26Հոկտեմբեր երեքշաբթի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մամլոյ ժողովի մասնակցող նախագահ Էրտողան Հայաստանի հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար պայման դրաւ Ատրպէյճանի հետ մտերիմ բանակցութիւններու գործադրումը։
Ատրպէյճանի վերատիրացած տարածքի վրայ քննարկումներ կատարող Էրտողան ուրախութիւն յայտնեց կարճ ժամանակի մէջ ի գործ դրուած ներդրումներուն ակնարկելով։ Յոյս յայտնեց որ ճանապարհաշինութիւնը պիտի նպաստէ տարածքի բարգաւաճման։ «Այս հողերէն անցնելիք նոր ճանապարհները եւ երկաթուղին ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, այլ ամբողջ տարածքին համար տնտեսական եւ առեւտրական առիթներ պիտի գոյացնէ։ Օր պիտի գայ Զանգեզուրէն անցնելով մինչեւ Իսթանպուլ պիտի ճամբորդենք։ Այս զարգացումէն պիտի օգտուին Իրանի, Վրաստանի եւ Հայստանի նման Ատրպէյճանի հարեւան երկիրները։ Վերջապէս այս ծրագիրները ոչ թէ արտաքսող այլ ներառող բնոյթ ունին։ Այս պահուն բնականաբար պայման է սահմանագծութիւնը եւ այդ սահմաններու պաշտօնական ճանաչումը։ Այս նիւթէ ներս Հայաստան Ատրպէյճանի հետ առկայ հարցերու լուծման համար մտերիմ մերձեցում պէտք է ցուցաբերէ։ Այսպէսով Թուրքիոյ ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելուն առջեւ ոչ մէկ արգելք պիտի մնայ։ Ամբողջ տարածքի համար բարգաւաճ ապագայի մը հեռանկարը պէտք չէ որ ճղճիմ հաշիւներու եւ ներքին քաղաքականութեան զոհ դառնայ։ Անգամ մը եւս կ՚ընդգծեմ թէ տարածքաշրջանի մէջ իւրաքանչիւր դրական քայլ արժանի անդրադարձը պիտի գտնէ մեր կողմէ» ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը։