ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Համայնքի կազմութիւն կամ լուծարք

Բնա­կանա­բար հա­մամարդկա­յին խնդիր մըն է սփիւռք հա­սակա­ցողու­թիւնը։ Պատ­մութեան մէջ զա­նազան ժո­ղովուրդներ տար­բեր բնոյ­թի պատ­ճառնե­րու բեր­մամբ իրենց բնօր­րա­նէն շատ հե­ռու վայ­րե­րու մէջ կազ­մած են սփիւռքներ։ Հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան մէջ դար­ձեալ հին ժա­մանակ­նե­րէն եկող իրո­ղու­թիւն մըն է առեւտրա­կան նպա­տակ­նե­րով սփիւռքնե­րու գո­յու­թիւնը։

Իսկ երբ որ հայ ժո­ղովուրդը հա­յրե­նազուրկ դար­ձաւ Հա­մաշ­խարհա­յին Ա. Պա­տերազ­մի աւար­տին պար­տա­դիր գո­յացուց սփիւռքի կեդ­րոններ։

Պո­լիսը գաղ­թօ­ճախ մը չըլ­լա­լով հան­դերձ, աւե­լին՝ արեւմտա­հայոց մշա­կոյ­թի մայ­րա­քաղաք ըլ­լա­լով հան­դերձ վեր­ջին հա­շուով սփիւռքի օր­րան մըն է հա­յրե­նախոյզ իր դիր­քով։ Ար­դա­րեւ ան ալ առա­ջին հեր­թին կազ­մա­կեր­պո­ւած է կեդ­րոն ու­նե­նալով եկե­ղեցին։ Եւ ան կը հան­դի­սանայ Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ չորս նո­ւիրա­պետա­կան աթոռ­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով։ Սա­կայն ըն­կե­րային կեան­քի ան­ցուդարձնե­րը ժա­մանա­կի ըն­թացքին գո­յացու­ցին ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան նոր միտ­քեր եւ կազ­մա­կեր­պո­ւածու­թիւնը ճո­խացաւ կու­սակցու­թիւննե­րու, միու­թիւննե­րու, մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու եւ այլ կա­ռոյցնե­րու մի­ջոցաւ։

Այ­սօր դար­ձեալ ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րու հե­տեւան­քով իւ­րա­քան­չիւ սփիւռքի կեդ­րո­նին մէջ ու­նինք տար­բեր բնոյ­թի կազ­մա­կեր­պութիւն։ Իս­թանպու­լի օրի­նակը նկա­տի ու­նե­նալով կը տես­նենք թէ եկե­ղեց­ւոյ դե­րակա­տարու­թիւնը գե­րակ­շիռ է այդ բո­լորին մէջ եւ վեր­ջին 30 տա­րինե­րուն եկե­ղեց­ւոյ մէջ ձե­ւաւո­րուող վար­կազրկու­մը իր բա­ցասա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը կ՚ու­նե­նայ ամ­բողջ հա­մայնքի մը վրայ։ Այ­սօր Պոլ­սոյ օրի­նակով ի վի­ճակի չենք կազ­մա­կեր­պեալ հա­մայքնի մը պատ­կե­րը ներ­կա­յաց­նե­լէ։ Մի առ մի կը կորսնցնենք հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու հե­ղինա­կու­թիւնը։ Այդ կո­րուստի վառ ապա­ցոյ­ցը սա­նուց միու­թիւններ հա­սկա­ցողու­թեան սնան­կա­ցումն է։ Ան­ցեալին մեծ յոյ­սեր վե­րագ­րե­լով կազ­մո­ւած այդ միու­թիւննե­րը ներ­կա­յիս բո­լորո­վին կորսնցու­ցած կ՚երե­ւին իրենց հե­ղինա­կու­թիւննե­րը։ Այս նա­հան­ջի գլխա­ւոր գոր­ծօ­նը եղած է ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան միտ­քի բա­ցակա­յու­թիւնը։ Քա­ղաքա­կանու­թե­նէ հե­ռու մնա­լու սկզբունքը ամ­բողջո­վին քա­ղաքա­կան մերձեցում մը ըլ­լա­լով տո­ւած է հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու անի­մաս­տութեան հե­տեւան­քը։

Մինչդեռ պէտք էր տար­բե­րել կու­սակցա­կան մրցակ­ցութիւննե­րը եւ քա­ղաքա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւննե­րը։ Փոք­րա­մաս­նութիւն կազ­մող հա­ւաքա­կանու­թեան մը հա­մար հասկնա­լի է կու­սակցա­կան բա­ժան­մունքնե­րէ զերծ մնա­լու մար­մա­ջը։ Բայց անըն­դունե­լի է առանց քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութեան հա­սարա­կական կեան­քի մը գո­յատե­ւու­մը։ Այ­սօր հա­մայնքի կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը մե­ծաւ­մա­սամբ մատ­նո­ւած են պա­տեհա­պաշտ ան­ձանց հսկո­ղու­թեան։ Անոնք միայն պա­հի հրա­մայա­կան­նե­րը դի­մագ­րա­ւել պի­տի ջա­նան եւ ոչ մէկ պատ­կե­րացում պի­տի ու­նե­նան ապա­գայի հե­ռան­կար մը կազ­մե­լու հա­մար։

Այս յօ­դուա­ծի ներշնչու­մը եկաւ Սուրբ Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ գործնա­կանա­պէս ան­գոյ թա­ղակա­նու­թեան Էսաեան Սա­նուց Միու­թիւնը կա­ցինա­հարե­լու վեր­ջին որո­շումնե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Սխալ կ՚ըլ­լանք եթէ կար­ծենք թէ Էսաեան Սա­նուց Միու­թեան գոր­ծունէու­թիւնը խա­փանո­ղը թա­ղական խոր­հուրդն է։ Այլ ինք միու­թեան վար­չութիւ­նը ճիշդ ալ միւս միու­թիւննե­րու նման իր հե­ղինա­կու­թիւնը կորսնցնե­լով գե­տին պատ­րաստեց այս քայ­քա­յու­մին։ Ոչ ան­հատնե­րը, այլ ամ­բողջ հա­մայնք մը պա­տաս­խա­նատու ենք կազ­մա­լուծման այս երե­ւոյ­թին դիմաց։

pakrates@yahoo.com