ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Վազք դանդաղ ընթացող ժամանակի դէմ

Վերջապէս հասաւ Դեկտեմբեր ամիսը։ Պարզապէս տարի մը եւս շրջեցաւ մեր կեանքէն։ Կը թեւակոխենք նոր, յոյսերով լեցուն տարի մը։ Եկուր տես որ անցնող տասնամեակներու փորձութիւնը ապացուցեց թէ որքան ալ յոյսերով լեցուն ըլլանք, անիմաստ է այդ յուսադրութիւնը, որովհետեւ ժամանակի ընթացճը շատ աւելի դանդաղ է, քան մեր կեանքի տեւողութիւնը։ Կարծես մեծ աճապարանք մը ունեցած ըլլանք, այս աշխարհի վրայ մեր կարճատեւ գոյութենէն կ՚ակնկալենք շատ մեծ բարեփոխումներ։ Մինչդեռ ըսինք արդէն, աշխարհի ընթացքը երբեք աճապարուած չէ։

Յետադարձ ակնակով մը կրնանք տեսնել թէ որքան մեծ ոստում մը եղած է անցնող դարերէն այս կողմ եւ որքան արագ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն համակերպած ենք մեծ դիւրութեամբ, կարծես թէ անոնք, այդ դրութիւնները ընդմիշտ գոյութիւն ունէին։ Օրինակի համար այսօր տասը տարեկանին հասած սերունդ մը կը դժուարանայ պատկերացնել թէ իր նախորդող սերունդը նոյն տարիքներուն չէր կրնար պատկերացնել իսկ բջիջային հեռախօս կոչուած գործիքը։ Մինչդեռ այսօր կարծես այդ գործիքի բացակայութեան դէպքին կեանքը կանգ պիտի առնէ։ Իրականութեան մէջ աճապարանքի տեղի տուողը գիտութեան հսկայ ոստումներն են։ Իւրաքանչիւր գիւտ իր հետ բերաւ նոր մտածելակերպ եւ գետին պատրաստեց յաջորդ մեծ գիւտին։ Ուրեմն այսօր որքան ալ անիմաստ թուի բոլորս սովորած ենք սովորական գնացքին հետզհետէ ոստումներու վերածուելու իրողութիւնը։

Բայց կ՚արժէ մտածել ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այս ոստումներու պայմաններուն մէջ անգամ կը դժուարանանք ուղիղ կողմնորոշուելու։ Կը դժուարանանք պատահածները ճշգրիտ ընկալելու եւ կրկին փորձուելէ խուսափելու մէջ։ Չէ որ կրկին փորձութիւնը յիմարութիւն էր, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ թէ կրկին ու կրկին քալենք նոյն սխալներով եւ մատնուինք նոյն անելին։

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը սխալինք եւ չեն յաջողիր մեզ շրջապատող սխալումներէն դուրս գալու։ Թերեւս ալ ճիշդ հոս է, որ մեզմէ կը պահանջուի գերմարդկային համբերութիւն մը։ Այս հանգրուանին է որ պիտի անդրադառնանք մեծ փոփոխութիւններուն համար անհրաժեշտ եղած ժամանակահատուածին։ Բայց միւս կողմէ արագօրէն կ՚անցնի կը սլանայ մեզի համար սահմանուած կեանքի տեւողութիւնը։ Այնպէս թէ այսպէս ահա կը շրջի տարի մը եւս եւ մարդ արարածը իր գոյութիւնը կը պահէ յոյս սնուցելով։

Ուրեմն օդին կամ ջուրին նման կարիքը ունինք յոյսին։ Չենք կրնար ուս թօթուելով ենթարկուիլ յոռետեսութեան ճիրաններուն։ Ի զուր չէ որ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի նշանաւոր Հան Էլ Հալիլլի շուկայի խանութպաններուն, երբ հարց կու տան գործերու մասին անոնք ընդմիշտ կը կրկնեն նոյն յանկերգը՝ «Վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ»։ Ուրեմն ինչու չէ՞, այդ վաղը կարելի է վերածել տարուայ ցուցակին եւ միամիտօրէն մխիթարուիլ յոսալով թէ գալ տարին աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Այդ պահուն կը մոռնանք անցնող տարուայ ընթացքին մեր կորսնցուցած սիրելիները։ Հետեւաբար չենք մտաբերեր նաեւ թէ արդեօք այս տարի ովքեր այդ դաժան ճամբորդութեան մէջ մեզ կիսատ պիտի թողուն ու մենք պիտի շարունակենք մեր երթը առանց իրենց։ Եւ անշուշտ աւելի կարեւոր հարցումը՝ «Վստա՞հ ենք թէ պիտի շարունակենք»։

pakrates@yahoo.com