Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ կը ցուցադրուին Եգիպտահայ լուսանկարիչ Վան Լէոյի գործերը։ Քաղաքի Ամերիկեան Համալսարանի Թահրիրի համալիրի «Ֆիւչըր Կալերիս Հոլ»ի մէջ կայացող ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 22 Փետրուար 2022։
Ցուցադրուած լուսանկարները կը նկարագրեն Գահիրէի ընկերական կեանքը Բ. Համաշխարհային Պատերազմէն մինչեւ 1990-ական տարեթիւերուն հասնող ժամանակահատուածի մը ընդմէջէն։
Վան Լէոյի ոսպնեակի միջոցաւ անմահացած են քաղաքի գիշերակին կեանքը։ Թատրոնի ու քապարէի աշխարհէն դէմքար, բազմազգի Գահիրէի օտար բնակիչներ եւ հասարակ ժողովուրդը։ Լուսանկարիչը իր բոլոր հաւաքածոն ժառանգած էր Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին։
Լէօ Վան Պոյաճեան ցեղասպանութեան յաջոդող տարիներուն Գահիրէ ապաստանած ընտանիքի մը զաւակն էր, որ 1941 թուին Գահիրէի մէջ հիմնած էր իր լուսանկարչական աշխատանոցը։ Ան իր գործունէութեան տարիներուն լուսանկարած է Թահա Հիւսէյին, Տորիա Շեֆիքի նման ազգային կերպարներ ու Էօմեր Շերիֆ, Ֆաթեն Համամ, Սամիյա Ճեմալի նման շարժանկարի աստղեր։