Պատմական փորձով գիտենք թէ հայ ժողովուրդի սփիւռքի պայմաններու մէջ կազմակերպման առանցքը եկեղեցին եղած է։ Հեռաւոր Ասիայէն մինչեւ նոր աշխարհի արեւմտեան հատուածը կամ Աւստրալիա հայկական բոլոր գաղթօճախներու առաջին նախաձեռնութիւնը եղած է եկեղեցաշինութիւնը։ երեւոյթը տարբեր չէ նաեւ մեր օրերուն։ Արդարեւ այս շաբաթ նամակ մը ստացանք Կիւփինկենի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տիրատուր Քահանայ Սարտարեանէ։ Տէր Հայրը իր նամակին մէջ կը տեղեկացնէ Գերմանիոյ Պատեն- Վիւրթենպերկի հայ համայնքի մեկնարկած «Հայրենի Տուն։ Սուրբ Խաչ Եկեղեցի- Աղօթքի, Շփման ու Մշակոյթի Վայր» նախաձեռնութիւնը։ Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ պիտի վերանորոգուի Գերմանահայոց Թեմի առաջին եկեղեցին։
Կիւփինկեն քաղաքի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին ունի դարերու անցեալով էկումենիկ պատմութիւն մը։ Տաճարը անցեալին իբրեւ աղօթատեղի ծառայած է բողոքականներու, կաթողիկէներու, ռումինացիներու եւ հայ քրիստոնեաներու։ Այս պատմական անցեալով ներկայիս կը կարօտի շտապ վերանորոգման։ Սոյն վերանորոգման համար նախատեսուած 320.000 եւրոյի մէկ երրորդը արդէն ապահովուած է պետական աջակցութիւնով եւ սեփական խնայողութիւններով։ Մնացեալ ծախսը ապահովելու Պադեն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքի վարչութիւնը եւ հոգեւոր հովիւը կը դիմեն համայնքի անդամներուն ու բարեկամներուն օժանդակութեան խնդրանքով։
1960-ական թուականներու սկիզբին Դաշնակցային Գերմանիոյ Թուրքիոյ հանրապետութեան հետ կնքած աշխատուժի փոխանակման համաձայնութենէն ետք Կիւփինկեն եկած բանուորներու մէջ էր նաեւ մի քանի տասնեակ հայ ընտանիք։ Անոնք նախաձեռնեցին «Քրիստոնեայ Հայ Միութիւն»ի մը հիմնադրութեան։ Ապա ան կոչուեցաւ «Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնք»։ Վարձակալելէց քաղաքի Պարտենպախ թաղամասի լքուած հին եկեղեցին։ Օր ցերեկով գործարաններու մէջ աշխատող հայ բանուորներ երեկոյան ալ համատեղ ջանքերով կը վերանորոգէին եկեղեցւոյ ներքին հատուածը, որպէսզի այն յարմարուի հայ առաքելական ծիսական աւանդութեան։ Այսպէսով գոյացաւ Դաշնակցային Գերմանիոյ առաջին հայ եկեղեցին, որուն օծումը կատարուեցաւ Գիւտ Խաչի տօնին ու վերանուանուեցաւ «Սուրբ Խաչ Հայ Առաքելական Եկեղեցի»։
1991-ին Հայրապետական Կոնդակով հիմնադրուեցաւ Գերմանահայոց Թեմը, որու առաջին Առաջնորդը ընտրուեցաւ պոլսահայ Գարեգին Արքեպ. Պէքճեանը։ Պէքճեան սրբազանը մեծագոյն ջանք ներդրաւ Թեմի կազմակերպման ու կայացման համար։
1996-ի 20 Ապրիլին Շտուտկարտի եւ շրջակայքի հայ համայնքը եւ Կիւփինկենի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը որոշած են միանալ եւ վերանուանուել «Պատեն-Վիւրթեմպերկի Հայ Համայնք» ըլլալով, որուն նստավայրն է Կիւփինկենի Սուրբ Խաչ եկեղեցին։
Մինչ այդ վարձակալուած եկեղեցին 2018-ին գնուած է Պարտենպախի բողոքական համայնքէն եւ դարձած է հայ ժողովուրդի սեփականութիւն։ Հայր Տիրատուր Քահանայ Սարդարեան կը նշէ թէ այս սրբազան առաքելութեան աջակցիլ ուզողները կրնան կապ հաստատել համայնքի վարչութեան կամ հոգեւոր հովիւին հետ https://agbw.org/heimat-schaffen/ կայքէջի միջոցով։