Ուրախութեամբ վերահասու եղանք թէ թերթիս աշխատակիցներէն Սեւան Տէյիրմենճեան ընդունելով Երուսաղէմի Պատրիարքարանէն եկած հրաւէրը, շուտով կը ստանձնէ Երուսաղէմի Սուրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի հայերէնի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցչութեան առաջարկը եւ կը պատրաստուի Երուսաղէմ մեկնելու։
Ան այս առթիւ ընկերական շրջանակներէ ներս իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ «Երանի որ ունիցի յիշատակ ի Սիոն» ըսելով։
Յիշենք որ Սեւան Տէյիրմենճեան աւարտելով Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժինը, խոստումնալից ուսուցիչ մը ըլլալով վերադարձած էր Պոլիս։ Ընդհանրապէս նման բարձրագոյն ուսումով օժտուած հայերէնի մասնագէտ ուսուցիչի կարիք զգացող Պոլսոյ վարժարաններուն համար մեծ բարեբախտութիւն մըն էր Տէյիրմենճեանի ուսուցչագործութիւնը։ Ինք եւս տրամադրուած էր այդ առաքելութեան եւ շատ լաւ երկխօսութիւն մը ապահոված աշակերտութեան հետ։ Սակայն իր «Ակօս»ի մէջ գրած քննադատական յօդուածները պատճառ դարձան որ չար միտքեր շարժման անցնին եւ իր պաշտօնավարած դպրոցի վարչութեան սպառնալով պաշտօնազրկեն խոստումնալից ուսուցիչը։
Սեւան Տէյիրմենճեան ուսուցչութեան պաշտօնէն հեռանալէն ետք աշխատակցեցաւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի իբրեւ հայերէն դասերու ուսուցիչ եւ «Արաս» հրատարակչատան իբրեւ խմբագիր։
Ան նաեւ ստանձնած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի խորհրդատուի ծանր ու պատասխանատու պաշտօնը։
Այժմ Երուսաղէմի Պատրիարքարնի հրաւէրով նոր ուղի մը բացուած է մեր ընկերոջ դիմաց եւ այս առթիւ որպէս «Ակօս»ի աշխատակազմ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն այս նոր առաքելութեան մէջ։