5 Դեկտեմբեր 2021-ին առաւօտեան, Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ օծումը կատարելէ ետք, նոյն խորանին վրայ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանեց մասնակցութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու։ Սուրբ Պատարագին սպասարկեցին Ոսկեբերան եկեղեցւոյ դպիրները իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան դպրաց դասը։ Գերապայծառ Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղւոյն եւ պետական իշխանութիւններուն, այս նորոգութեան աւարտին առթիւ եւ ծրագրեց ամէն տարի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանել, եւ հաւատքի լոյսը անպակաս պահել այս պատմական սրբավայրէն։
Եկեղեցին կառուցուած էր ԺԸ. Եւ ԺԹ. դարերու միջեւ։
2017 թուականին եկեղեցին Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ վերաշինութեան սկսած եւ աւարտած էր 2020 թուականին.
Ապրիլ 2020-ին եկեղեցին, մշակութային եւ գեղարուեստական ուսումնասիրութիւններու համար Տիճլէ համալսարանին յատկացուած էր երկար շրջանի մը համար, սակայն միշտ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին վերապահուած է հոն սրբազան արարողութիւններ կատարելը։