Երկրի մատնուած տնտեսական ճգնաժամը ծանր բեռի տակ կը դնէ բոլոր այն երիտասարդները, որոնք նպատակադրած են համալսարանական ուսում ստանալ։ Յատկապէս պատսպարման խնդիրը լուրջ խոչընդոտ մըն է, բոլոր այն ուսանողներուն համար, որոնք ուսում ստանալու նպատակաւ կ՚երթան մեծ քաղաքներ։ Արդարեւ ուսման տարեշրջանի սկզբին անօթեւան մնացած ուսանողները իրենց բողոքը տեսանելի դարձնելու համար գիշարած էին համալսարաններու մուտքի դարպասներուն առջեւ կամ զբօսայգիներու մէջ։
Թուրքիոյ հայ համայնքէ ներս այս բեռը թեթեւցնելու համար զանազան հաստատութիւններ կրթաթոշակներ ապահովելով կը զօրակցին ուսանողներուն։ Այդ հաստատութիւններէն մէկն է Կէտիկփաշա թաղի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցին, որ ինչպէս նախորդ տարիներու այս տարի ալ 157 աշակերտներուն կրթաթոշակ ապահոված է։
Եկեղեցին կրթաթոշակ տալու համար կ՚օգտուի ողբացեալ բարերար Յովնան Փալաքաշեանի կտակէն։