Պրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տունը առաջին ընթերցումով ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը. Այս մասին իր դիմատետրեան էջին վրայ յայտնեց Պրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը։
«Այսօր պատմական օր է Հայ դատի համար. Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի առաջին ընթերցումը անցած է առանց առարկութիւններու։
Յաջորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ 18 Մարտի 2022-ին. Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թիմ Լաֆթընին եւ բոլոր հովանաւորներուն. այս յաջողութեան համար», յայտնեց ՀՅԴ Պրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը.