«Շաբաթներօեայ Մայրեր» անուն հարթակը 1995-էն այս կողմ պետական պաշտօնեաներու ձեռքով անյայտ կորած հարազատներուն համար արդարւթիւն կը պահանջէր եւ ամէն շաբաթ օր հանրահաւաք կը կազմակերպէր Կալաթասածայի Հրապարակին վրայ։
Կէս ժամ տեւողութեամբ այդ հանրահաւաքի ընթացքին իւրաքանչիւր հանդիպման անյայտ կորածներէն մէկը լուսարձակի տակ կ՚առնուէր եւ կը փոխանցուէր անոր բերման ենթարկուելու դրուագը։
25 Օգոստոս 2018-ին «Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ը երբ կը պատրաստուէին 700-րդ հանդիպման յանկարծ ենթարկուեցան ոստիկանական բռնի յարձակումին։ Վայրկեաններու ընթացքին արցունքաբեր կազերով լցուած հրապարակին վրայ տասնեակներով ցուցարարներ գետինները գաշքշուելով բերման ենթարկուեցան։ Այդ միջադէպէն ետք «Շաբաթնեօրեայ Մայրեր»ը անգամ մըն ալ չկրցան տիրանալ իրենց մէկտեղման վայրին՝ Կալաթասարայի հրապարակին։ Աւանդաբար մարդու իրաւունքներու գրասենեակին գտնուած փողոցը կայացող մէկտեղումները 2020-ի Մարտէն ետք ալ ընդհատուեցան համավարակի պատճառաւ։ Սակայն «Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ը այդ պայմաններու մէջ ալ շարունակեցին իրենց հերթական յայտարարութիւնները, այս անգամ առցանց դրութեամբ։
Վերեւ նշուած ոստիկանական միջամտութեան ընթացքին 47 անձեր բերման ենթարկուած էին, որոնցմէ 46-ի դէմ «Օրէնքներու ընդդէմ հանրահաւաք կազմակերպել»ու մեղադրանքով դատ բացուած է։ Այս անհիմն պնդումով բացուած դատին նիստը կայացաւ 24 Նոյեմբերին Չաղլայանի 21-րդ Հիմնական Պատժական Ատեանի մէջ։
Դատական նիստին ընդառաջ մարդու իրաւունքներու պաշտպան բազմաթիւ ազգային եւ միջազգային կազմակերպութիւններ յայտարարութիւն մը հրապարակելով զօրակցութիւն յայտնեցին «Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ուն։