեծ հօրս գործատեղիէն աշխատողներ, տան աղախինի ընտանիքի անդամները բոլորն ալ շնորհաւորութեան կու գային եւ նոյն մեծարանքը կը վայելէին։ Ընկերութեան աւելի համեստ խաւերէն եկող մարդիկ կը խրտչէին ու կը նախընտրէին դրան մօտ աթոռի մը եզրին տեղաւորուիլ։ Իսկ տնեցիները անոնք կ՚առաջնորդէին աւելի հանգիստ բազկաթոռներ։ Ես մանկական իմ դիտարկումով կը նկատէի թէ կարգ մը տիկնայք ու պարոնայք շատ ալ ուրախ չէին ըլլար մեր այս հիւրամեծարութենէն։
Մանկական յիշողութեանս մէջ դրոշմուած են Սուրբ Յակոբի օրերու կարգ մը տիպարները։ Անոնցմէ մէկն էր խենդ Պերճուհին։ Ամէն տարի անպայման կ՚այցելէր եւ երկիւղածութեամբ մեծ հօրս ձեռքը կը համբուրէր։ Խենդ կը կոչէին, որովհետեւ այդ տարիներու կանացի կերպարը գերազանցող վարք մը ունէր։ Պճնասէր էր։ Կը սիրէր մարմնի գիծերը բացայայտող հագուստներ հագուիլ եւ արդիսդի մը նման դիմայարդարուիլ։ Այսօրուայ նման կը յիշեմ շրթունքները ներկած կարմիր ռուժը։ Կը զգայի թէ բազում բամբասանքներ կը խօսուէին, որոնք յանկարծ կը լռէին իմ ներկայութիւնը նկատելով։ Իսկ ան միշտ ուրախ ու զուարթ էր։ Դռնէն ներս մտնելով «Յակոբ Քերայրը՜ս» ըսելով կը ճչար ու մեծ հօրս նախ ձեռքը, ապա այտերը կը համբուրէր։ Ընտանիքին մէջ բոլորս կը սիրէինք Խենդ Պերճուկը։ Անգամ մը կը յիշեմ դրան զանգը լսելով ես փութացած էի բանալու եւ ապա աղաղակած «Խենդ Պերճուհի դանդիկը եկա՜ւ» ըսելով։ Պերճուհին նախ զուարթ քրքջաց ապա զգուշացուց. «Տես եթէ այսպէս խօսիս քեզի ալ խենդ կ՚ըսեն»։ Պերճուհին յաճախ կ՚առարկէր իմ հագուստ կապուստիս։ «Աղջիկ ի՞նչ է այս հագուածդ։ Մայրապետ պիտի ըլլա՞ս։ Գնայ կարմիր ժապաւէն մը բեր որ մազիդ կապեմ» կ՚ըսէր։ Երբեմն ալ ծնողներուս կը խրատէր. «Սա աղջկան ականջները ծակեցէք։ Առանց օղի աղջիկ կ՚ըլլա՞յ»։
Հետաքրքրական հիւրերէն մէկն ալ Մըյմըյ Ժիրայրն էր։ Հակապատկերն էր Խենդ Պերճուկին։ Ընկճուած էր, ապերջանիկ։ Կինը լքած էր զինք եւ Ժիրայր չէր կրցած այդ հարուածէն ձերբազատուիլ։ Շուրջինները ձանձրացնելով կը պատմէր թէ ինչպէս կը փորձէր կնոջ իր հանդէպ սէրը կամ ուշադրութիւնը։ Դիտումնաւոր կերպով ծուռ կը կապէր փողկապը սպասելով թէ կինը պիտի նկատէ ու շտկէ։ Գիշերները դիտումնաւոր կերպով վերմակը բաց կը թողուր եւ քնացած ձեւացնելով կը սպասէր որ կինը անդրադառնայ ու վրան ծածկէ։
Մանկական յիշողութեան մէջ ինծի ուրախութիւն պատճառող պատկերներէն մէկն ալ հիւրերուն միասնաբար «հիփ, հիփ, հիփ Հուրրա՜» գոռալով բաժակ բարձրացնելն էր։ Ապա երգեր կ՚երգուէին։ Բոլորին ծանօթ ուրախ երգեր։ Ափսոս այդ երգերը սրբուած են յիշողութենէս։ Միայն կը յիշեմ «Լարից թմբրալալան», ուր բոլորը միաձանօրէն կը մասնակցէին «Հա՜, Հա՜ Հա՜» պոռալով։