Արցախեան պատերազմի պարտութիւնով աւարտելէն ետք Հայաստանի քաղաքական դաշտը կը շարունակէ բաւականին եռուն երեւոյթ մը պարզել։ Մէկ կողմէ Թուրքիոյ նախագահի իրականութեան մէջ յստակ պատգամ մը փոխանցելէ հեռու յայտարարութիւնները, միւս կողմէ Իլհամ Ալիեւի առկայ բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ Հայաստանի հետ խաղաղութեան դաշինք մը կնքելու համար աճապարանքը շատ հեռու են կայուն օրակարգ մը ի գործ դնելէ։ Նախորդ շաբաթուայ ընթացքին երկրի օրակարգը ծանրաբեռնուած էր մէկ կողմէ տուն վերադարձող հինգ զինուորներու պատճառած ուրախութիւնով, միւս կողմէ շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւններու հետեւանքներով։
Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած դաշինքը ծանր պարտութիւնով մը դուրս եկաւ Կիւմրիի եւ Կորիսի ընտրութիւններէն։ 17 Հոկտեմբերին կայացող ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը մնաց 32 տոկոսի սահմաններով։
Յառաջիկայ Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին եւս պիտի կայանան շրջանային ընտրութիւններ։ Ընտրութիւնները եւ անոնց արդիւնքները բաւականին խօսուն են, այն առումով թէ ժողովուրդը իր ընտրութեան մէջ կը կարեւորէ նաեւ թեկնածուի յատկանիշները։ Այսպէս 20 Յունիսին իշխող կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկած կիւմրեցիներ վերջին ընտրութիւններուն զօրակցեցան ընդդիմադիր թեկնածուին։
Այս շաբաթուայ կարեւոր անցուդարձներէն մէկն ալ պոլսահայոց ծանօթ դիւանագէտի մը՝ Արսէն Աւագեանի Պարսկաստանի Աւագ Դեսպան նշանակուիլըն էր։ Արսէն Աւագեան Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարած շրջանին արժանացած էր բաւական լայն շրջանակի մը համակրանքին։ Ան Հայաստանի Հանրապետութեան Թուրքիոյ մէջ պաշտօն ստանձնած առաջին դիւանագէտն էր եւ իր մտաւորական պաշարներով ոչ միայն տեղւոյն հայ համայնքին, այլ թուրք մտաւորական շրջանակներու մէջ ալ որոշ համբաւի մը տիրացած էր։ Այդտեղ կարեւոր նշանակութիւն ունեցան իր հրատարակած ուսումնասիրութիւնները չերքէզներու, իթթիհատականներու եւ դաշնակցականներու համագործակցութեան նիւթերով։
«Ակօս»ի անունով յաջողութիւն կը մաղթենք մեր վաղեմի բարեկամ Արսէն Աւագեանին։