Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը, որ կազմուած էր համավարակի Թուրքիոյ մէջ ալ յայտնաբերուած 2020-ի Մարտ ամսուայ ընթացքին, հետզհետէ ստացած է մշտական բնոյթ։ Այս նիւթի շուրջ յանձնախումբի նախագահ Խաչիկ Ճանէլ եւ իրաւաբանական ենթայանձնախումբի անդամ Արէն Տատըրօղլու «Ակօս»ի խմբագրատուն այցելելով բացատրութիւններ տուին ցարդ կատարուած աշխատութիւններու մասին։ Խաչիկ Ճանէլ պատմեց թէ յանձնախումբը կը գործէ 45 կամաւոր երիտասարդներու ջանքերով, որոնցմէ 12-ը ընդմիշտ յարաբերութեան մէջ են կարիքաւոր ընտանիքներու հետ։ Յանձնախումբը մինչեւ օրս սննդամթերքի եւ կենցաղային նիւթերու օգնութիւն տրամադրած է 700 ընտանիքներու։
Օգուտ ստացողները դասաւորուած են երեք մասի, որոնցմէ առաջին խումբին պատկանողները կը համարուին ընդմիշտ օգնութեան կարօտ։ Երկրորդ խումբին մաս կազմողները ժամանակաւոր կերպով օգնութեան կը կարօտին եւ ունին այս դժուար ընթացքէն դուրս գալու որոշ լծակներ։ Երրորդ խումբը յատկապէս պսակաձեւ ժահրի համավարակի հետեւանքով օգնութեան կարօտ դարձած են։
«Աշխատութիւնները կազմակերպելու համար համագործակցեցանք թաղային խորհուրդներու կողքին գործող աղքատախնամներու հետ։ Զանազան հանդիպումներով նախ ունեցանք իրենց մօտ գրանցուած օգնութեան կարօտ մարդկանց տուեալները եւ ապա մենք նոր հետազօտութիւնով մը ճշդեցինք նոր անուններ։ Ապա ուղղակիօրէն կապ հաստատեցինք իրենց հետ եւ ուզեցինք անմիջականօրէն լսել իրենց կարիքները» ըսաւ Խաչիկ Ճանէլ։ Ապա Արէն Տատըրօղլու բացատրութիւններ տուաւ իրաւաբանական նիւթերով կատարուած օժանդակութիւններու մասին։ Այդ օժանդակութիւնները աւելի շատ խորհրդատուական բնոյթ ունին եւ մարդկանց ցոյց կու տան իրենց քաղաքացիական իրաւունքները։
Մեր հիւրերը պատմեցին թէ նման նախաձեռնութեան մը մեկնակէտը թէեւ համավարակն էր, բայց շուտով պարզուեցաւ նաեւ թէ համավարակի պատճառած դժուարութիւններէն անդին արդէն առկայ է տնտեսակն որոշ դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման համար անհրաժեշտ էր նման կազմակերպութիւն մը ունենալ։ Այս գիտակցութիւնով անոնք որոշեցին յանձնախումբի գործունէութիւնը շարունակել նոյնիսկ համավարակի անհետացումէն ետք ալ։ Կը գործեն Պատրիարքարանի համալիրէն ներս իրենց տրամադրուած սրահի մը մէջ։ Յանձնախումը ունեցաւ 1,6 միլիոն ԹԼ-ի հասնող պիւտճէ մը։ Այդ պիւտճէով կ՚ապահովուի սննդամթերքի կամ կենցաղային նիւթերու գնումները եւ կարիքաւորներուն բաշխուած առեւտուրի քարտերը։
Յանձնախումբը օգնութեան կը փութայ նաեւ ժամանակաւորապէս Թուրքիա ապաստանած հայ գաղթական ընտանիքներու։