Համավարակի յայտնութենէն այս կողմ մօտ 20 ամիս անցած է, սակայն տակաւին ստիպուած կը մնանք զանազան հանդիպումները, աշխատաժողովները եւ բանախօսութիւնները առցանց լսարրանի պայմաններով իրականացնելու։ Առցանց դրութեան մէջ վերացած է անձնական հաւաքներու ազդեցութիւնը եւ ալ աւելի դժուար դարձած է լսարանը ներգրաւուած պահելու կարողութիւնը։ Այս խնդիրը յաղթահարելու եղանակները քննարկելու համար Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ 8 Դեկտեմբեր 2021 Չորեքշաբթի ժամը 11.00-15.00-ի միջեւ Քլինթոն Դու Պրյէզի կողմէ կ՚անցկացուի աշխատաժողով մը, որ կը քննարկուին հետեւեալ խորագիրները։
* Ինչպէս կարելի է մարդկային կապը եւ կարգացանկը կրկին դարձնել հանդիպումներու թիրախին, մանաւանդ այն ոլորտէ ներս, որ կեդրոնացած է մարդու իրաւունքներու ընդլայնման վրայ։
* Ի՞նչ կը նշանակէ ազդեցիկ հանդիպումներու ժողովավար, կազմակերպիչ եւ մշակող։
* Ինչպէ՞ս օգտագործել տարբեր դրութիւններ եւ հարթակներ՝ յոգնածութեան եւ շեղումներու դարաշրջանին առցանց եւ անձնական հանդիպումներու արդիւնաւէտութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը վերականգնելու համար։
Աշխատանոցի վարիչ Քլինթոն Դու Պրյէզ խմբակներու եւ անհատներու զարգացման իր աշխատանքը սկած է Հարաւային Ափրիկէի ընդդիմադիր Դեմոկրատական Դաշինք կուսակցութեան շրջանակներուն մէջ։ Այս աշխատանքի ընթացքին ան մշակած է կուսակցութեան քաղաքական առաջնորդներու եւ գործադիր կազմի անդամներու զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ։
2018 թուականին կը նշանակուի քարոզարշաւի ղեկավարի տեղակալ, ուր վերապատրաստումներ կ՚անցկացնէ 2019 թուականին ընդհանուր ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընդառաջ։ Այս պաշտօնին վրայ ան պատասխանատու էր ամբողջ երկրի տարածքին աւելի քան 50 հազար կուսակցական կամաւորներու վերապատրաստումէն։ Նաեւ կ՚ուսուցանէր կուսակցութեան բարձրագոյն առաջնորդները բանավէճերու եւ ԶԼՄ-ներու հետ հարցազրոյցներու ժամանակ։
Ներկայիս ան կը բնակի Քեյփթաուն, որպէս «Anew» կազմակերպչական եւ մարդկային զարգացման խորհրդատուական կազմակերպութեան անդամ։