Թուրքիոյ առաջին ու միակ կոմունիստ քաղաքապետը այցելեց հայաբնակ Վաքըֆլըգիւղը։
Տէրսիմի կամ պաշտօնական անունով Թունճելի քաղաքի քաղաքապետ Ֆաթիհ Մեհմետ Մաչօղլու Անտիոքի շրջանին կատարած այցելութեան ծիրէն ներս այցելած է Վաքըֆլըգիւղ։ Իր ծառայողական յանդուգն գաղափարներով բոլորին ծանօթ Մաչօղլու դիմաւորուած է թաղական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի, գիւղապետ Պերճ Քարթունի եւ գիւղի բնակիչներէն «Պոլշեւիկ» ածականով ծանօթ Յովհաննէս Քեսքինի եւ դեղագործ Յակոբ Քարթունի կողմէ։
Հիւր քաղաքապետը այս առթիւ այցելած է Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցին եւ նորակառոյց թանգարանը։ Թանգարանի այցելութեան ընթացքին Ճեմ Չափար բացատրութիւններ տուած է թէ թանգարանի իրերու մասին եւ թէ պատմած է Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը։
Քաղաքապետը գոհունակութիւն յայտնելով բաժնուած է գիւղէն նոյն օրուայ գիշերուայ ժամերուն։