Թէեւ իւրաքանչիւր օր աղմկայարոյց նոր գայթակղութիւններու ականատես կ՚ըլլանք, անհաւատալիին հետ կ՚առերեսուինք եւ հետզհետէ կը կորսնցնենք զարմանալու կամ շշմելու յատկութիւնը, անդին աչքթող կ՚ընենք շատ կարեւոր զարգացում մը, որն է հասարակութեան բեւեռացումը։
ԶԼՄ-ներու յատուկ լրատուութեան սովորոյթ մըն է տեսախցիկ մը եւ ձայնագրիչ գործիք մը վերցնելով փողոց իջնել եւ պատահական մարդկանց հարցումններ ուղղել յատկապէս իրենց առօրեայ ապրուստին վերաբերող նիւթերու շուրջ։ Սակայն այս դրութիւնը վերջերս սկսած է պատճառ դառնալ փողոցային հակաճառութիւններու։ Մէկը որ տեսախցիկի դիմաց իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ սղաճի կամ գործազրկութեան նման նիւթերու մասին, կողքին յանկարծ կը յայտնուին մարդիկ, որոնք կը միջամտեն զրոյցին եւ կը հակաճառեն պաշտպանելով գործող իշխանութիւնը եւ մանաւանդ Նախագահ Էրտողանը։ Գոյացած պատկերը ապացոյցն է հասարակութեան բեւեռացման։ Այսպէս զգալի կը դառնայ նաեւ ուսման մակարդակի կամ տարիքի տարբերութեան ալ՝ այդ բեւեռացման մէջ ունեցած դերակատարութիւնը։ Մտահոգիչ երեւոյթը կը գոյանայ, այն պահուն երբ կը նկատուի թէ հակաճառութիւնը հետզհետէ կը վերածուի անխնայ թշնամութեան։ Ներկայ պայմանները ահազանգ մըն են հաւանական ընտրութեան մը առկայութեան դէպքին գոյանալիք սրուածութիւններու համար։
Անցնող մէկ շաբաթուայ ընթացքին յիշատակուեցաւ Կանանց Միջազգային Պայքարի Օրը, իրաւաբան Թահիր Էլչիի սպանութեան վեցերորդ տարելիցը, Մերսինի Կուսակալութեան Հանրապետական Կուսակցութեան հանրահաւաքին արգելք ըլլալու ջանքերը, Արաբական Էմիրատներու գահաժառանգ իշխանի այցելութիւնը, Սետաթ Փեքերի նոր հրապարակումները, Գորշ Գայլերու հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշի յիշատակման հանդէսին ուղղեալ յարձակումը, լիրայի յարատեւ անկումը, Կեդրոնական Դրամատան այդ անկման միջամտելու ապարդիւն ջանքերը, կանանց դէմ յարձակումներու քանի մը նոր օրինակներ, թոռնիկը բռնաբարող մեծ հօր մը պարզած խայտառակութիւնը, բժիշկներու աշխատանքային իրաւունքները պաշտպանելու համար դէպի Անգարա երթը եւ տակաւին շատ շատ աւելին։
Քաղաքակիրթ երկրէ մը ներս վերոնշեալ խորագիրներէն իւրաքանչիւրը օրեր շարունակ օրակարգ զբաղեցնելու արժանի նիւթեր են։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ կը ծագի ու կը մարի ժամերու տեւողութեամբ իր տեղը զիջելով նոր գայթակղութեան մը։ Փոխանակ անոնցմէ ոեւէ մէկը իբրեւ գլխաւոր նիւթ ընտրելու, այս շաբաթ նախընտրեցինք համայնապատկեր մը ներկայացնել երկրի ընդհանուր տեսարանին եւ առօրեայի վերաբերեալ։