ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
ishanerdinc@gmail.com
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. քաղաքիս հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ 28 Հոկտեմբեր հինգշաբթի օր, հանդիպում մը ունեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Պատրիարք Սրբազանը ժողովի ընթացքին իր կողքին ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանը բացատրութիւններ փոխանցեց երկու օր առաջ դէպի Տիյապեքիր կատարած այցելութեան մասին։
Պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնեց որ աւարտման շեմին հասած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը եւ հաւանական է թէ եկեղեցւոյ օծումը ու բացումը կատարուի Մայիս ամսուայ ընթացքին։ «Սակայն ցաւով նշեմ թէ տխուր վիճակի մէջ է Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որուն նորոգութեան համար կ՚ենթադրուի շուրջ 25 միլիոն ԹԼ. ծախս» ըսաւ Պատրիարք Հայրը։ Սրբազան Մաշալեան ապա տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ 22 Հոկտեմբերին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Պուրհան Էրսոյի եւ Ներքին Գործոց Նախարարի տեղակալ Մուհթերեմ Ինճէի Պատրիարքարան տուած այցելութեան մասին։ Այդ այցելութեան ընթացքին Պատրիարք Սրբազանը օրակարգի բերած է համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու առկախուած ընտրութեան խնդիրը։ Պատրիարքը նշած է որ ընտրութիւնները պէտք է կայանան Իսթանպուլի երեք շրջաններու ձեւաչափով։
Հանդիպման ընթացքին մամլոյ ներկայացուցիչները օրակարգի բերին զիրենք բաւականին դժուար կացութեան մատնող խնդիրները։ Այդ խնդիրներէն վերջինը հանդիսացաւ փոսթայի փոխանակումներու սակերուն հնգապատիկ սուղնալու խնդիրը։ «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» թերթերու անունով Արա Գոչունեան եւ Արի Հատտէլէր մտահոգութիւն յայտնեցին տնտեսական ճգնաժամի դիմաց իրենց առաքելութիւնը յառաջիկայ տարիներուն ալ շարունակելու ուղղութիւնով։ «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան նշեց որ համացանցի վրայ լրատուութիւն կատարող «ԹեթԱժանտա» ընկերութեան մահազդները ձրիօրէն հրատարակելը ծանր հարուած կ՚իջեցնէ տպագիր մամուլին։
«Լոյս Մետիա» ընկերութեան սեփականատէր Արամ Քուրան առաջարկեց հայ մամուլի միութեան մը հիմնադրութիւնը։ Մամուլի ներկայացուցիչները նաեւ նշեցին թէ համայնքային հաստատութիւններու վարիչները պէտք է աւելի զգայուն ըլլան մամուլին զօրակցելու խնդրին մէջ։