Պրիւքսելի ընդառաջ եռակողմ հանդիպում Սոչիի Մէջ

Եւրոմիու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն Ար­ցա­խեան հա­կամար­տութեան մէջ դե­րակա­տարու­թիւն ստանձնե­լու փորձ մըն էր այն հան­դի­պու­մը, որ պի­տի կա­յանայ 15 Դեկ­տեմբե­րին Պրիւքսե­լի մէջ։ Այս լու­րի հրա­պարա­կու­մէն ան­մի­ջապէս ետք Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խագահ Փու­թին Պրիւքսե­լեան ժո­ղովին ըն­դա­ռաջ Փա­շինեանի ու Ալիեւի հրա­ւէր ուղղեց 26 Նո­յեմ­բե­րին Սո­չիի մէջ եռա­կողմ հան­դիպման։

Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետի աշ­խա­տակազ­մը 23 Նո­յեմ­բե­րին հաս­տա­տեց Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի այս հան­դիպման մաս­նակցու­մը։ Կը հա­ղոր­դո­ւի նաեւ, որ Սո­չիի մէջ Փու­թին առանձնազ­րոյցներ պի­տի ու­նե­նայ Ալիեւի եւ Փա­շինեանի հետ։

Կը նշո­ւի, որ երեք ղե­կավար­նե­րը պի­տի քննար­կեն Ար­ցա­խի մէջ խա­ղաղ կեան­քի հաս­տատման եւ կա­յու­նութեան ամ­րապնդման ուղղո­ւած հե­տագայ քայ­լե­րը։

Այսպէ­սով Փու­թին ան­գամ մը եւս շեշ­տադրած* եղաւ տա­րած­քաշրջա­նի ան­ցուդար­ձե­րուն մա­սին իր անու­րա­նալի* գե­րակա­յու­թիւնը*։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ