Թուրքիոյ հետզհետէ բարձրացող սղաճով ողողուած տնտեսական ճգնաժամի գլխաւոր գործօնն է լիրայի անկումը։ Արդարեւ թրքական լիրան օտար դրամներու դիմաց աւելի քան 35 տոկոսի անկում մը ունեցաւ կարճ ժամանակի ընթացքին։ Երկրի հասարակութիւնը տարիներու փորձով գիտէ թէ ազգային դրամի արժեզրկումը կը հրահրէ շուկայի սղաճը։ Թուրքիոյ նախագահը իր միահեծան վարչաձեւով կը միջամտէ երկրի զանազան բնոյթի որոշումներուն։ Այսպէս ինքզինք տնտեսագէտ ըլլալով ներկայացնող Էրտողան յաճախակիօրէն ճնշում կը բանեցնէ Կեդրոնական Դրամատան վարչութեան վրայ, տոկոսներու սակը իջեցնելու համար։ Այդ առումով կատարուած իւրաքանչիւր քայլի փոխարէն ալ աւելի զգալի կը դառնայ թրքական լիրայի արժեզրկումը։ Էրտողան այս երեւոյթն ալ կը ներկայացնէ իբրեւ նախընտրութիւն մը յանուն արտածման կարելիութիւններու վերելքին։ Էրտողանի համոզմամբ լիրայի արժեզրկումով Թուրքիա կ՚ապահովէ աւելի մրցակցական առաւելութիւն մը արտածման դաշտի մէջ։
Երկար տարիներու սխալ կողմնորոշումներու հետեւանքով Թուրքիոյ արտադրութեան կարողութիւնը կախեալ է ներածումներէ Հետեւաբար դրամի արժեզրկումը ուղղակիօրէն կը ցոլանայ շուկայի գիներուն վրայ։
23 Նոյեմբեր երեկոյեան ժամերուն եւ յաջորդող օր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները արտակարգ ժողովներով խորհրդակցութիւններ ունեցան իրենց կազմի տնտեսագէտներուն հետ։ Անոնք համարեա միաձայնեցան ոչ թէ կանխահաս, այլ շտապ եւ իսկոյն կատարուելիք ընտրութիւններու անհրաժեշտութեան մասին։
Միւս կողմէ Իսթանպու, Անգարա, Իզմիր եւ Էսքիշեհիրի նման քաղաքներու մէջ ժողովուրդը խումբ առ խումբ փողոց ելաւ կառավարութեան հրաժարումը պահանջող վանկարկումներով։ Հասարակութիւնը այլեւս կը դժուարանայ սղաճը դիմաւորելու խնդրին մէջ։ Անդին կուսակցութիւններն ալ մտահոգութիւն կը յայտնեն նման ցոյցերուն կառավարութեան կողմէ շահագործուելու հաւանականութեան մասին։ Զարգացումները հետզհետէ աւելի կը յստակեցնեն այն պատկերը, որու մէջ Թուրքիա օրըստօրէ կը մխրճուի տնտեսական ճգնաժամի մը։