16Նոյեմբերի, ցերեկուայ ժամերուն, Ատրպէյճանի բանակը բուռն կերպով յարձակեցաւ Հայաստանի արեւելեան սահմանին տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարութիւններով պարզեց թէ հայկական կողմը պատասխանած է այս յարձակումներուն, որու հետեւանքով ատրպէյճանցիները ունեցած են եօթը զոհեր եւ տասը վիրաւորներ։ Յայատարարութեան մէջ կը նշուի թէ Հայաստանի բանակն ալ ունեցած է զոհ մը՝ 1991-ի ծնունդ շարքային Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեանը։ Կան նաեւ վիրաւորներ, որոնց թիւի մասին տեղեկութիւն չէ տրուած։ Թշնամին գերեվարած է նաեւ 13 զինուորներ։
Զինեալ բախումները դադրած են երեկոյեան ժամերուն։ «Այս վերջին յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներ բռնագրաւելու՝ ատրպէյճանական կողմի հետեւողական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է, որը սկիզբ է դրուել այս տարուայ Մայիսի 12-ից՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ատրպէյճանական զինուած ուժերի ներթափանցմամբ։ Այս գործողութիւններով Ատրպէյճանը խախտում է նաեւ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, քանի որ ատրպէյճանական կողմը յարձակումներ է գործում Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ այն տարածքներից, որն ատրպէյճանական կողմին է անցել այդ յայտարարութեան իրականացման արդիւնքում։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան համաձայն, իրաւասու է բոլոր միջոցներով ետ մղել իր տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ ուժի կիրառումը։ Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանը եւ մեր միջազգային գործընկերներին՝ ՌԴ-ին, ՀԱՊԿ-ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեանը եւ համանախագահող երկրներին, յստակօրէն եւ հասցէական արձագանգել տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը լրջօրէն վտանգող ատրպէյճանական կողմի այս գործողութիւններին եւ գործուն քայլեր ձեռնարկել դրանց կանխարգելման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից Ատրպէյճանի զինուած ուժերի անվերապահ եւ ամբողջական դուրսբերման ուղղութեամբ», իր կարգին շեշտեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ որովհետեւ յարձակումը եղած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ, «մենք դիմում ենք Ռուսաստանին՝ ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ գոյութիւն ունեցող 1997 թուականի պայմանագրի շրջանակներում ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու կոչով եւ համաձայնագրի շրջանակներում փոխադարձ պարտականութիւնները իրագործելու տրամաբանութեան շրջանակներում» նշուած է ռազմական գերատեսչութեան կողմէ։
Իր կարգին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն կոչ ուղղեց՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, որոնք պատճառ կը դառնան իրավիճակի սրումին։