ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ուխտ

Զօրավարը եօթը զոհ պի­տի մա­տու­ցէ այս գի­շեր։ Մա­­զէ քուրձ հա­­գած եօթը մար­­դիկ ար­­շա­­­լոյ­­սին սա­­րը պի­­տի ել­­լեն ոտա­­բոպիկ։ Մէ­­կը եօթը ծառ պի­­տի տնկէ այդ սա­­րի վրայ։ Կի­­նը շո­­րի կտոր պի­­տի կա­­պէ ծե­­րացած ծա­­ռի շիւ­­ղէն։ Հար­­սը եօթը երա­­զի մէջ եօթը օրօ­­րոց պի­­տի ճո­­ճէ։ Պան­­դուխտը իր եարը պի­­տի երա­­զէ եօթը տա­­րի, եօթը ամիս, եօթը օր։ Կոյս մը իր մա­­զերը պի­­տի կտրէ թել առ թել, եօթը ար­­տա­­­սուք թա­­փելով։ Իսկ, վա՜յ անոր, որ պի­­տի հրա­­ժարի, թու­­լա­­­նայ, թե­­րանայ - ծանր մեղք - , պի­­տի ար­­ժա­­­նանայ Աս­­տուծա­­յին պա­­տիժին։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դուք ար­­դէն հասկցաք, թէ ին­­չո՛ւ կը կա­­տարո­­ւին վե­­րը յի­­շուած­­նե­­­րը։ Պարզ ու միավանկ է պա­­տաս­­խա­­­նը. ուխտ։ Այժմ, սպա­­սենք, որ ուխտա­­ւորը հաս­­նի սրբա­­ւայ­­րին, ուխտը կա­­տարո­­ւի կտրի­­ճին ու կոյ­­սին, գու­­նա­­­ւոր ժա­­պաւէ­­նը ծա­­ծանի ծի­­րանե­­նիի ծա­­ռէն մին­­չեւ որ մա­­նուկ մը ծնի, մենք այ­­սօր խօ­­սինք «ուխտ» բա­­ռի մա­­սին։

Ուխտը ան­­խախտե­­լի ան­­քակնե­­լի, անդրժե­­լի ու անու­­րա­­­նալի է։ Ուխտը մար­­դու եւ Աս­­տուծոյ մի­­ջեւ լուռ խօսք է։ Դա­­շինք է ան, հա­­մաձայ­­նութիւն, միաբա­­նու­­թիւն, եղ­­բայրու­­թիւն, վանք, Հին կամ Նոր Կտա­­կարան, սրբա­­ւայր եւ սուրբի տօն։

Հա­­յը ամէն ան­­գամ որ ուխտի գնաց՝ վե­­րադար­­ձին նո­­ւէր մըն ալ «ուխտ»ին տո­ւաւ։ Մեր լե­­զուն ու­­նի «ուխտ» ար­­մա­­­տով շի­­նուած քա­­ռասու­­նի չափ բառ։ Հա­­յու եր­­կի­­­րը հա­­րուստ է այդ բա­­ռերէն եր­­կու հա­­տովը՝ ուխտա­­վայր եւ ուխտա­­տեղի։ Ու­­նինք նաեւ մար­­դու հա­­ւատա­­ւոր եւ հա­­ւատա­­րիմ տե­­սակը, որ կը կո­­չուի՝ ուխտա­­կից, ուխտա­­նուէր եւ ուխտա­­պահ։ Բայց հա­­յը իր ծո­­ցի մէջ պա­­հեր է նաեւ ուխտա­­նենգ, ուխտա­­դաւ, ուխտադ­­րուժ եւ ուխտա­­զանց մար­­դիկ։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին իր «Մա­­տեան»ի մէջ աղա­­չեց Աս­­տուծոյ, որ ին­­քը չդառ­­նայ այս վեր­­ջիննե­­րու նման.

Ծաղ­­կիմ, եւ ոչ պտղա­­բերիմ,

Ասեմ, եւ ոչ առ­­նեմ,

Խոս­­տա­­­նամ, եւ ոչ կա­­տարեմ,

Ուխտեմ, եւ ոչ վճա­­րեմ»։

Գրա­­բար հա­­յերէ­­նը հա­­րուստ է «ուխտա­­ւոր» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով։ Ահա քա­­նի մը հա­­տը. «Ման­­կունք ուխտի»՝ միաբան հայ­­րեր, «Ուխտ կա­­նանց»՝ մայ­­րա­­­պետ­­ներ, «Մա­­տեան ուխտիե՝ Սուրբ Գիրք, «Ուխտ դնել ող­­ջա­­­խոհու­­թեան»՝ զգաստ կեան­­քի խոս­­տում, «Ուխտ աղի»՝ ան­­քակտե­­լի ուխտ։ Իսկ գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ «ուխտ» բա­­ռը հնչեց տե­­սակ-տե­­սակ։ Թէեւ այդ հնչիւննե­­րը իրենց բնա­­կավայ­­րե­­­րուն մէջ լսել կա­­րելի չէ, ես կ՚առա­­ջար­­կեմ ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւն մը կա­­տարել «էր­­կիր» ու ականջ տալ անոնց գրա­­ւոր ար­­ձա­­­նագ­­րութեան. Զէյ­­թուն, Խար­­բերդ, Հա­­ճըն, Սե­­բաս­­տիա, Տիգ­­րա­­­նակերտ՝ ուխդ, Աս­­լանբեկ՝ իւխդ, Ակն՝ (յոգ­­նա­­­կի) ըխ­­դիւնաք։ Հա­­յու հա­­մար հայ­­րե­­­նի հողն էր ուխտա­­վայր ու այդ բառն ալ դար­­ձաւ տե­­ղանուն։ Շա­­րու­­նա­­­կենք մեր ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը.«Ուխտ Փրկչին», Արաբ­­կի­­­րի մէջ վանք եւ մե­­նաս­­տան՝ «Ուխտեաց սա­­րեր», Օլ­­թիի շրջա­­նի մէջ լեռ­­ներ, «Ուխտեան գա­­ւառ», Տայ­­քի մէջ գա­­ւառ, «Ուխտեաց բերդ», նոյն գա­­ւառի մէջ բերդ, «Ուխտա­­ձոր», Ար­­ցա­­­խի մէջ գիւղ, «Ուխտա­­ծաղիկ», Ար­­ցա­­­խի Մար­­տունի շրջա­­նի մէջ աղ­­բիւր։

Միջ­­նա­­­դար էր։ Հա­­յը ուխտ ըրաւ, որ ազատ պի­­տի ապ­­րի։ Այդ ուխտը մեծ­­ցաւ, մեծ­­ցաւ, դար­­ձաւ Սաս­­նայ Ծռեր.

Դաւ­­թի արած կտրճու­­թիւն ամէն տեղ պատ­­մե­­­ցին,

Ասին.— Դա­­ւիթ իր հօր ուխտ արաւ՝

Մըս­­րայ Մե­­լիք սպա­­նեց,

Սա­­սուն ազա­­տեց։

Թշնա­­մին հե­­ռացաւ։ Եղաւ սի­­րեր­­գութիւն։ 1600-նե­­րուն բա­­նաս­­տեղծ Ղա­­զար Սե­­բաս­­տա­­­ցիի հա­­մար, - բաղ­­ձա­­­լի բան - , իր եարին կա­­տարած այ­­ցե­­­լու­­թիւնը դար­­ձաւ «ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւն»։

Լու­­սին, քո ծծերդ է ուխտա­­խաչեր,

Խունկ ու մոմ առեր եւ ի ուխտ եմ եկեր։

Դար մը յե­­տոյ Սա­­յաթ Նո­­վան եր­­գեց. «Գ՛ո՚ւզիմ, թէ հա­­մաշա (շա­­րու­­նակ) դռա­­նըդ գամ ուխտ»։

19-րդ դա­­րուն բա­­ռը քա­­ղաքա­­կանա­­ցաւ։ Բա­­նաս­­տեղծներ «ուխտ» բա­­ռով եր­­գե­­­ցին ազ­­գի տենչն ու պայ­­քա­­­րը։ Շատ են մեր գրիչ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րը։ Այ­­տօ­­­նեցէք յի­­շեմ եօթը հա­­տը. «Ուխտ էր՝ կանգնել ի մահ թշնա­­մու դէմ», Դե­­րենիկ Դե­­միր­­ճեան, «Գնա՚ս բա­­րով, ա՚յ ուխտա­­ւոր, / Երա­­նի քեզ, Հայ ուխտա­­ւոր, / Որ կա­­րօտով ու սի­­րառատ / Ուխտ ես գնում դէպ Այ­­րա­­­րատ», Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեան, «Քե­­զի եկայ՝ իբր ուխտա­­ւոր մը յոգ­­նած ։ Ալի­­շանի շիր­­մին առ­­ջեւ», Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժան, «Ուխտի կու գամ», Սիաման­­թօ, «Իմ ուխտը ։ Հզօր է ուխտս», Ալեք­­սանդր Ծա­­տու­­րեան, «Ես այն օրից ուխտե­­ցի / Ազա­­տու­­թիւնը սի­­րել», Մի­­քայէլ Նալ­­բանդեան, «Դա­­ւիթ-Բե­­կը ծունր իջաւ, երբ որ եկաւ Հա­­յաս­­տան, / Ուխտեց փշրել մեզ գե­­րող կա­­պանքներն ու կուռ շղթան», Ավե­­տիք Իսա­­հակեան։

Բայց եղան օրեր քեր­­թողներ քնա­­րեր­­գակ, «ուխտ» բա­­ռով եր­­գե­­­ցին սէ­­րը։ Շատ են այդ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րը։ Արտօ­­­նեցէք յի­­շեմ եօթը հա­­տը. «Ձեռք վեր­­ցուցինք աստղե­­րուն, / Սէր ուխտե­­ցինք իրա­­րու», Պետ­­րոս Դու­­րեան, «Բա­­ցուէինք իրար խօս­­քե­­­րով չնչին, / Բայց ուխտը լի­­նէր ան­­խարդախ ու խոր», Վա­­հան Տէ­­րեան «Ինչ երա­­նու­­թիւն ին­­ձի հա­­մար՝ որ լուսնին ուխտա­­ւորն եմ», Մի­­սաք Մե­­ծարենց, «Ուխտա­­ւոր իմ հո­­գին անդ կ՛ապ­­րի, ուր ցաւն է պա­­շարում», Շու­­շա­­­նիկ Կուրղի­­նեան, «Ոնց որ պան­­դուխտ ըլիմ աշ­­խարհում հի­­մի, / Անու­­նիդ ուխտ ըլիմ աշ­­խարհում հի­­մի», Եղի­­շէ Չա­­րենց, «Էրո­­ւած սրտով եկել եմ ուխտ», Պա­­րոյր Սե­­ւակ։ Իսկ վեր­ջի­նը, Վա­հան Թէ­քէեանը, որ իր պար­տէ­զին մէջ տնկած էր ուխտ մը, մնաց ձեռ­նունայն. «Ուխտ մը տնկե­ցի Ան­պա­հանջ Սի­րոյ, / Դո­ղացող եր­կար իր նուրբ ցո­ղու­նով։ / Արթնցայ՝ Ուխտս չոր­ցած էր»։

Մէկ այլ ուխտա­ւոր էր հայ տպա­րանը, որ հա­ւատար­մութեամբ հրա­տարա­կեց հա­րիւ­րա­ւոր հա­տոր­ներ։ Ահա քա­նի մը ուխտա­բոյր խո­րագիր. «Ուխտ հայ­րե­նասէրի», «Անցք Տա­րոնոյ ուխտի», «Ուխտա­ւորի յի­շատա­կարա­նը», «Ուխտը ։ Ազ­գա­յին ող­բերգու­թիւն», «Սե­ւանայ ուխտա­ւոր­նե­րը ։ Յի­շողու­թիւններ մեր արիւ­նոտ ան­ցեալից», «Վրէ­ժի ուխտա­ւոր­ներ», «Հայ­րե­նիքին ուխտա­ւոր­նե­րը վրէ­ժի ճամ­բուն վրայ»։ 1800 եւ 1900-նե­րու գիր­քեր էին անոնք։ Նոյն օրե­րուն եր­գեր յայտնո­ւեցան հայ­րե­նասի­րական։ Անոնք մեր ականջնե­րուն հնչե­ցին ուխտա­ւորի մրմունջի նման. «Ուխտեր ենք ծա­ռայել եր­կար ժա­մանակ», «Ուխտեր ենք կռո­ւիլ», «Եկէք, բո­լորո­ւինք մեր սուրբ ուխտին շուրջ», «Ուխտել եմ, զի­նուել եմ», «Ինձ միշտ սգա­ւոր կը տես­նէք / Այս է ան­խաբ իմ սուրբ ուխտ ։ Արաք­սի ար­տա­սունքը»...։

Ահա, տե­սէ՛ք, յաղ­թա­նակով վե­րադար­ձաւ զօ­րավա­րը։ Քուրձ հա­գած այ­րե­րը հա­սան սա­րի կա­տարը։ Ուխտը կա­տար։ Պան­դուխտը թա­կեց եարի դու­ռը։ Եօթը ծառ ծա­ղիկ տո­ւաւ։ Ուխտը կա­տար։ Հար­սը թխեց եօթը հաց։ Հար­սը եր­գեց եօթը օրօր։ Ուխտը կա­տար։ Երբ ուխտե­րը կա­տարուեցան, զո­հեր մա­տու­ցին, կո­չունք եղաւ։ Տէր­տէրներ եկան օրհնե­լու հա­մար։ Գու­սաններ եկան եր­գե­լու հա­մար։ Աղ­ջիկներ եկան պա­րելու հա­մար։ Մշակ­ներ եկան ու­տե­լու հա­մար։ Կտրիճ­ներ եկան մրցու­մի հա­մար։ Այդ կտրիճ­նե­րէն մէ­կը եր­գեց.

Ճամ­բայ տո­ւէք յա­ռաջ գամ

Սի­րուն եարիս բա­րեւ տամ,

Ուխտ եմ արել որ առ­նեմ,

Թող տես­նի աշ­խարհ ալամ։

Մին­չեւ յա­ջորդ հան­դի­պում ձեր բո­լոր ուխտե­րը կա­տարո­ւին։