Երեք օրրաներու միջեւ ճանապարհորդութիւն

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Մեր կենաց Ժխտա­կան պատ­կերնե­րը, եր­բեմն չենք գի­տէր, թէ՝ ինչպի­սի երե­ւոյթնե­րու ակա­նատես­նե­րը կը դարձնեն մեզ։ Դժո­ւարու­թեան մօտ դիւ­րութիւն մը, նե­ղու­թեան մօտ համ­բե­րու­թիւն մը, խռո­վու­թեան մօտ խա­ղաղու­թիւն մը եւ բազ­մա­պիսի ժխտա­կան պատ­կերնե­րու մօտ թագ­նո­ւած խորհրդա­ւոր աղէ­կու­թիւն մը կրնայ գտնել մարդ արա­րածը առ հա­սարակ։ Իրա­պէս կեան­քը հա­կապատ­կերնե­րով գու­նա­ւորուած, անսպա­սելի անակ­նալնե­րով իմաս­տա­ւորո­ւած ապ­րումնե­րու հա­ւաքա­ծոյ մը չէ՞։ Ահա նման պա­րագա­ներուն յա­ճախա­կիօրէն «Աս­տո­ւած մեծ է», «Հա յր Աս­տո Կը նշուի, որ երեք ղեկավարները պիտի քննարկեն Արցախի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած հետագայ քայլերը։ ւած», «զգործս ձե­ռաց մե­րոց ու­ղիղ արա ի մեզ Տէր» նա­խադա­սու­թիւննե­րը ար­տա­սանե­լով, չե՞նք սկսած մեր ոտ­քե­րով եւ կամ մտքով ու­ղե­ւորու­թեան։

Պո­լիսէն դէ­պի Թիֆ­լիզ եւ ապա՝ Ս. Էջ­միածին եր­կա­րած ճա­նապար­հորդու­թեանս ըն­թացքին ակա­նատե­սը եղայ այնպի­սի երե­ւոյթնե­րուն, հոգ­ւոյս մէջ զգա­ցի այնպի­սի խորհրդա­ւոր ար­ձա­գանք մը պատ­մա­կան, որ մոռ­ցուց շա­րու­նա­կական ու­ղե­ւորու­թիւնը եւ եր­կա­րատեւ ճա­նապար­հին պատ­ճառ դար­ձած յոգ­նութիւ­նը մարմնա­կան։ Առա­ջին իսկ մէկ օրէն, փա­փաքն ու­նե­ցած էի վեր­լուծել տե­սած­ներս, ու­զած էի Թիֆ­լիզ քա­ղաքի մա­սին եզ­րա­կացու­թեան մը հան­գիլ եւ յա­ջոր­դիւ գրիւ փո­խան­ցել այս բո­լորը։ Ճիշտ շա­բաթ մը առաջ սկսած ու­ղե­ւորու­թեան ճա­նապար­հագրու­թեան մա­սին, առի­թը ու­նե­ցայ քիչ մը մտա­ծել, քիչ մը զրու­ցել եւ յա­ջոր­դիւ ահա լաւ առիթ է, որ ներ­կա­յաց­նեմ այն ինչ որ տե­սայ։

Հար­ցով մը դի­մել կ՚ու­զեմ նախ եւ առաջ ըն­թերցա­սէր ան­ձանց։ Եթէ հնա­րաւո­րու­թիւնն ու ժա­մանա­կը ու­նե­նայիք, եր­կար ճա­նապա՞րհ մը կ՚ընտրէիք որ­պէս ու­ղե­ւոր, ապա, թէ ոչ՝ կար­ճը ընտրե­լով պի­տի բա­ւարա­րուէիք։ Վստա­հաբար երկրոր­դը պի­տի ընտրէինք շա­տերս, փա­րելով միշտ դիւ­րի­նին։ Եթէ առիթն ըն­ծա­յուէր, վստա­հաբար ես եւս պի­տի ընտրէի կարճ ու կտրուկ ճա­նապար­հը։ Բայց հա­կապատ­կեր մը ահա, այստեղ ըսել կ՚ու­տայ, թէ՝ լաւ է եղեր եր­կա­րատե­ւը այս ան­գամ, քան թէ՝ կար­ճա­տեւը։

Ահա փոք­րիկ սա­կայն պատ­մութեամբ հա­րուստ Թիֆ­լիզն էր պատ­ճա­ռը, որ որ­պէս պատ­մա­կան վկա­յարան եւ պայ­քա­րող սփիւռք, կը դառ­նար այ­ցե­լու­նե­րուն մօտ ներշնչան­քի աղ­բիւր։ Հա­յեցի շունչով, ոգիով, մտա­ծելա­կեր­պով, հա­ւատ­քով լի այդ քա­ղաքն էր, որ տա­կաւին առա­ջին իսկ պա­հէն առինքնող կո­թող­նե­րով կը խօ­սէր, թէ՝ ան ան­ցեալին չէր եղած միայն լոկ քա­ղաք, այլ՝ բարձրա­ցած էր հայ­կա­կան ճա­շակով, գի­տու­թեամբ եւ հա­ւատ­քով ու վե­րածո­ւած՝ հո­գեւոր եւ գրա­կան պատ­մութիւն բու­րող ծաղ­կաստա­նի մը։

Ճա­նապար­հորդու­թեանս առա­ջին կա­յանն էր Պո­լիսը, եկե­ղեցի­ներով, դպրոց­նե­րով, հաս­տա­տու­թիւննե­րով կան­գուն մնա­ցած մեր քա­ղաքը։ Ու­րեմն հա­կիրճ անդրա­դարձ ակ­նարկ մը նախ դէ­պի Պո­լիսին… Եր­բեմնի Պո­լիսը, որ Հայ գի­րի ու գրա­կանու­թեան մայ­րա­քաղաք դար­ձեր է ան­ցեալին, ծնունդ տո­ւեր է մտա­ւորա­կան եւ գա­ղափա­ր ար­տադրիչ ան­ձե­րու, Պոլ­սե­ցինե­րուս հա­մար միշտ դար­ձեր է ար­դար հպար­տութեան արար­կայ մը։ Շիշ­լիի, Սկիւ­տա­րի եւ նման պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նատու­նե­րը վկա­ները դար­ձեր են եր­բեմնի հա­յաշունչ Պո­լիսին, բազ­մա­թիւ հայ­կա­կան գա­ղութնե­րու սիր­տը դար­ձած Պո­լիսին։ Քա­ղաքին մէջ ուր որ եր­թաք, ան­պայման կը գտնէք ան­ցեալը դէ­պի ապա­գայ փո­խադ­րե­լու կա­րող շէն­քեր եւ կամ հաս­տա­տու­թիւններ։ Ահա այս քա­ղաքին շունչը նախ կ՚ըմ­բոշխեմ եւ «Հայր Աս­տո­ւած» ըսե­լով կ՚ուղղո­ւիմ դէ­պի Ս. Էջ­միածին։

Ճա­նապար­հորդու­թեանս վեր­ջին կա­յանն է Ս. Էջ­միածի­նը, հո­գեւոր օր­րա­նը Հայ ժո­ղովուրդին եւ բա­բախող սիր­տը Հայ Եկե­ղեց­ւոյ։ Ամե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պետա­կան Ս. Աթո­ռի շուրջ հա­մախմբո­ւած, հա­ւատք ու մշա­կոյ­թի, աղօթք եւ մե­ղեդի ար­տադրած քա­ղաքի վե­րածո­ւեր է ան։ Յատ­կա­պէս Մայ­րա­վան­քէ ներս մուտք գոր­ծած ոչ-Հայ օտար մը նոյ­նիսկ, ակա­մայ կը սկսի սքան­չա­նալ պատ­մա­կան վան­քե­րով, որոնց բարձրա­բերդն է Ս. Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճարը։ Ու­ղե­ւորը կը զմայ­լի տես­նե­լով գոր­ծօն կա­ռոյցներ, ողջ միաբա­նու­թիւն մը, արա­րողու­թիւննե­րով լի շնչող վայր մը, ուր խաչ­քա­րեր, յի­շատա­կարան­ներ կը վկա­յեն հո­գեւոր կեդ­րո­նի անու­րա­նալի պատ­մութեան։

Իսկ այս եր­կու օր­րաննե­րու մի­ջեւ մնա­ցած, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գեւոր միու­թիւնը կամրջող քա­ղաքի վե­րածո­ւած Թիֆ­լի­զի մա­սին խօ­սինք աւե­լի։ Վե­նետի­կի, Հա­լէպի, Երե­ւանի, Նոր Ջու­ղա­յի նման որ­պէս մշա­կոյ­թի կեդ­րոն ներ­կա­յացո­ւած քա­նի մը քա­ղաք­նե­րու շար­քին, միշտ իր ար­դար տե­ղը գրա­ւած է Թիֆ­լի­զը, որուն ծո­ցէն ելած են Հայ Եկե­ղեց­ւոյ եւ ժո­ղովոր­դի պատ­մութեան հետ սեր­տօ­րէն առըն­չո­ւած դէմ­քեր։ Սա­կայն իմ մօտ, ան միշտ կը մնար վե­րացա­կան, քա­նի առի­թը չէի ու­նե­ցած մօ­տէն տես­նե­լու։ Մարդ արա­րածի կեան­քին մէջ կան պա­հեր, երբ կը լսէ չհասկնար, կը լսէ չի տես­նէր ու կը մոռ­նայ, սա­կայն կը հաս­նի պահ մը որ կը շնչէ մթնո­լորտ մը եւ գերբնա­կան խորհրդա­ւոր զօ­րու­թեան մը ներշնչան­քով կը սկսի տես­նել ու յի­շել եւ յա­ջոր­դիւ կա­մայ եւ ակա­մայ վե­րակեն­դա­նանալ կը սկսին գի­տելիք­ներ, որոնք դուրս կու­գան ան­ցեալի հո­լովոյ­թէն։ Ան­շուշտ, թէ ըստ Քրիս­տո­նէական մեր հա­ւատ­քին Աս­տո­ւածն է, այդ ներշնչան­քին աղ­բիւրը, որ տե­սարան­ներն ու դ րո­ւագ­նե­րը որ­պէս առիթ կ՚օգ­տա­գոր­ծէ, իր ներշնչա­կան զօ­րու­թիւնը բխեց­նե­լու հա­մար մարդ արա­րածի կեան­քէն ներս։

Առա­ւօտ ժա­մը 05.00-ին, խա­ւարա­պատ շրջա­կայ­քի մը մէջ երբ առա­ջին ան­գամ հան­դի­պում ու­նե­ցայ Թիֆ­լի­զի հետ, ար­դէն քիչ թէ շատ կա­յին յատ­կա­պէս եր­կու անուններ մտքիս մէջ, որոնցմէ առա­ջինն էր Սա­յաթ Նո­վա կո­չեցեալ մեծ եր­գա­հանը, որ անուանա­կիցս եղեր է իր աւազանի անու­նով, իսկ երկրոր­դը՝ Ամե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղծ կո­չեցեալ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը։

«Քիզ ինձնից ո՞վ կա­նայ խը­լի՝ աշու­ղի բասն իս, քա­մա՛նչա»

Թիֆ­լի­զի մէ­ջի մեր առա­ջին կա­յանը եղաւ Առաջ­նորդա­րանիստ Ս. Գէորգ Եկե­ղեցին, որուն հա­մալի­րին մէջ կը գտնո­ւի Սա­յաթ Նո­վայի շի­րիմը։ Գիտ­նա­լով հան­դերձ որ հոն էր պա­տուա­կան հա­ւատա­ցեալին շի­րիմը, օդը մութ ըլ­լա­լուն չկրցայ առա­ջին պա­հուն այ­ցե­լու­թիւն շնոր­հել։ Սպաս­ման ժա­մանա­կը սա­կայն, առիթ եղաւ որ Սա­յաթ Նո­վայի մա­սին Պոլ­սոյ յու­շերս վեր­յի­շեմ, որոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրը յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նէր։ Ո՞ր մէ­կը ըսեմ, քա­նի բո­լորը իրար­մէ տար­բեր իմաստնե­րով զե­ղուն են. Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի մէջ Հա­յերէն դա­սին եր­գած «Քա­ման­չա»ս, թէ ոչ՝ երաժշտու­թեան դա­սի մէջ Պրն. Յա­կոբ Մա­միկո­նեանի հետ միատեղ մեր աշ­խա­տած Սա­յաթ Նո­վայի եր­գե­րը, եւ կամ՝ սի­րեցեալ հո­գեւոր եղ­բայր Տ. Տրդատ Աւ. Քա­հանայ Հօր Սա­յաթ Նո­վայի հան­դէպ յա­տուկ սէրն ու իր եր­գած եր­գե­րը։ Բա­ռերը նոյ­նիսկ ար­տա­սանե­լու դժո­ւարու­թիւնը կ՚ու­նե­նայինք եւ իմաս­տը հասկնալ իսկ այնքան դիւ­րին չէր։ Սա­կայն, քա­ման­չա­յէն ճա­ռագայ­թող երաժշտա­կան հո­գին կը հաս­նէր մեր սրտե­րուն եւ պատ­ճառ կը դառ­նար որ եր­գը ներ­թա­փան­ցէ մեր հո­գինե­րէն ներս։ Բա­զում յի­շատակ­ներ երե­ւակա­յել կու­տա­յին Սա­յաթ Նո­վային սէ­րը հան­դէպ՝ Քա­ման­չա­յի, որ կա­րող էր տխուր սիր­տե­րը խնդաց­նե­լու եւ երաժշտու­թե­նէն հմա­յուած ան­ձանց ըսել տա­լու՝ «ապ­րի կա­տարո­ղը»։

«Շատ տը­խուր սիրտ կու խըն­դացնիս, կու կըտ­րիս հի­վըն­դի դո­ղըն, Յիփ քաղ­ցըր ձայ­նըդ վիր կ՚օնիս՝ բաց կու՛լի հի­դըդ խա­ղողըն. Խալ­խին էս իլ­թի­մազն արա՝ ասին. «Ա՚պրի քու ածո­ղըն»։ Քա­նի սաղ է Սա­յաթ-Նո­վէն, շատ բան կու տես­նիս, քա­մա՛նչա»։

Ժա­մանա­կը տա­կաւ առ տա­կաւ ան­ցաւ եւ արե­ւածա­գին յա­ջոր­դող պա­հուն առա­ջին գործս եղաւ Սա­յաթ Նո­վայի շիր­մին մօ­տենալ եւ քիչ մը խո­կալ։ Ար­ժա­նի է Սա­յաթ Նո­վայի շի­րիմը, աղօթ­քի առըն­թեր խոկ­ման վայր ըլ­լա­լու, քա­նի այ­ցե­լու­նե­րուն փո­խան­ցե­լիք պատ­գամ մը ու­նի քա­ման­չա­յին այնքան սի­րահար եւ նոյնքան հա­ւատ­քին փա­րած Սա­յաթ Նո­վան եւ կամ Ս. Ստե­փանոս Քա­հանան։ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի գրի­չով «գե­ղեցիկ ձեւ մէջ մշտա­կան հուր հո­գի մըն է ան, ազ­նիւ մը եւ լի­քը սիրտ, հա­րազատ հզօր շունչ մը, որ մեր աշ­խարհի հա­րազատ շունչի նման միշտ խա­ղալու է Կով­կա­սի ժո­ղովուրդնե­րու վրայ…»։ Եւ կամ հա­ւատա­ցեալ Քրիս­տո­նեայի տի­պար­նե­րէն է ան, որուն «Չըխ­մա­նամ Քլի­սադան, դոն­մա­նամ Իսա­դան» խօս­քը սե­րունդներ կրկնե­լով կրկնե­ցին եւ յի­շատա­կեցին Աս­տուծոյ ծա­ռայ՝ Սա­յաթ Նո­վան։

Շի­րիմին վրայ մե­տաղեայ տա­րերով քան­դա­կուած էին Սա­յաթ Նո­վայի նշա­նաւոր տո­ղերէն «Ամէն մարդ չի կա­նայ խը­մի՝ իմ ջու­րըն ո՚ւրիշ ջը­րէն է. Ամէն մարդ չի կա­նայ կար­դայ՝ իմ գի­րըն ո՚ւրիշ գը­րէն է. Բու­նիաթըս աւազ չի­մանաս, քա­րափ է, քա­րու­կը­րէն է»։ Ահա ար­դէն իսկ կը խո­կայի այս տո­ղերուն վրայ, ամէն մարդ չկրնար խմել իմ ջու­րէս եւ ամէն մարդ չկրնար կար­դալ իմ գիրս ու­րիշ գիր է։ Որ­քա՜ն խորհրդա­ւոր ձե­ւով ար­տա­յայ­տո­ւեր է Սա­յաթ Նո­վան, որ իր շի­րիմը այ­ցե­լող ան­ձինք կը մտա­ծեն զգա­լի տար­բե­րու­թեան մա­սին։ Այս այն տար­բե­րու­թիւնն է, որ ո՚չ միայն սոսկ գրա­կան եւ կամ գե­ղարո­ւես­տա­կան ճա­շակէ մը կը բխի, այլ այն տար­բե­րու­թիւնը՝ որ է «Կեան­քի Ջուր»ին եւ «Կե­նաց Սուրբ Գիրք»ին տե­ղեակ ըլ­լայ։ Հե­տեւա­բար 18-րդ դա­րու սկիզ­բը ծնած Սա­յաթը մօ­տաւորապէս 80-ական տա­րիքին կը վախ­ճա­նի որ­պէս Տ. Ստե­փանոս, յի­շատա­կուե­լով որ­պէս վասն հա­ւատոյ Քրիս­տոսի իր կեան­քը ըն­ծա­յաբե­րած հա­ւատա­րիմ եւ իմաս­տուն հո­գեւո­րական։ Հե­տեւա­բար սոսկ գե­րեզ­ման մը պէտք է ըն­դունո­ւեր այս վայ­րը։ Ուստի խա­չակնքե­ցի, Տէ­րու­նա­կան Աղօթք ար­տա­սանե­ցի եւ յա­ջոր­դա­բար ի խո­րոց սրտի աղօ­թեցի ըսե­լով. «Ո՜վ պա­տուա­կան վկայ Քրիս­տոսի, դուն բա­րեխօս եղիր բո­լորիս Տի­րոջը՝ Քրիս­տո­սի մօտ»։ Ան­շուշտ, թէ՝ մեծ եր­գա­հանի, բա­նաս­տեղծի մա­սին գի­րեր, գիր­քեր, հա­տոր­ներ լոյս տե­սեր են 200 տա­րինե­րու ըն­թացքին, սա­կայն այս այ­ցը առիթ եղաւ որ, Սա­յաթ Նո­վային ծնունդ տո­ւած Թիֆ­լի­զի մէջ շնչեմ Սա­յաթ Նո­վան ու մտա­ծեմ եւ ներշնչո­ւիմ Սա­յաթ Նո­վայով։

Հո­գեւո­րակա­նի զա­ւակ՝
հան­ճա­րեղ լո­ռեցին

Սա­յաթ Նո­վայի օրհնա­լի ներ­կա­յու­թե­նէ բաժ­նո­ւելէ յե­տոյ, ուղղո­ւեցանք դէ­պի՝ Պան­թէոն, ուր կը գտնո­ւի Ամե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի գե­րեզ­մա­նը։ Թիֆ­լի­զի մէջ բազ­մա­թիւ գրա­կան դէմ­քե­րու մօտ, կար­ծէք կ՚առանձնա­նար Թու­մա­նեանը, Նո­վայէն մօ­տաւո­րապէս 100 տա­րիներ յե­տոյ ի յայտ եկած մեծ բա­նաս­տեղծը, որ սե­ռած էր հո­գեւո­րակա­նի ըն­տա­նիքէն։ Նա­խապէս աճիւննե­րը կը գտնո­ւէին Խո­ջիվան­քի գե­րեզ­մա­նատան մէջ, սա­կայն ժա­մանա­կօք գե­րեզ­մա­նը աւե­րուած ըլ­լա­լուն, Թու­մա­նեանի գե­րեզ­մա­նը տե­ղափո­խուած էր Հայ Գոր­ծիչնե­րու նո­րաս­տեղծ պան­թէոն։ Այստեղ կը վեր­յի­շէի այն հե­տաքրքա­կան դէպ­քը, թէ՝ Թու­մա­նեանի վախ­ճա­նու­մէն յե­տոյ, իր բազ­մա­թիւ զա­ւակ­նե­րէն մին՝ Արե­գը, Թու­մա­նեանի սիր­տը կը տա­նէր իր մօտ եւ տա­րիներ շա­րու­նակ կը պա­հէր այս սիր­տը. «Ես մի քայլ արե­ցի…ես հայ­րի­կի սիր­տը գո­ղացա։ Ճիշտ ա, պէտք է շատ հան­դուգն լի­նել, որ գո­ղանալ էն սիր­տը, որ գրկում էր ամ­բողջ աշ­խարհը, պէտք է շատ իրեն կորցնել, որ մօտ գալ, բայց իմ սիր­տը չդի­մացաւ։ Գո­ղացա։ Գու­ցէ մե­ղադ­րում ես։ Ոչինչ։ Թող իմ սուրբ հոր սիր­տը լի­նի մեր տա­նը։ Ճիշտ ա, նա չի բա­բախում, բայց չէ՞ որ նա մեզ հետ ա ապ­րել, չէ՞ որ հայ­րի­կը ամ­բողջ սրտի մէջ ա, եւ հայ­րի­կի սիր­տը պէտք է մեր տա­նը լի­նի...»։

Թիֆ­լի­զի հետ նոյ­նա­ցած անուննե­րէն Թու­մա­նեանի շիր­մին եր­կիւղով ու հիաց­մունքով մօ­տեցայ։ Պան­թէոնը այնպի­սի վայր մըն էր, ուր ամէն տեղ կա­նան­չութիւն եւ ան­ձայն մթնո­լոր­տին մէջ հան­ճա­րեղ ան­ձինք իրենց շի­րիմ­նե­րուն մէ­ջէն կը պատ­գա­մէին ամե­նայն խորհրդա­ւորու­թեամբ։ Թու­մա­նեան ալ այնպի­սին էր, որ փոք­րիկ շիր­մա­քարի մը վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած «Յով­հաննէս Թու­մա­նեան» անու­նը բաւ էր, որ կանգ առ­նէինք այդ վայ­րին մէջ եւ իր հան­ճա­րին եւ իտէալին մա­սին խո­կայինք։ Հայ­կա­կան ամէն ին­չի կա­պուած Թու­մա­նեան, յատ­կա­պէս սի­րահա­րուած էր իր լե­զուին, որուն մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւած ժա­մանակ իսկ, Հայ­կա­կան բա­ռամ­թերքով զար­դա­րած էր իր պատ­գա­մախօս կեան­քը. «Լե­զուն է ամէն մէկ ժո­ղովուրդի ազ­գա­յին գո­յու­թեան եւ էու­թեան ամե­նախո­շոր փաս­տը, ինքնու­րոյնու­թեան ու հան­ճա­րի ամե­նախո­շոր դրոշ­մը, պատ­մութեան ու հե­ռաւոր ան­ցեալի կա­խար­դա­կան բա­նալին, հո­գեկան կա­րողու­թիւննե­րու ամե­նաճոխ գան­ձա­րանը, հո­գին ու հո­գեբա­նու­թիւնը»։ Ան­ձայն մթնո­լոր­տին մէ­ջի հո­վուն սու­լի­չը կար­ծէք կ՚ազ­դա­րարէր բո­լորս, որ­պէսզի չմնա­յինք պարզ այ­ցե­լու­ներ եւ ստա­նայինք մեր պատ­գա­մը կեն­սա­կան։ Պահ մը մենք ալ հե­տեւե­լով այս խորհրդա­ւոր մթնլոր­տի շունչին, դի­տեցինք շի­րիմը եւ յա­ջոր­դա­բար հանգստեան աղօթ­քով յի­շատա­կեցինք Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը, եր­գե­լով «Եկ­մա­լեան Հայր Մեր»ը, նկա­տի ու­նե­նալով, որ Թու­մա­նեանի շիր­մին մօտ կանգնած էր Մա­կար Եկ­մա­լեանը։

Պան­թէոնի խորհրդա­ւոր մի­ջավայ­րին մէջ երբ շրջե­ցանք քիչ մը, յա­ջոր­դիւ Թու­մա­նեանի մա­սին առա­ւել եւս զգա­ցական դառ­նա­լու ճա­նապար­հը բա­ցուե­ցաւ մեր առ­ջեւ։ Առաջ­նորդո­ւեցանք դէ­պի Թու­մա­նեան Տուն Թան­գա­րան, ուր եղած էր ան­ցեալին Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի բնա­կարան­նե­րէն մին։ Կա­ռոյ­ցը Վրաս­տա­նի Հա­յոց Առաջ­նորդու­թեան հո­գածու­թեան առար­կայ դար­ձած էր եւ ներ­կա­յիս որ­պէս յու­շա­վայր կը դի­մաւո­րէր իր այ­ցե­լու­նե­րը։ Բարձրա­դիր տան ամէ­նէն վե­րի յար­կը մին­չեւ որ բարձրա­ցանք, ար­դէն ամէն մի քայլ առա­ւել եւս հե­տաքրքրու­թիւն կ՚առ­թէր մեր մօտ։ Ի վեր­ջոյյ հա­սանք տու­նը եւ այ­ցե­լու­թեան եկած հիւ­րի մը նմա­նու­թեամբ մուտք գոր­ծե­ցինք եւ կար­ծէք Թու­մա­նեան իր աշ­խա­տասե­նեակէն դուրս ել­լե­լով մե­զի պի­տի դի­մաւո­րէր ու բա­րի գա­լուստ մաղ­թէր։ Տու­նը ըն­դարձակ էր, իր սրա­հով ու աշ­խա­տասե­նեակով, սա­կայն այս բո­լորին մէջ աշ­խա­տասե­նեակն էր ամե­նէն հե­տաքրքրա­կանը, քա­նի գոյ­քերն իսկ պատ­մա­կան էին մնա­ցած՝ Թու­մա­նեանէ։ Պահ մը անար­ժա­նաբար նստայ իր աթո­ռը եւ սե­ղանին սու­զո­ւեցաւ մտա­ծումներս եւ խոր­հե­ցայ, թէ՝ այդ սե­ղանին վրայ ինչպի­սի բա­նաս­տեղծու­թիւններ գրի առ­նո­ւած էին, որ քեր­թո­ւածը այդ սե­նակի այս սե­ղանին վրայ գրի առ­նո­ւած էր։ Պատ­մութիւ­նը որ հա­կիրճ ձե­ւով լսեր էինք Թու­մա­նեանի, ահա այդ պա­հուն ուղղա­կիօրէն իր շունչով ու զգա­լի ներ­կա­յու­թեամբ խո­նար­հօ­րէն կը քաշքշէր։ Ահա, նոյն սե­ղանին դի­մաց կը գտնո­ւէր աթո­ռակ մը, որուն վրայ հա­ւանա­կան է որ, նստած ըլ­լար Մեծն Կո­միտաս Վար­դա­պետը, երբ եղ­բայրա­կան ջերմ հան­դի­պում կ՚ու­նե­նար Թու­մա­նեանի հետ։ Ուստի, այդ սե­նեակը ո՞վ գի­տէ որ բա­նասի­րաց, որ հո­գեւո­րակա­նաց, որ մտա­ւորա­կան­նե­րու հիւ­րընկալ դար­ձած էր։ Գիր­քե­րու մէջ ըն­թերցո­ւած անուննե­րը, մի քու­ցէ այդտեղ հետք թո­ղած էին եւ այս այ­ցե­լու­թիւնը առիթ կը դառ­նար որ անոնք միանա­յին սե­նեակի կլի­մային։

Յա­ջոր­դա­բար ան­ցանք տան մեծ դահ­լի­ճը, որ ան­ցեալին Թու­մա­նեանի հիւ­րընկա­լու­թեամբ գե­ղարո­ւես­տա­կան մի­ջոցա­ռումնե­րու, հան­դի­պումնե­րու վայր դար­ձած էր։ Ներ­կա­յիս եւս պատ­մա­կան դաշ­նակ մը ան­կիւնը դրո­ւած սե­նեակը կը շա­րու­նա­կէր մնալ մի­ջոցա­ռումնե­րու սրահ։ Բաց աս­տի, սրա­հին մէջ կը գտնուէին գոյ­քեր եւ գիր­քեր, որոնք սրա­հը առա­ւել եւս կը դարձնէին վկա­յարա­նի մը, որուն մէջ ըն­տա­նեկան պարզ գոյ­քե­րուն մէ­ջէն կը խօ­սէր պատ­մութիւ­նը։ Ապա ան­ցանք այն պատշգա­մը, որուն մէջ աթո­ռակի մը վրայ նստած Յով­հաննէս Թու­մա­նեան կը դի­տէր դի­մացի կա­նան­չութիւ­նը, բնու­թիւնը եւ կը գրէր ու կը գրէր։ Այ­սօր չկա­յին ան­ցեալը բնու­թիւնը, կա­նան­չութիւննե­րը եւ շրջա­կայ­քը տու­նե­րով լե­ցուն էր, սա­կայն եւ այնպէս, յայտնե­ցի, թէ՝ աշ­խա­տասե­նեակը բնա­կանոն ձե­ւով պա­հուած էր։ Ամէն ինչ բնա­կան, տա­կաւին երեկ գի­շեր Թու­մա­նեանը այդտեղ ապ­րա­ծի պէս։ Կար­ծէք Թու­մա­նեան­նե­րու տու­նը հիւ­րութեան գա­ցեր ենք ու ան այդտեղ սուրճ մը հրամ­ցուցեր է մե­զի։ Հե­տեւա­բար, այս կար­ճա­տեւ այ­ցով պատ­մութիւ­նը ցնցեց բո­լորս եւ քա­ջատե­ղեակ դար­ձանք, թէ՝ Թիֆ­լի­զը ինչպէ՞ս ըն­դե­լու­ծո­ւած էր Հա­յու­թեան գրա­կանու­թեան։

Այ­ցե­լու­թիւնը երբ աւար­տին հա­սաւ, ար­դէն իսկ կարճ ժա­մանա­կի մէջ յատ­կա­պէս եր­կու հսկա­ներուն անուննե­րը այ­լեւս անուն պի­տի չմնա­յին մօտս։ Առա­ջին առի­թով այսքա­նը իսկ բաւ եղաւ որ, մեծ ներշնչան­քի աղ­բիւր դառ­նայ Պոլ­սոյ եւ Ս. Էջ­միած­նի մի­ջեւ մնա­ցած եր­րորդ օր­րա­նը։ Թե­րեւս Սա­յաթ Նո­վայի եւ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը հասկնա­լու մէջ պի­տի ու­նե­նամ դժո­ւարու­թիւններ, սա­կայն այս քա­ղաքը նո­ւիրեց առա­ւելու­թիւն մը, որ է տես­նել՝ թէ Սա­յաթ Նո­վան ու Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը տա­կաւին կ՚ապ­րին Թիֆ­լի­զի մէջ եւ տա­կաւին կը ներշնչեն բո­լոր հե­տաքրքիր այ­ցե­լու­նե­րը։

21 Նո­յեմ­բեր 2021, Եր­կուշաբ­թի

Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միածին

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ