«Ակօս»ի հայերէն էջերու ընթերցողներուն ծանօթ անուն մըն է ակադէմական Էրսոյ Սոյտան։ Ան մեր նախորդ թիւերուն յայտնուած է պատմամշակութային բնոյթի զանազան յօդուածներով։ Սոյտան այժմ կը պաշտօնավարէ Քասթամոնու համալսարանի մէջ իբրեւ արուեստի պատնութեան մասնագէտ։ Ան 22 Հոկտեմբերին «Եալովայի Հետազօտումներու Համագումար»ին զեկուցեց նիւթ ունենալով Արմութլու գաւառի պատմական ու մշակութային աւանդը։ Բացի փոխանցած գիտելիքներէ, մեր սիրելի բարեկամը միտքեր փոխանակեց նաեւ տուեալ տարածքի զբօսաշրջական կարողութիւններուն մասին։ Էրսոյ Սոյտանի զեկոյցը որոշ կրճատումներով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
ՏՈՑ. ՏՈՔԹ. ԷՐՍՈՅ ՍՈՅՏԱՆ
ersoy.soydan@gmail.com
Եալովա քաղաքի Արմութլու գաւառը նոյնանուն թերակղզիի ծայրամասին, 18 քմ. ծովափով, պատմական ջերմուկներով եւ անաղարտ բնութիւնով Մարմարա ծովու կարեւոր զբօսաշրջական վայրերէն մէկն է։
Գաւառի զբօսաշրջական յատկութիւններուն մէջ ջերմուկները աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են։ Ծովային լոգանքի եղանակը կարճատեւ ըլլալուն, հիւրանոցներու համար շատ ալ հետաքրքրական չեղած Արմութլու, աւելի ամառանոցներով ուշագրաւ է։
2006-ին այս գաւառը –Զբօսաշրջական թերմալ տարածք- ըլլալով յայտնուեցաւ եւ այդ թուականէն ետք ջերմուկ բաղնիքներ ունեցող նոր հիւրանոցներ բացուեցան։ Այսպէսով զարգանալ սկսաւ առողջապահական զբօսաշրջութիւնը։ Անտարածածկ թերակղզին յատկապէս իր գիւղերով էքոլոկիական զբօսաշրջութեան ալ կարեւոր ներուժ ունի։
Կ՚արժէ անդրադառնալ նաեւ մշակութային զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններուն։ Գաւառը ունի պաշտօնապէս գրանցուած 24 պատմական արժէք ներկայացնող բնակարան, պատմական ջերմուկն ու բաղնիքը, Հաճի Ալի Փաշայի մզկիթը եւ կամուրջը, որոնք յիշարժան մշակութային նմոյշներ են։ Նկաստի ունենալով անցեալին քանի մը գեղարուստական ֆիլմերու Արմութլուի ծանօթացման բերած նպաստը, այստեղ հեռուստասերիալի մը նկարահանումը ալ աւելի պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման։
Նշած էինք թէ Արմութլու գաւառը նոյնանուն թերակղզիի արեւմտեան ծայրամասին, 28 հազար հեկտար տարածք ունեցող ծովափնեայ վայր մըն է։ Ամենաբարձր հատուածը Տեզ լեռն է, 992 մ, բարձրութիւնով։ Ունի Ֆըսթըքլը, Մեճիտիյէ, Քափաքլը, Հայրիյէ եւ Սելիմիյէ անուններով հինգ գիւղեր։ Ընդհանուր բնակչութիւնը 8848 է որուն 2479 գիւղացիներ են։
Բուսականութիւնը կը բաղկանայ թուփերէ, ձիթենիներէ եւ տարածքի մեծամասնութիւնը կազմող անտառներէ։ Այս անտառները հարուստ են նաեւ վայրի կենդանութեամբ։ Ամառնային եղանակը շոգ է, իսկ ձմեռները առատ տեղումներով ու մեղմ։
Էվլիյա Չելեպի գաւառի անուանումը կը բացատրէ տանձենիներով։ Սակայն այլ աղբիւրներ Արմութլու բարին ստուգաբանութեան համար կը նշեն «արմօտա» եզրը, որ արեւմտեան լեզուներու մէջ նաւատորմի իմաստ ունի։
Արմութլու Օսմանեան կայսրութեան շրջանին Կեմլիք եւ Մուտանիոյ հետ Քեթէ աւանին կապուած գիւղաքաղաք մըն էր։ Անցեալի այդ կարեւոր աւանը այսօր Պրուսայի Նիլիւֆեր գաւառի մէկ թաղամասին վերածուած է։
1335 թուին Օրհան Կազի արշաւեց այդ տարածքը եւ Արմութլու քանի մը անգամ տեղափոխուելէ, այլ գիւղերու հետ միանալէ ետք վերակառուցուեցաւ ներկայ դիրքին վրայ։
Օսմանեան վաղ շրջաններուն տարածքը ծանօթ էր նաեւ «Պուրունհիսար» անունով։ Պուրունհիսարի կործանումէն ետք տեղուոյն յոյն բնակչութիւնը գաղթած է Կեմլիք։ Արմութլուի մերձակայ Պոհյալը եւ Պիւք գիւղերու մահմետական բնակիչները նախ Քոչաչ եւ ապա Արմութլու հաստատուած են։ 1521-ի մարդահամարին Պոհյալը եւ Քոչաչէն եկածները զատ զատ գրանցուած են։ Այս տուեալներով կարելի է հաստատել թէ գաւառը ԺԶ դարու երկրորդ կէսին հաստատուած է։ Հնագիտական պեղումներով կարելի է յայտնաբերել նաեւ երբեմնի լքեալ կամ աւերեալ բնակավայրերը։
Արմութլու թերակղզիի արեւմտեան ծայրամասը ծանօթ է նաեւ «Պոզպուրուն» անունով։ Այս անուանումին ստուգաբանութիւնը կը հասնի յունական դիցաբանութեան ծովերու, երկրաշարժի եւ ձիերու չաստուած Փոսէյտոնին։ Փոսէյտոն երբ իր երածայր նիզակը հողին զարնէր, երկրաշարժ կը կատաուէր։ Նոյն նիզակով կ՚ալեկոծէր կամ կը խաղաղեցնէր ծովու ալիքները։ Արդարեւ պատմական հին քարտէզներու վրայ Պոզպուրունի գտնուած կէտը կը նշուի Փոսէիտոնի անունով։ Աղբիւրներ կը վկայեն թէ այստեղ եղած է նաեւ Փոսէիտոնի ձօնուած մեհեան մը։ Պարտինք նշել թէ Արմութլու կը գտնուի երկրաշարժի առաջին կարգի գօտիին վրայ։
Տեղացիներ կը վկայեն թէ անցեալին, այսօրուայ Պոզպուրունի փարոսի գտնուած վայրի վրայ տեսած են երբեմնի այդ մեհեանի մնացորդաց մարմարեայ սիւներ, որոնք ներկայիս բոլորովին անհետացած են։
Էվլիյա Չելեպի իր պատումներուն մէջ կ՚անդրադառնայ նաւաստիներուն այստեղ օրեր շարունակ ալեկոծուած ծովուն խաղաղիլը սպասելուն։ Անոր վկայութեամբ այստեղ կը գործէին խան, հիւրանոց, փոքրիկ մզկիթ մը եւ քանի մը խանութներ։ Էվլիյա Չելեպիի պատմած նաւահանգիստը Հանտերէ կոչուած ծոցն էր, ուր դարձեալ մինչեւ մօտ անցեալ գոյութիւնը պահած հին շինութիւնները բոլորովին անհետացած են։ Այժմ Հանտերէի մէջ երկրի մեծագոյն արձակուրդի վայրերէն մէկը կառուցուած է ու նաւահանգիստն ալ ընդլայնած ճամբորդատար նաւերու համար։
Էվլիյա Չելեպի ԺԷ դարուն այցելած եւ միայն մէկ գիշեր մնացած Արմութլուի համար կ՚ըսէ թէ 300 բնակարան ունի։ 1908-ի տուեալներով նոյն գաւառի բնակարանները 333 ըլլալով գրանցուած են։
Մինչեւ 1920-ական տարեթիւեր յոյները եւ թուրքերը միասնաբար ու համերաշխ ապրած են այս տարածքի վրայ։ Յոյները թրքախօս էին եւ քաղաքի բոլոր խանութները իրենց կը պատկանէին։ Սակայն որեւէ արձանագրութիւն չկայ ԺԸ դարէն առաջ յոյն բնակչութեան մասին։ Իրենց նախնիները գաղթած են արեւմտեան Յունաստանի լեռնային Ակրաֆա շրջանէն։ 1920-ականներու սկիզբին յունաց Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ շուրջ, Քարշըեաքա թաղի մէջ 180 յոյն ընտանիք կ՚ապրէր։
1922-ին յունաց թաղամասը հրկիզուած է եւ այդ թաղէն հետք մը չէ մնացած։ Իսկ Արմութլուի թրքաբնակ թաղամասէն մեր օրերուն հասած են 24 պատմական տուներ։
Բնակչութեան փոխանակումով Յունաստան գաղթած Արմութլուի յոյները ցրուած են եւ չեն կարողացած «Նէա Քիոս», «Նէա Մուտանիա», «Նէա Թրիկլիա»ի նման «Նէա Արմութլու» մը կազմել։ Բայց գաղթէն հարիւր տարի անց, Արմութլուի նախկին բնակիչներու թոռները կու գան այցելելու իրենց պապերուն հայրենի երկիրը։
Այժմ տեղւոյն բնակչութիւնը կը կազմեն տեղացի Մանաւները, 93-ի գաղթական վրացիները, Տրամայի փոխանակուածները, մալաթիացիներ, բաբերդցիներ, սղերդցիներ եւ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն եկածներ։
Գաւառի տնտեսութիւնը կը կայանայ ձիթենիներու մշակման ու ձկնորսութեան շուրջ։ Աշխատանքի կարելիութիւններուն սահմանափակ ըլլաուն պատճառաւ բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը գաղթած է Պրուսա եւ Իսթանպուլի նման մեծ քաղաքներ։