ՀԻՒՍՆԻՒ ԿԻՒՐՊԷՅ
Հաստատ իրողութիւն է թէ յոյներ, հայեր, քիւրտեր եւ ասորիներ իրենց բնօրրանի տեղացի ժողովուրդներն են։ Անոնք ի դէմ բոլոր աւերներու, իրենց խոր հետքերը թողած են այդ հողերուն վրայ։
Իդարու սկիզբներուն, բազմազգի եւ բազմակրօն աշխարհագրութեան մը մէջ միազգանի պետութիւն մը հիմնելու նախաձեռնութիւնը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է։ Ազգային պետութեան ծրագրի հեղինակները իրենց ռազմավարութիւնը կառուցած են երեք սիւներու վրայ։
Ա- Տարածքաշրջանի Քրիստոնեայ տարրերը, այսինքն յոյները, հայերը եւ ասորիները տեղ չունին այս նոր կազմին մէջ։ Անոնք այս կամ այն եղանակով պիտի հեռացուին երկրի տարածքէն։ Պիտի արտօնուի միայն հսկելի քանակով բնակչութեան մը գոյութիւնը պահել, որպէսզի ի պահանջել հարկին օգտագործուին իբրեւ պատանդ։
Բ- Ազգային ծագումը, մայրենին ինչ որ ալ ըլլայ, բոլոր Մահմետական տարրերը պիտի ձուլուին Սուննի- Հանեֆի դաւանանքի մէջ ու պիտի թրքանան։
Գ- Մահմետական համարուող բայց այս ձուլման քաղաքականութեան դիմադրող քրտախօսները կամ ալեւիները պիտի ենթարկուին ծանր ճնշումներու ու հալածանքներու։ Անոնց կամքը պիտի կոտրուի մայրենի լեզուի, հաւատքի, մշակոյթի, արուեստական արտադրութիւններու խորտակոմով ու պատուազրկութեամբ։ Այսպէս ժամանակի ընթացքին պիտի ապահովուի նաեւ իրենց այլասերումը։ Փրոֆ. Պասքըն Օրան այս երրորդ տարբերակը կը բնութագրէ «խառն դրութիւն» եզրով ու կ՚ըսէ հետեւեալը՝. «Երբ ձուլման ռազմավարութիւնը ակնկալուած արդիւնքը չի տար, ապա կը գործադրուի էթնիկ եւ կրօնական մաքրագործումը։ Թուրք ազգային պետութիւնը երբ յուսալքուեցաւ Տէրսիմի շրջանը այլասերելու իր նպատակին մէջ, գործադրեց 1937- 1938 թուականներու կոտորածները եւ տարագրութիւնը։
Կրօնական ու մշակութային ինչքերու խորտակումէն ամենածանր տուժածները եղան Ղըզըլպաշ քիւրտերը։ Պատճառաբանելով թէ իրենք կը պաշտեն քարերուն, ծառերուն, ջուրին եւ բնութեան զանազան երեւոյթներուն, խորտակած են եւ կը շարունակեն խորտակել իրենց ուխտավայրերը։ Ներքեւի նկարը վար ապացոյցն է այդ սբապղծութեան։
Այս ժայրաբեկորը կը կոչուի Քալէ Սըփի եւ իրեն կը վերագրուի որոշ սրբութիւն։ Կը յիշատակուի երեկոյան աղօթքներու մէջ։ Զաւակազուրկ կանայք կամ վիժում ապրածներ տարեց ու այրի պարաւի մը առաջնորդութեամբ եօթ անգամ կը դառնան այս ժայրի շուրջ եւ աղօթքներ կ՚աղերսեն։ Կ՚արիւնեն իրենց հետ բերած աքլորի բբուկը եւ «նիյազ» (կարագով խարկուած ու երկաթի վրայ խանծուած խմորեղէն) կը բաժնեն։ Նկարը կ՛ապացուցէ ժայռի բեկանումը եւ գրառումներով կատարուած սրբապղծութիւնը։
Նման վայրագութեամբ արմատախիլ եղած են սրբավայր ըլլալով յարգուած բազմադարեան ծառեր եւս։ Շատ աւելի ծանր է գերեզմաններու վիճակը։
Նոյնը պատահած է հայոց եկեղեցիներու, մատուռներու, վանքըերու կամ գերեզմաններու համար։ Իսթանպուլէ դուրս բաւականին քիչ են մեր օրերուն հասած հայկական պատմամշակութային կառոյցները։ Մնացածներն ալ կ՚օգտագործուին իբրեւ ախոռ կամ յարդանոց։
Կը նկատենք թէ առաջին հերթին վնասուածները կրօնական շինութիւններ են։ Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութեան փորձով գիտենք թէ հասարակութեան մը կրօնականան ոչնչացումին կը յաջորդէ լեզուական ոչնչացումը։ Այդ իսկ պատճառաւ պետութեան կրօնական հակումներուն հակասող բոլոր սրբութիւնները պիտի խորտակուին։ Այս հաստատումը ի զօրու է ոչ միայն քրիստոնեայ հաւատքին, այլ ալեւի կամ էզիդիներու պարագային ալ։ Եթէ նպատակադրուած է ժողովուրդներուն պետութեան նախապատուութիւն տուած հաւատքին մէջ ձուլուիլը, բնականաբար պէտք է աւերուին անարժան համարուած հաւատի սրբավայրերը։ Այս հասկացողութիւնը պետութեան անգիր բայց պաշտօնական քաղաքականութիւնն է։
Ժողովուրդներու պատմութիւնը, մշակութային արժէքները եւ հաւատքի վայրերը ՄԱԿ-ի եւ անոր մշակութային կազմակերպութիւնը հանդիմացող ՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ երաշխաւորուած են։ Այդ երաշխիքին մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը։ Ուրեմն խորտակումը, որ կը շարունակուի այդ երաշխիքով հանդերձ սա շատ աւելի լուրջ խնդիր մըն է եւ նիւթ կը դառնայ միջազգային յանցագործութեան։ Արդեօք կարելի՞, է թէ այդ սրբութիւններու նկատմամբ անհանդուրժող գտնուողները քաղաքակիրթ աշխարհի պատուաւոր մէկ անդամը համարուին։ Երկիրներ կամ հանդուրժողական եւ ժողովրդավարական հասկացողութեան մը պիտի հետեւին եւ մասնիկը պիտի ըլլան քաղաքակիրթ աշխարհին կամ ալ թալիպներու նման պիտի մատնուին միջնադարեան խաւարին։
Իդէմ այս բոլորին Թուրքիոյ տեղացի, բնիկ ժողովուրդները կարծես այս օրերը նախատեսած ըլլան, որպէս կանխամիջոց իրենց հետքերը թողեր են անհասանելի բարձունքներու կամ խիտ անտառապատ տարածքներու վրայ։ Կարծես այսպէսով աղաղակած կ՚ըլլան «Հոս էինք, հոս կ՚ապրէինք» ըսելով։ Ներքեւի նկարին մէջ կը տեսնենք Քիղը եւ Տէրսիմի Փիւլիւմիւր գաւառի միջեւ անտառածածկ տարածքի մը վրայ ժայռափոր յուշարձանները։ Դիտումնաւոր կերպով կը խուսափիմ այդ վայր աւելի յստակ նկարագրելէ։
Յատկապէս անոնցմէ մէկը հսկայ ժայռի մը գագաթնամասի տաշուելով ձեւաւորուած է, որուն կեդրոնին հսկայ խաչ մը փորագրուած։ Կողքին կը նկատուի նաեւ աւելի փոքր չորս խաչեր։ Որեւէ գրութեան չեմ հանդիպած։ Այս հսկայ ժայռի արեւմտեան հատուածին աւելի փոքր խաչքար մը եւս կը նկատուի։