ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թողութիւն շնորհենք, բայց ինչպէ՞ս

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան կեան­քի մէջ նոր օրա­կարգ մը գո­յացաւ Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի «հա­լալու­թիւն» ու­զող յայ­տա­րարու­թե­նէն ետք։ Բա­ռը բնա­կանա­բար չա­կերտեալ գոր­ծա­ծեցինք, քա­նի ան հա­յերէն չէ։ Արե­ւելա­հայե­րէնի մէջ սա­կայն եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր սո­վորու­թիւն դար­ձած է գոր­ծա­ծել «Հա­լալ լի­նի» ասա­ցուած­քը։ Նոյ­նիսկ այդ ար­տա­յայ­տութիւ­նը գոր­ծա­ծող­նե­րէն շա­տեր պատ­կե­րացում իսկ չ՚ու­նին այդ բա­ռի թէ ստու­գա­բանու­թեան եւ թէ իրա­կան իմաս­տի մա­սին։

Բա­ռը ու­նի կրօ­նաբա­րոյա­կան բնոյթ իս­լամ հա­սարա­կու­թիւննե­րու մօտ։ Մահ­մե­տական­ներ յու­ղա­րակո­րու­թեան ըն­թացքին հե­տեւե­լով իմա­մի հար­ցումին «Հա­լալ ըլ­լայ» կը գո­չեն միաբե­րան, թո­ղու­թիւն շնոր­հե­լով հան­գուցեալին պարտքե­րուն։ Բա­ցի այդ տա­րածուն սո­վորու­թիւն է վե­րադար­ձը կաս­կա­ծելի բո­լոր ճամ­բորդու­թիւննե­րէ առաջ մնա­ցող­նե­րէն թո­ղու­թիւն խնդրե­լը։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լու այս եզ­րը գոր­ծա­ծեց ակ­նարկե­լով իր ներ­կա­յացու­ցած կու­սակցու­թեան ան­ցեալին գոր­ծած մեղ­քե­րուն։ Հա­զիւ եր­կու օր անց ան աւե­լի յստա­կացուց այդ մեղ­քե­րը զա­նազան օրի­նակ­ներ թո­ւելով։ Այսպէ­սով շա­տերու հա­մար աւե­լի հասկնա­լի դար­ձաւ կուսկցա­պետի ակ­նարկու­թիւնը։ Ան կը խօ­սէր նոյ­նիսկ իր գո­յու­թիւն չու­նե­ցած տա­րինե­րուն գոր­ծո­ւած սխալ­նե­րուն մա­սին։ Առանց խո­րանա­լու կ՚առե­րեսուէր աւե­լի քան 100 տա­րուայ յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու հետ, որոնց միտ­քը յղա­ցած էին իր կու­սակցու­թեան նախ­կին ան­դամնե­րը։

Քա­ղաքա­կանու­թիւնը որ­քա­նով պի­տի նե­րէ, որ­պէսզի ան ի կա­տար հասցնէ իր այդ խոս­տումը։ Որով­հե­տեւ թո­ւացած մեղ­քե­րը Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­քարե­րը կը կազ­մեն։ Իս­կա­պէս ալ իբ­րեւ նոր հան­րա­պետու­թիւն Թուրքիոյ հիմ­նադրու­թեան եւ ապա շա­րու­նա­կու­թեան մէջ բա­զում են այդ մեղ­քե­րը։ Չա­փազան­ցած չենք ըլ­լար, եթէ ըսենք թէ այդ մեղ­քե­րու հետ առե­րեսու­մը իր հետ կը բե­րէ նաեւ բազ­մա­թիւ նոր հար­ցա­կան­ներ եւ վի­ճելի կը դարձնէ երկրի յա­տուկ բո­լոր ձեռքբե­րումնե­րը։

Սա­կայն հետզհե­տէ ալ աւե­լի յստակ կրնանք ըսել թէ, եր­կի­րը հա­սած է այնպի­սի հանգրո­ւանի մը որ­մէ ետք գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կելու հա­մար անհրա­ժեշտ է նման հա­շուե­յար­դա­րի մը են­թարկո­ւիլ։

Եր­կու տա­րի վերջ Թուրքիա կը պատ­րաստո­ւի դի­մաւո­րել հիմ­նադրու­թեան դա­րադար­ձը։ Նման խորհրդան­շա­կան թո­ւակա­նի մը ըն­դա­ռաջ շատ ծանր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն մըն է որ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու կը բե­րէ երկրի պատ­մութեան առ­ջեւ։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է այս հանգրո­ւանը ան­նա­խադէպ հա­մարել։

Միւս կող­մէ կայ ռեել-փո­լիթիք կո­չուա­ծը, այ­սինքն քա­ղաքա­կանու­թեան թե­լադ­րանքնե­րը, որոնցմով հա­ւանա­կան է նաեւ թէ վե­րոն­շեալ հե­տեւան­քը կան­խա­տեսե­լով կու­սակցա­պետը հրա­ժարի իր խոս­տումէն եւ ան­գամ մըն ալ չի նշէ թո­ղու­թիւն խնդրե­լու մա­սին իր խօս­քե­րը։

Վեր­ջա­պէս պար­տինք նշել թէ այդ կու­սակցու­թեան շար­քե­րուն մէջ եւ ընդհան­րա­պէս Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ բնաւ քիչ չեն ան­ցեալի այդ հա­կամարդկա­յին արարքնե­րը մեծ ոգե­ւորու­թեամբ պաշտպա­նող­նե­րը։ Անոնց հա­մոզ­մամբ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան պատ­մութիւ­նը ան­բիծ ու անա­ղարտ է եւ չու­նի խոս­տո­վանե­լի ար­ժա­նի որե­ւէ չար գործ։

Մինչդեռ այ­սօ­րուայ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը դի­տելով կը տես­նենք թէ Թուրքիա կա­շառա­կերու­թեամբ, թմրե­ցու­ցի­չի մաք­սա­նեն­գութեամբ, օրի­նական հա­մարար­գի ոչնչաց­մամբ հա­սակով մէկ թա­ղուած է ցե­խի մէջ։ Ցեխ մը՝ որ­մէ ազա­տուե­լու հա­մար սրբագ­րութիւ­նը պէտք է սկսի կա­ռուցման շրջա­նէն իսկ։

pakrates@yahoo.com