Հայստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեան Ֆրանսական «Լէ Ֆիկարօ» թերթի տուած հարցալրոյցին, կը յայտնէ թէ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար Թուրքիա նոր պայմաններ կ՚առաջադրէ։ Միրզոյեան նշելով Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ Ատրպէյճանին ընդձեռած քաղաքական ու զինուորական աջակցութիւններով, վարձկան ահաբեկիչներ փոխադրելով հանդէպ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու։
Միրզոյեան այս մասին ըսաւ հետեւեալը. «Թէեւ Թուրքիայէն ստացած ենք երկխօսութիւնը վերահաստատելու համար ազդանշաններ, բայց խնդիրը կը շարունակէ բարդութիւններ պարունակել։ Անգարա նոր պայմաններ կ՚առաջադրէ։ Կը նշէ Ատրպէյճանը ու Նախիջեվանը իրարու կապող միջանցք մը։ Այս նիւթը մեզի համար խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ։ Պետութիւններ իրենց հողերուն վրայ գերակշռութիւնը պահելով կրնան թրանսիթ անցերու առիթ ընդձեռել։ Համոզուած ենք թէ տարածքաշրջանի բոլոր հաղորդակցութիւնը պէտք է բաց ըլլայ»։
Միրզոյեան յաւելեց ըսելով թէ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։
Անշուշտ որ օրակարգի է տարակարծութեան վերջնական լուծումը։ Սակայն այս հանգրուանին ռազմագերիներու փոխանակումը եւ գլխաւորութեամբ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ոչնչացման եզրին հասած հայ պատմամշակութեային ժառանգութեան հետապնդման համար փոքր քայլեր ապահովելու խնդրին մէջ համաձայնած ենք։ Այս մասին իբր օրինակ կրնամ թուել Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցին, որ աւերուած էր ԱԹՍ-ներու ռմբակոծումով։ Ներկայիս վտանգուած է Արցախի 1500 մշակութային կոթող եւ 19 հազար թանգարանային նմոյշ։
Միւս կողմէ ՀՀ. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան ալ յայտնեց թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման միջնորդութիւն ընելու համար դիմած են Մոսկուային։ Յունանեանի համաձայն ներառեալ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը շարք մը երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման միջնորդելու համար։