ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թէ սրտի ցաւ, թէ մտքի տառապանք

Այս շա­բաթո­ւայ նիւ­թը որո­շած էի «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու յօ­դուա­ծագիր Ծո­վինար Լոք­մա­կէօզեանի վեր­ջին գրու­թիւնը կար­դա­լէ ետք։ Տի­կին Լոք­մա­կէօզեան պա­տուաստման դէմ իր գրու­թիւնով կ՚ըսէր թէ պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը ոչ թէ իրա­կան, այլ կար­ծե­ցեալ երե­ւոյթ մըն է, որ ծնունդ կ՚առ­նէ լրա­հոսէն։ «Եթէ չի լի­նի քո­վիդի լրա­հոս, չի լի­նի նաեւ վի­րուս եւ չի լի­նի վախ եւ մա­հուա­ծու­թիւն»։ Ապա այս հաս­տա­տու­մի վկա­յու­թիւնը կը բե­րէր Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քի քա­րոզէն մէջ­բե­րումնե­րով։

Դի­մատետ­րի մի­ջոցաւ յայտնա­բերե­ցի Լոք­մա­կէօզեանի ակ­նարկած քա­րոզի տե­սաերի­զը։ Զար­մանքս կրկնա­պատ­կուեցաւ լսե­լով Սա­հակ Բ. Սրբա­զանի խօս­քե­րը։ Ան կը խօ­սէր աշ­խարհի իշ­խա­նու­թիւնը նո­ւաճած առաջ­նորդի մը մա­սին, որ բո­լորին պի­տի պար­տադրէր դրոշ­մուիլ ճակ­տին կամ աջ ձեռ­քին վրայ 6-6-6 նշա­նով, որ կը խորհրդան­շէ սա­տանան։ «Առանց այդ նշա­նին կա­րելի պի­տի չըլ­լայ փո­ղոց դուրս գալ, գնումներ ընել, նոյ­նիսկ հաց ու ջուր ճա­րել» կ՚ըսէր Պատ­րիար­քը։ Աւե­լին՝ կը պնդէր թէ այդ բո­լորը սնա­մէջ գու­շա­կու­թիւններ չեն, քա­նի որ պա­տուաստ չստա­ցող­նե­րը այժմէն իսկ զրկո­ւած են ճամ­բորդե­լու իրա­ւունքէն։ Եւ ալ աւե­լին՝ ինք եւս կը կրկնէր պա­տուաս­տումի մի­ջոցաւ մարմնի մէջ «չիփ» տե­ղադ­րե­լու վար­կա­ծը։

Իբ­րեւ սկզբունք, պար­տինք յանձնել թէ իւ­րա­քան­չիւր անձ ու­նի իր մարմնին մա­սին որո­շում կա­յաց­նե­լու իրա­ւունքը։ Օրի­նակի հա­մար Եհո­վայի վկա­ները, նոյ­նիսկ մա­հուան վտան­գի տակ կը մեր­ժեն արեան փո­խանա­կու­մը։ Ոչ ոք իրա­ւունք ու­նի իրենց կամ­քը ոտ­նա­կոխե­լու։ Մար­դը հա­ւատա­րիմ կը մնայ իր հա­ւատ­քին ու ամե­նայն հեշ­տութեամբ աշ­խարհ կը փո­խէ։ Բայց ո՞վ կրնայ իրա­ւունք ու­նե­նալ ու­րիշնե­րու կեան­քը վտան­գե­լու։ Ահա հոս է որ կը ծա­գի քա­րոզ­չի կամ յօ­դուա­ծագ­րի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։

Պա­տուաս­տումը մեր­ժո­ղը պար­տա­դիր պի­տի ըն­դունի նաեւ մե­կու­սա­նալ։ Յար­գանք պի­տի ցու­ցա­բերէ վա­րակո­ւելէ խու­սա­փող­նե­րուն մտա­հոգու­թիւննե­րուն հան­դէպ։

Այս խնդրին մէջ կ՛ար­ժէ յի­շել նաեւ պե­տական հա­մակար­գի հան­դէպ անվստա­հու­թեան երե­ւոյ­թը։ Կան մար­դիկ, որոնք կ՛ըսեն «Ես պա­տուաս­տումի դէմ չեմ, պար­զա­պէս այսքան շուտ գտնո­ւած պա­տուաս­տա­նիւ­թի հան­դէպ վստա­հու­թիւն չու­նիմ»։ Այս առար­կութիւ­նը կ՚իմաս­տա­ւորո­ւի երբ նկա­տի կ՚ու­նե­նանք լոկ շա­հի հա­մար մարդկա­յին կեան­քը վտան­գող զա­նազան ար­տադրու­թիւննե­րը։ Տա­րիներ շա­րու­նակ ար­հեստա­կան ինչ ինչ սննդա­նիւ­թով թու­նա­ւորո­ւած մէ­կու մը, պա­տուաս­տի բա­ղադ­րութեան ծա­նօթ չըլ­լա­լուն հա­մար պա­տուաս­տումը մեր­ժելն ալ իր կար­գին բա­ւական հե­տաքրքրա­կան է։

Նպա­տակադ­րած էի տա­կաւին եր­կար խորհրդա­ծել այս նիւ­թի շուրջ։

Ցնցո­ւեցայ Փա­րիզէն եկած մա­հուան գոյ­ժով։ Ոչ եւս էր իմ ըն­տա­նիքի սի­րելի դէմ­քե­րէն մէ­կը եւս՝ Մագ­րուհի քոյ­րի­կը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ վե­րապ­րողնե­րու շա­ռաւիղ­ներ որ­պէս, մեզ­մէ ան­դարձ բաժ­նո­ւող ամէն մի անուն, մո­ռացու­թեան թանձր փո­շիով մը կը ծած­կէ իր նա­խորդնե­րու յի­շատա­կը։ Այ­լեւս աւե­լի ուշ պի­տի յի­շենք Գաբ­րիէլ ախ­պա­րը կամ Մա­րիամ քեռ­կի­նը։ Նոյ­նը պա­տահած էր, երբ նա­խորդ ամիս հո­ղին յանձնե­ցինք մեր վա­ղեմի սա­նիկը՝ Յա­րու­թիւն Քե­շիշեանը։ Իր հետ աելի պղտո­րեցաւ Աւե­տիս եւ Անա­հիտ սա­նիկ­նե­րու յի­շատա­կը։ Աւե­տիսը մկրտող, ապա պսա­կադ­րութեան խա­չը բռնո­ղը մեծ­հայրս Մար­գարն էր։ Հայրս մկրտեց իր հօր սա­նիկ­նե­րու որ­դի­ները՝ Յա­րու­թիւնն եւ Աբ­րա­համը։ Խա­չեղ­բայր եղաւ ու յե­տոյ մկրտեց անոնց դուստրե­րը։ Վեր­ջա­պէս հեր­թը հա­սաւ ին­ծի եւ Արա­յի բա­րեկա­մեցո­ղու­թեամբ շղթան շա­րու­նա­կուե­ցաւ նոր օղակ­նե­րով։ Մագ­րուհի քոյ­րի­կի կո­րուստով կ՚անդրա­դառ­նանք թէ մենք մնա­ցինք ըն­տա­նիքի երէց­ներ, եւ զի­րար պի­տի մխի­թարենք ես ու Սօ­սին, Թա­լինը, Շու­շանն ու Աղաւ­նին, Թա­մարն ու Անին։