23 Նոյեմբեր 2021 թուականը յատկանշական դարձաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան զգալի անկումին առումով։ Վերջին օրերուն յարատեւ կերպով արժեզրկուող թրքական լիրան այդ օր անսպասելիօրէն գերազանցեց իր դէպի անդունդ վայրէջքը եւ հասաւ աննախադէպ ցած մակարդակի։
Լիրայի արժեզրկման բնական հետեւանքը անտանելի դարձած սղաճն է։ Թուրքիոյ հասարակութիւնը ալ աւելի ծանր պիտի տանի շուկայի այս ճգնաժամը, քանի որ երկրէ ներս համարեա բոլոր արտադրութիւնը կ՚ընթանայ ներածումի վրայ։ Ճարտարագիտական արդիւնաբերութիւնը կ՚օգտագործէ ներածուած նախանիւթ։ Ելեկտրական ուժանիւթ արտադրող կայանները կը գործեն ներածուած բնական կազով։ Հողագործը հողը պարարտացնելու համար կը գործածէ ներածուած պարարտանիւթ, որպէսզի աճեցնէ ներածուած հունտը։
Ժողովուրդը որքան ալ յանկարծակիի զգացումով տարուի, իրականութեան մէջ պատահածը անխուսափելիի գալուստն է։
Աւելի քան 40 տարիներ առաջ էր, երբ Պետական Բլանաւորման Կազմակերպութեան նախկին նախագահ Թուրկուտ Էօզալ իբրեւ վարչապետ Տեմիրէլի տնտեսական խորհրդատու, օրակարգի կը բերէր նոր ընկալում մը, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ծանօթ է «24 Յունուարի Որոշում» կոչումով։ Այդ որոշումները կեանքի կոչելու համար 12 Սեպտեմբեր 1980-ին կատարուեցաւ զինուորական յեղափոխութիւն եւ մինչեւ օրս երկիրը անձնատուր եղած է այդ ֆաշիստական մտայնութեան, որու պաշտօնական անուանումն է «Ազատ շուկայի տնտեսութիւն»։
Համաշխարհայնացում պիտակով շրջանառութեան դրուած տնտեսական նոր համակարգը իրականութեան մէջ մեծ խաբկանք մըն էր։ Մրձակցական շուկան իբրեւ թէ պիտի բարձրացներ ապրանքներու որակը եւ պիտի արժանացնէր գիները։ Բայց դառն փորձը ապացուցեց ընդհակառակը։ Արտադրական ոլորտը մեծ ընկերութիւններու ամուսնութեամբ վերածուեցաւ գերազգային մենատիրութիւններու սեփականութիւն, որոնք նաեւ կը հսկեն համաշխարհային քաղաքականութիւնը։
Էրտողանի իշխանութիւնը չ՚ունենալով այդ համակարգին մասնակցելու լծակներ, փորձեց խռովարար միջոցներով ինք եւս տեղ ունենալ այդ բեմին վրայ։ Որոշ ժամանակ արդիւնք քաղեց իր սպառնալիքներով, բայց վերջ ի վերջոյ ցամքեցան նաւարկելի ջուրերը եւ նաւը խարսխեցաւ յատակին։
Իբրեւ նաւավար ճարահատ է Էրտողան, քանի որ իրողութիւնը քօղարկելու ուղղեալ բոլոր ջանքերն ալ ապարդիւն մնալու դատապարտուած են։
Որդնոտած միս ուտելու դէմ ապստամբած էին «Փոթեմքին»ի նաւաստիները։ Թուրքիոյ օրինակին ոչ միայն միսը, այլ անոր նեխելուն արգելք ըլլալիք աղը որդնոտած է։ Հետեւաբար Էրտողանի նաւը անգամ մը եւս լողալու հնարաւորութիւնը չունի։
Այս պայմաններու տակ երբ նաւավարը բոլորէն առաջ չի լքեր նաւը, վախ կայ մի այլ վարկածի մասին՝ չըլլայ որ այրէ նաւը։
Տնտեսական ճգնաժամը զանազան գործօններու բերմամբ կրնայ գոյանալ։ Ի վերջոյ ողջամիտ կերպով կը ստուգուի տեղի տուող պատճառները եւ որոշ միջոցներու գործադրութեամբ կը յաղթահարուի անելանելը։
Թուրքիոյ օրինակով գոյացած պատկերը ո՛չ թէ սխալումի, այլ ի սկզբանէ յայտնի նախասիրութեան մը հետեւանքն է, որ նպաստաւոր եղած է որոշ հատուածի մը, ի գին ամբողջ երկրի մը սնանկացման։
Այսքան յոռետես յօդուածը եկէք աւարտենք երկու լաւատես անուններու՝ Աշուղ Ճիվանիի եւ Չեթին Ալթանի խրատներով։ «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան» ըսած էր Ճիվանին։ Իսկ Ալթան կը յորդորէր «Ծոծրակնիդ մի խաւարէք»։