Իսթանպուլի Պատրիարքարանի բարձրաստիճան հոգեւորականներէն Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան 14 Նոյեմբեր Կիրակի երեկոյ վախճանեցաւ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ, ուր կը դարմանուէր միջոցէ մը ի վեր։ Անուշեան Վարդապետի մահը մեծ ցաւ պատճառեց պոլսահայ հասարակութեան մօտ։ Պետական աւագանին ալ գլխաւորութեամբ նախագահ Էրտողանի եւ Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլույի իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին վարդապետի հարազատներուն, Պատրիարքարանին եւ Իսթանպուլի հայ հասարակութեան։ Պատրիարքարանը յայտարարեց թէ վախճանեալ վարդապետի վերջին օծումը եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 18 Նոյեմբեր հինգշաբթի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին, ուրկէ պիտի փոխադրուի Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատունը։
Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի կենսագրութենէն հատուածներ
Հայր Թաթուլ Վրդ. Անուշեանի հոգեւոր կեանքի ճանապարհին վրայ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը, որ յատուկ ուշադրութիւն կը սեւեռէր երիտասարդութեան հանդէպ։ Անուշեան վարդապետ կարգ մը, այլ հոգեւորականներու, սարկաւագներու կամ դպիրներու հետ միասին այդ սերունդի ամենակարկառուն դէմքերէն մէկը ըլլալով կը ներկայանար հանրութեան։ Այս առթիւ ուզեցինք իր կենսագրութեան հակիրճ մէկ նկարագրականը բաժնել ընթերցողներուն հետ, աւելի յստակ պատկերացնելու համար Պոլսահայ եկեղեցւոյ կորուստը։
Աւազանի անունով Արէտ, ծնած է 25 Յուլիս 1966-ին Իսթանպուլ, Նառլըգաբու։ Որդին է Արամի եւ Արաքսի Ավրուզի։
Կ՚ուսանի Պոմոնթիի Մխիթարեան, միջնակարգի ուսումը կը ստանայ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, լիսէի ուսումը՝ Ս. Խաչ (Դպրեվանք) վարժարանները, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Իսթանպուլ Համալսարանի Գրական Ֆաքիւլթէի Անգլերէնի Լեզուագիտութեան բաժնը։ Լիսէի եւ համալսարանի ուսանողական շրջանին կը պաշտօնավարէ որպէս հսկիչ Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանը։ Մասնակցութիւն կը բերէ Ֆէրիգիւղի Սանուց Միութեան Թատերական խումբին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ու Սանուց Միութեան երաժշտական գործունէութեանց։
1977-ին կը սկսի յաճախել Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցի, ուր յետագային կը տանի նաեւ պատուակալ լուսարարի պաշտօնը։ Կը հետեւի Սեդրակ Սրկ. Տավութհանի, Գրիգոր Սրկ. Հաբէլեանի եւ Շնորհք Քհնյ. Մուրատեանի Հայկական ձայնագրութեան ու շարականագիտութեան դասընթացքներուն։ Հոկտեմբեր 1986ին պաշտօն կը ստանձնէ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ որպէս երաժիշտ։
Դպրութեան չորս աստիճաններ կը ստանայ 1992ին Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ։ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը Դեկտեմբեր 2001-ին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ իրեն կը շնորհէ ուրար կրելու արտօնութիւն, իսկ 28 Յուլիս 2002-ին Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրէ Կիսասարկաւագ։ Այդ թուականէն սկսեալ մաս կը կազմէ Պատրիարքարանի դիւանին, իբրեւ դիւանապետ ու ապա՝ Նորին Ամենապատուութեան անձնական քարտուղար։ Ան, 29 Դեկտեմբեր 2002-ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ կը ստանայ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն, լծակից ունենալով Վաղարշակ Սերովբեանը (այժմ՝ Յովակիմ Աբղ.)։ Նորին Ամենապատուութիւնը 1 Մարտ 2003-ին՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ զինք կը ձեռնադրէ կուսակրօն քահանայ։ Նոյն 2003-ի ամրան կը նշանակուի Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, որ կը վարէ մինչեւ 2016։ Իսկ աշնան, կը մեկնի Լիբանան՝ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքի մասնաւոր լսարանի երկամեայ դասընթացքներուն։ Հետեւելով Սուրբ Գրական, Ծիսագիտական, Շարականագիտական, Աստուածաբանական, Եկեղեցա-պատմական եւ Քարոզխօսական դասերուն, կը վկայուի 25 Յունիս 2005-ին։
2005-2006 տարեշրջանին կը շարունակէ իր կեցութիւնը Պիքֆայայի Զարեհեան Դպրեվանքի մէջ՝ կատարելով վարդապետական աւարտաճառին հետ առնչուած ուսումնասիրութիւններ ու միաժամանակ ստանձնելով ուսուցչական պաշտօն այդ երդիքին տակ։ Հոկտեմբեր 2006-ին կը նշանակուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչի պաշտօններուն։ 30 Սեպտեմբեր 2007-ին ամբողջացնելով «Քրիստոնէութեան երկթեւեան մուտքը Հայաստան» աւարտաճառը, 25 Հոկտեմբեր 2007-ին Ղալաթիոյ Ս. Գրի-գոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ։ Կը պատրաստէ «Նիկիոյ Ս. Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին» թէզը եւ 18 Դեկտեմբեր 2007-ին Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետական Գաւազան։
2010-ին Հոգեւորականաց Համագումարէն կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովոյ անդամութեան։ Կ՚ուսուցչագործէ քաղաքիս զանազան վարժարաններուն մէջ մէջ աւանդելով կրօնագիտութիւն։ Կը նշանակուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ծիսական Յանձնախումբի անդամութեան։ Պատգամաւորական Ժողովի կողմէ կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովի անդամութեան (11 Դեկտեմբեր 2019), անդրանիկ նիստին կ՚ընտրուի ատենապետ։