Մարդու կազմը բնականաբար կը մարսէ բոլոր այն սնունդները, որոնց սովոր է։ Իսկ օտար կամ խորթ սնունդները, կամ թթուած, նեխած, լխկածները դժուարամարս են եւ կը յառաջացնեն զանազան բարդութիւններ։
Նոյնն է երեւոյթը ընկերային կեանքի մէջ։ Այդ բնագաւառն ալ ունի իր կանոնները, որոնց հակասող ամէն ինչ անմարսելի կը դառնայ հասարակութեան համար։
Բայց երբ այդ հասարակութիւնը տարիներու փորձ մը կուտակած է անմարսելին եւս իւրացնելու խնդրին մէջ, յատուկենտ կը լսուի առարկութիւններ։ «Մենք այս բանին արժանի չենք» է այդ առարկութեան կաղապարուած նախադասութիւնը։
Թուրքիոյ հետզհետէ փտած քաղաքական օրակարգի մասին խօսելու պահուն, վերջերս աւելի յաճախակի կը լսենք «Թուրքիան այս բանին արժանի չէ» առարկութիւնը։ Դժուարամարսութեան ընդվզումն է այս։ Պատուաւոր է ու յարգելի։ Բայց նոյնքան անիմաստ, յատկապէս «Եթէ ոչ ենթական, հապա ո՞վ արժանի է» հարցումին դիմաց։
Ինչպէս անհատները, հաւաքականութիւններն ալ ունին խաբուելու հաւանականութիւն։ Ուստի ինչպէս անհատները, նոյնպէս հաւաքականութիւններն ալ պարտին հատուցել խաբուած ըլլալու մեղքը։ Մատնանշելով սխալ ընտրութեան հետեւանքը, «մենք այս բանին արժանի չէինք» ըսելը իմաստ մը չունի։ Եղածը եղած է արդէն եւ հիմա պիտի առերեսուինք հետեւանքին հետ։
Յիշենք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական վերջին ընտրութիւնները։ Թրքահայ համայնքը, շնորհիւ 1863-ի սահմանադրութեան տիրացած է իր հոգեւոր առաջնորդը ժաղովուրդի ձայներով ընտրելու իրաւունքին։ Եկեղեցական կեանքի մէջ եզակի երեւոյթ մըն է այս։ Աշխարհի բոլոր եկեղեցիները իրենց առաջնորդը կ՚ընտրեն եպիսկոպոսաց ձայներով։ Յանուն ժողովրդավարութեան, շատ կարեւոր ձեռքբերում մըն է այս, որ կարելի եղած է բուռն պայքարի մը հետեւանքով։ Բայց իբրեւ համայնք որքանո՞վ կարողացանք այդ ձեռքբերումը պահպանել։ Որպէս հասարակութիւն մեծ անփութութեամբ հետեւեցանք իրերայաջորդ սխալներու։ Չար միտք մը իր կամքը պարտադրեց ամբողջ համայնքի մը վրայ։
Եթէ ներառեալ պատրիարքութեան զոյգ թեկնածուները, բոլորս նկատեցինք ու խոստովանեցանք գործադրուած անօրէնութիւնը եւ գիտակցաբար, հեշտօրէն համակերպեցանք, ինչպէ՞ս կարելի է ապաւինիլ «Պոլսահայութիւնը այս կատարուածին արժանի չէր» ինքնախաբէութեան։
Խնդիրը ալաւելի սիրտ ցաւեցնող է Հայաստանի համար։ Հոն եւս ամբողջ պետութեան մը երեսուն տարուայ սխալ կողմնորոշումը հատուցուեցաւ բազմահազար երիտասարդ կեանքերով։ Առանց այդ հետեւանքին պատճառ հանդիսացող սխալնրը պարզելու, ափսոսանքով «Հայ ազգը արժանի չէր այս պարտութեան» ըսելը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ։
Չար միտքը եւ անոր պարտադրած չար կամքը ամենուրէք է։ Ուրեմն պարտաւոր ենք բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր գետիններու վրայ զգոյշ մնալու եւ յանուն արդարութեան կամք դրսեւորելու։
Իսկ եթէ պիտի լռենք չարին դիմաց «Գէշ մարդ ըլլալ չեմ ուզեր» ըսելով, գիտցէք թէ արժանի ենք բոլոր չար հետեւանքներուն։ Նոյնիսկ այդ հանգրուանին ալ խղճի ճղճիմ ջիղի մը պատճառով տառապինք դժուարամարսութենէ, ումպ մը հանքային ջուր կը յանձնարարեմ, նախընտրաբար սարը եւ «Բջնի», «Ջարմուկ» կամ «Գըզըլայ»։
pakrates@yahoo.com