Թրքահայ Ուուսուցչաց Հիմնարկը Մամլոյ Հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով լրացուցիչ բացատրութիւններ կը փոխանցէ Պոլսահայ Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագրի մասին։
Բոլորին ծանօթ է թէ Պոլսոյ հայ վարժարաններու մէջ կը պաշտօնավարեն այդ նոյն վարժարաններէն կամ ալ օտար վարժարաններէն շրջանաւարտ բազմաթիւ ուսուցիչներ։ Նկատի ունենալով երկրի ուսման ծրագրի հայոց լեզուի, մշակոյթի, գրականութեան եւ պատմութեան մասին անբաւարարութիւնը, հիմնարկը կարիքը կը զգայ մանկապարտիզպանուհի, դասարանի ուսուցիչ կամ ալ զանազան գիտութիւններու յատուկ ուսուցիչներու այս նիւթի շուրջ ունեցած թերութիւնները կատարելագործել։ Նշենք որ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման կարիքը համազգային բնոյթ ունի, հետեւաբար երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի կրթական հաստատութիւնները յարատեւօրէն ծրագիրներ կը պատրաստեն նոյն մտադրութեամբ։ Այս ծիրէն ներս պէտք է դասել նաեւ Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանի Վենետիկեան ամառնային դասընթացքները կամ ալ Կիւպէնկեան Հիմնարկի նոյն բնոյթի կազմակերպութիւնները։ Թրքահայ Ուուսուցչաց Հիմնարկի երդիկին տակ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրի վարիչն է Նաթալի Պաղտատ։
Վերամուտին սկսող աշխատանոցները արդէն հասած են ութերորդ շաբթուան ու կը նախատեսուի ընթացք ունենայ մինչեւ տարեվերջ։ Իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, պոլսահայ վարժարաններու զանազան մակարդակներու ուսուոցիչ/ուսուցչուհիներ, որոնք ըստ իրենց դասաւանդած մակարդակին եւ մասնաճիւղին բաժնուած են խումբերու։
Առայժմ կազմուած են հինգ խումբեր, 63 ուսուցիչներով։ Իւրաքանչիւր խումբ շաբաթը անգամ մը կը մէկտեղուի, առցանց կերպով։
Աշխատանոցներու ընթացքին ո՛չ միայն լեզուական դասեր կը կատարուին, այլ նաեւ կ՚ուսումնասիրուին մշակութային, գրական կամ գեղարուեստական նիւթեր։
Տարեվերջին մասնակից ուսուցիչներ պիտի ստանան մասնակցութեան թերթիկներ։
Մինչ այդ, այս աշխատանոցներուն առընթեր, մասնակից ուսուցիչներուն հետ մերթ ընդ մերթ պիտի կատարուին զանազան գործունէութիւններ, դէմ առ դէմ, համավարակին ներած չափերով։
Այս գործունէութիւններէն առաջինը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ։ Աշխատանոցի ուսուցիչներէն խումբ մը, միասնաբար մասնակցեցան «Քիմ Վար Օրատա Մուհսին Պէյ» թատերախաղի ներկայացման։
Այս ծրագրուած եւ խումբ մը ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ կատարուած աշխատանոցներուն առընթեր պիտի կատարուին նաեւ համայնքիս բոլոր ուսուցիչներուն ուղղեալ, զանազան նիւթերու շուրջ, այլ աշխատանոցներ կամ սէմինարներ եւս։
Անցեալ շաբաթ օր, իրականացաւ ասոնցմէ առաջինը։ 23 Հոկտեմբեր 2021 Շաբաթ օր, Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Արեւմտահայերէնի տարածման եւ վերակենդանացման ծրագիրներու պատասխանատու Տիկին Անի Կարմիրեան, «Զնտուկ» կայքէջի ծանօթացման նպատակաւ, երկու զատ նիստերով մէկտեղուեցաւ համայնքիս մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգի ուսուցիչներով։ Տիկին Անի Կարմիրեան թէ՛ տեղեկութիւն տուաւ «Զնտուկ»ի մասին եւ թէ մանկավարժական մօտեցումներուն եւ փորձառութիւններուն մասին փոխանակում ունեցաւ ուսուցիչներուն հետ։
Ապագայ օրերուն զանազան միջոցառումներով պիտի շարունակուին նման գործունէութիւններ։