ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անցած է խնամիական բարեկամութեան շրջանը

Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ելոյթ ու­նե­նալով զգու­շա­ցուց ճղճիմ հա­շիւ­նե­ր հե­տապնդե­լով եւ ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թեան սի­րոյն մեծ հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը ան­տե­սելու հա­ւանա­կան վնաս­նե­րուն։ Այս տրա­մաբա­նական հաս­տա­տու­մը իր բո­լոր իմաս­տը կը կորսնցնէ, երբ կ՚ար­տա­սանո­ւի Էր­տո­ղանի կող­մէ։

Բո­լորս գի­տենք որ Էր­տո­ղանի վար­չութեան շրջա­նին Թուրքիոյ մէջ ի հի­մանէ ոչնչա­ցուած է դի­ւանա­գիտա­կան բո­լոր սկզբունքնե­րը եւ աւան­դութիւննե­րը։ Յի­շենք որ Էր­տո­ղան գի­տակ­ցա­բար եւ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կոր­ծա­նեց այդ հա­մակար­գը։ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան կազ­մին մէջ փոր­ձա­ռու­թիւն եւ աւան­դութիւն ու­նե­ցող բո­լոր դես­պաննե­րը եւ բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեանե­րը ար­հա­մար­հեց «մոն­շերներ» կո­չելով։

Ի տար­բե­րու­թիւն իր նախ­կիննե­րէ Էր­տո­ղան կ՚ու­զէր ան­ձամբ հսկել բո­լոր գոր­ծընթացքնե­րը։ Ու­նէր մեծ ինքնավստա­հու­թիւն, որուն ապա­ւինե­լով կ՚ընդհա­տէր նաեւ թարգման­նե­րը եւ «Վան Մի­նութ, վան մի­նութ» ըսե­լով առանց նկա­տելու խօ­սակից­նե­րուն զար­մանքը կը պար­տադրէր իր զգա­ցական պոռթկու­մը։ Որքան ատեն որ հա­մաշ­խարհա­յին շու­կա­յի դե­րակա­տար­նե­րը յոյ­սեր կը դնէին իր վրայ, այդ ան­բա­րեկիրթ վարքն ալ կ՚ըն­դունո­ւէր որ­պէս հե­ղինա­կու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի մը կամ­քը։ Էր­տո­ղան փո­խանակ քննա­դատո­ւելու հե­րոսի մը կը վե­րածուէր հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ։

Այ­սօր կրնանք հաս­տա­տել թէ շատ ջու­րեր հո­սած են այդ կա­մուրջնե­րու տա­կէն եւ նոյն վար­քը շատ հե­ռու է ան­ցեալին գո­յացու­ցած տպա­ւորու­թիւննե­րէն։ Հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ Էր­տո­ղան ոչ թէ հե­ղինա­կու­թիւն, այլ ան­կանխա­տեսե­լի քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի մը վե­րածո­ւած է։

Այս պա­հուն աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թեան հա­մար ու­շադրու­թեամբ հե­տեւե­լի եւ զգու­շութեամբ ըն­կա­լելի յատ­կութիւն մը կը ներ­կա­յաց­նեն Էր­տո­ղանի Հա­յաս­տա­նի մա­սին ըսած­նե­րը։

Բո­լորիս ծա­նօթ է որ Հա­յաս­տան դուրս գալ կ՚ու­զէ իր առ­ջեւ ցցո­ւած շրջա­փակումնե­րէն։

Այս սիւ­նա­կի վրայ բազ­միցս գրած ենք թէ առ­կայ շրջա­փակումնե­րը Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու միակող­մա­նի որո­շու­մով գոր­ծադրո­ւած են։ Այ­սօր Էր­տո­ղան կ՚ըսէ թէ մի­ջավայ­րը նպաս­տա­ւոր է յա­րատեւ խա­ղաղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար, բայց կը շա­րու­նա­կէ թշնա­մու­թիւն ածել Հա­յաս­տա­նի դէմ։ Ընդմիշտ կը ներ­կա­յաց­նէ նոր նա­խապայ­մաններ իր երկրի պատ­ճա­ռած քա­ղաքա­կան ու դի­ւանա­գիտա­կան ճգնա­ժամէն դուրս գա­լու հա­մար։

Պար­տինք նշել որ այս պայ­մաննե­րու մէջ մենք դրա­կան ոչ մէկ զար­գա­ցում կը տես­նենք որ­քան ատեն որ Էր­տո­ղան կը փոր­ձէ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւններ մշա­կելու փո­խարէն նոր ձեռքբե­րումնե­րու սա­կար­կութեան ճամ­բայ կը բա­նայ։ Պէտք է լուրջ ու գի­տակից ըլ­լալ այս տե­սակի ծու­ղակնե­րու դի­մաց, քա­նի որ Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը իրենց պա­հանջնե­րով կը սպառ­նան Հա­յաս­տա­նի ցարդ ամե­նակա­րեւոր հա­րեւան երկրի, Պարսկաս­տա­նի հետ սահ­մա­նային կա­պերը խզե­լու։

Հա­րիւր տա­րուայ ըն­թացքին բա­զում փոր­ձե­րով տե­սանք թէ ապար­դիւն է որե­ւէ երկրի բա­րեկա­մու­թեան ապա­ւինիլ։ Եր­կիրնե­րը իրենց յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը ձե­ւաւո­րեն փո­խադարձ շա­հաւէ­տու­թեան հիմ­քե­րու վրայ, այլ ոչ թէ զգա­ցաըան բա­րեկա­մու­թիւննե­րու։ Այդ ան­ցեալին էր որ թա­գաւոր­ներ իրա­րու խնա­մի դառ­նա­լով կը կեր­տէին միջ­պե­տական բա­րեկա­մու­թիւններ։ Այ­սօր այդ բա­րեկա­մու­թիւննե­րը խիստ դիւ­րա­բեկ են եւ կրնան շա­րու­նա­կուիլ միայն փո­խադարձ շա­հաւէ­տու­թեան պայ­մաննե­րով։ Ու­րեմն կրկնենք մեր սի­րած կան­խա­խօսը՝ «Զգու­շա­ցէք դռնե­րը փակ­ւում են»։

pakrates@yahoo.com