Համաշխարհային գետնի վրայ հետզհետէ անարդարութեան զոհի մը խորհրդանշանը դարձած Օսման Քաւալա չորրորդ տարին բոլորեց ճաղերու ետին։ Այս առթիւ յայտարարութիւն մը կատարող Օսման Քաւալա «Կեանքիս չորս տարին կորսնցնելէ եւ ազգային խնդիր մը դառնալէ ետք կը մխիթարուիմ համոզուելով թէ իմ մատնուած անարդարութիւնը արդարադատութեան խնդիրներուն հետ առերեսուելու առիթ պիտի ծառայէ»։
Քաւալայի յայտարարութեան ամբողջական պատճէնը հետեւեալն է. «Երկուշաբթի օր լրացուցած եղայ Սիլիվրիի արգելանոցի մէջ չորրորդ տարին։ Այս չորս տարիներու ընթացքին բացի ինձմէ խլացուած ազատութենէն, հասարակութեան դիմաց ներկայացուեցայ իբրեւ մութ ու վատ անձնաւորութիւն։ Կը յուսամ թէ այս անարդարութեան հետ առերեսուելէ ետք դատարան ներկայացողները աւելի արդար վերաբերում պիտի տեսնեն»։
ԵՄԻԱ վճռած էր թէ բռնաբարուած են Քաւալայի իրաւունքները եւ ան իսկոյն պէտք է ազատ արձակուի։ Արդարեւ «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերը կազմակերպելու եւ ֆինանսաւորելու ուղղուած մեղադրանքները անհիմն ելած էին եւ դատարանը անպարտ հռչակած էր Օսման Քաւալան։ Սակայն Էրտողանի կառավարութեան միջամտութեամբ անմիջապէս շինծու լրտեսութեան մեղադրանքով նոր դատ մը բացուելով արգելք եղած էին Քաւալայի բանտէն դուրս գալուն։ Նախորդ շաբթուան մէջ ԱՄՆ, Գերմանիա, Ֆրանսիա, Գանատա, Նոր Զելլանտիա, Պելկիա, Շուէտ, Հոլլանտիա, Տանիմարք եւ Ֆիլլանտիոյ Թուրքիոյ աւագ դեսպանները միասնական կոչ մը հրապարակելով պահանջեցին որ Թուրքիա վերահաստատէ օրէնքի գերակայութիւնը եւ հնազանդի ԵՄԻԱ-ի վճիռներուն։
Դեսպաններու այս յայտարարութիւնը շատ բուռն հակազդեցութիւն ստեղծեց նախագահ Էրտողանի եւ իր նախարարներու մօտ։ Գոյացած ճգնաժամը խաղաղեցաւ ԱՄՆ Արտ. Գործ. Նախարարութեան «թուիթըր»եան գրառումով։
Երկրի ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ խիստօրէն կը քննադատեն քաղաքական գործիչներու կամ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու պատանդի մը վերաբերումով բանտարկուելուն դէմ։